ԲԱՐԻՔ ԵՒ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ…
Արարչագործութիւնը ծագում առած է աստուածային բարութենէն։
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ի՛նչ որ ճշմարիտ է, ի՛նչ որ ազնիւ է, ի՛նչ որ արդար է, ի՛նչ որ մաքուր է, ի՛նչ որ սիրելի է, ի՛նչ որ պարկեշտ է, ի՛նչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ ինչ որ գովելի է, թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը». (ՓԻԼ. Դ 8)։ Արդարեւ, ի՛նչ որ ընտիր է, «բարի» է եւ օգտակա՛ր։
Այս իմաստով, առաքինութիւնը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքներ, այլ նաեւ տալու լաւագոյնը իր անձին։ Հոգեւոր եւ զգայնական իր ամբողջ ուժերով, առաքինի անձը կը ձգտի դէպի բարին. կը հետապնդէ եւ կ՚ընտրէ զայն շօշափելի գործերուն մէջ։ Եւ այս ուղղութեամբ. «Առաքինի կեանքին նպատակը կը կայանայ Աստուծոյ նման ըլլալու մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի։ Եւ «Աստուծոյ նմանիլ» կը նշանակէ «Բարի» ըլլալ, քանի որ Աստուած բարի՛ է։
Արդարեւ, մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամուր կեցուածքներն են՝ կայուն տրամադրութիւններ, ունակական կատարելութիւններ, որոնք կը կանոնաւորեն մարդուն արարքները, կը կարգաւորեն անոր կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն իր վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։ Անոնք կը հայթայթեն ինքնազսպում, հակակշռութիւն, դիւրութիւն եւ ուրախութիւն բարոյապէս բարի կեանք մը վարելու եւ վայելելու համար։
Առաքինի մարդը այն է՝ որ ազատօրէն եւ կամովին կը գործէ բարին։
Բարոյական առաքինութիւնները մարդկօրէն ձեռք ձգուած են։ Անոնք բարոյապէս բարի գործերուն պտուղներն են եւ սերմերը. անոնք մարդկային արարածին բոլոր զօրութիւնները կը տրամադրեն հաղորդուելու «աստուածային սիրոյ եւ բարիքին» հետ։
Եւ այս իմաստով, չորս առաքինութիւններ առանցքային դեր կը կատարեն։ Այս իսկ պատճառով անոնք կոչուած են «գլխաւոր առաքինութիւններ»։ Միւս բոլոր առաքինութիւնները կը խմբուին այս չորս գլխաւորին շուրջը։
Գլխաւոր առաքինութիւններն են՝ խոհեմութիւն, արդարութիւն, զօրութիւն եւ ժուժկալութիւն։
«Ուղղամտութիւնը կը սիրէ՞ք. լա՛ւ, առաքինութիւնները պտուղներն են անոր վաստակին, որովհետեւ ան կ՚ուսուցանէ ժուժկալութիւն եւ խոհեմութիւն, արդարութիւն եւ քաջութիւն». (ԻՄԱՍՏ. Ը 7)։
Ուստի, այս առաքինութիւնները յիշուած եւ գովուած են Աստուածաշունչին բազմաթիւ անցքերուն մէջ՝ տարբեր անուններու տակ։ Եւ Յիսուս ալ «քաջութիւն» կը պատուիրէ մարդոց, նեղութիւնները կարենալ յաղթահարելու համար. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33), Ինքն ի՛ր տիպարով։
«Խոհեմութիւն»ը այն առաքինութիւնն է, որ գործնական բանականութիւնը կը տրամադրէ տեսնելու բոլոր պարագաներու մէջ մեր ճշմարիտ բարին եւ ընտրելու արդար միջոցները զայն գործելու. «Խորագէտը կը հսկէ իր քայլերուն». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 15)։
«Արդարութիւն»ը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մերձաւորին ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։
«Զօրութիւն»ը, որ է նաեւ «քաջութիւն», այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջ կ՚ապահովէ վճռականութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններուն դիմադրելու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։
«Ժուժկալութիւն»ը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը չափաւորէ, կը հաւասարակշռէ հրապոյրը հաճոյքներուն եւ հաւասարակշռութիւն կը հայթայթէ արարչութեան բարիքներուն գործածութեան մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 28, 2024, Իսթանպուլ