«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»Ը ԿԸ ՍՈՒ­ՐԱ՜Յ

28 Հոկ­տեմ­բեր 1908՝ իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր յա­րա­տե­ւօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ իր ճամ­բան «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» օ­րա­թեր­թը։ Ան իր ճամ­բան շա­րու­նա­կե­լէ ա­ւե­լի՝ կը սու­րա՜յ ա­րա­գըն­թաց փո­խադ­րա­կան մի­ջո­ցի մը նման՝ ո­րուն նպա­տա­կա­կէտն է՝ ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցա­նել։

Եւ այդ ծա­ռա­յու­թիւ­նը վերջ չու­նի, պէ՛տք է շա­րու­նա­կէ սու­րալ «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ը եւ պէ՛տք է ապ­րի «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ը։ Եւ ո՜ր­քան դիւ­րին է մէկ ան­գա­մէն ը­սել՝ 108 տա­րուան ան­ցեալ մը ու­նի «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» օ­րա­թեր­թը։ Ո՜վ­քեր, ի՜ն­չեր ան­ցեր է այդ պարզ թուան­շա­նին մէ­ջէն՝ 108, գրե­լը, ար­տա­սա­նե­լը երկ­վայր­կեա­նի մը, նոյ­նիսկ ակն­թար­թի մը՝ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի գործ է, բայց կ՚ար­ժէ ան­գամ մըն ալ այդ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը դի­տել «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ի տե­սան­կիւ­նէն։ Ար­դա­րեւ ա­նոր ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը ո՛չ թէ վայր­կեա­նի, երկ­վայր­կեա­նի, այլ դա­րու մը մէջ կա­րե­լի չէ ամ­փո­փել։ Ո՜վ գի­տէ ինչ դէմ­քեր ու դէպ­քեր կը բո­վան­դա­կէ այդ 108 պարզ, հա­մեստ եւ ան­զարդ թուան­շա­նը՝ ին­չե­րու կը վկա­յէ, ամ­բողջ պատ­մու­թեան մը, ժո­ղո­վուր­դի մը ան­ցեա­լին։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ հո՛ս է հա­սա­րա­կաց ծա­ռա­յու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, հո՛ս է խոր­հուր­դը նուի­րու­մի, զո­հո­ղու­թեան, կա­մա­ւոր զրկան­քի ա­ռա­քի­նու­թեան՝ հա­սա­րա­կու­թեան օգ­տին եւ մտա­յին ու հո­գե­կան շա­հուն հա­մար, եւ վե­հանձ­նու­թեան։

Ար­դա­րեւ հա­սա­րա­կաց ծա­ռա­յու­թեան ա­մէն տե­սա­կը նուի­րում եւ անձ­նուի­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ, եւ կար­ծեմ, մա­մու­լը քիչ մը ա­ւե­լին։

Ուս­տի Վիք­թոր Հիւ­կօ կ՚ը­սէ, թէ՝ հոն ուր մա­մուլ կայ, հոն կայ նաեւ Նա­խախ­նա­մու­թեան մա­տը։ Ու­րեմն չա­փա­զան­ցած չենք ըլ­լար ը­սե­լով, թէ՝ մա­մու­լի մի­ջո­ցով ծա­ռա­յու­թիւ­նը աս­տուա­ծա­հա­ճոյ եւ աս­տուա­ծա­սուն գործ մըն է։ Ար­դէն երբ գործ մը կը կա­տա­րուի նուի­րու­մի եւ զո­հո­ղու­թեան զգա­ցում­նե­րով, այդ գոր­ծը աս­տուա­ծա­կերտ գործ մըն է։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, 28 Հոկ­տեմ­բեր 1908 թուա­կա­նին հիմ­նուած «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ը 28 Հոկ­տեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին 108 տա­րուան սե­մին հա­սաւ։

Եւ այս­պէս 108 տա­րե­կան թերթ մը ու­նե­նա­լու հա­ճոյ­քը պար­գե­ւեց ժո­ղո­վուր­դին, մեզ բո­լո­րին։

Հա­զուա­դէպ եւ նոյ­նիսկ ե­զա­կան, ան­բաղ­դա­տե­լի եր­կար տա­րիք մըն է ա­սի­կա Հայ թեր­թի մը հա­մար եւ ին­չո՛ւ չէ՝ մի­ջազ­գա­յին ընդ­հա­նուր մամ­լոյ աշ­խար­հին հա­մար։ Ի­րա­պէ՛ս պատ­մա­կան իւ­րա­յա­տուկ դէպք մըն է 108 տա­րե­կան թեր­թի մը պա­րա­գան։ Եւ ո՜ր­քան բերկ­րա­լի է, որ «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» յա­ջո­ղած է անվ­հատ կեր­պով եւ ա­ռանց յու­սալ­քուե­լու դի­մադ­րել ըն­կե­րա­յին կեան­քի բո­լոր քա­րաբ­լուր­նե­րուն եւ բարձր ա­լիք­նե­րուն եւ նա­ւար­կել մրրկա­լից ծո­վուն վրա­յէն եւ կամ շա­րու­նա­կել սու­րալ զա­նա­զան խո­չըն­դոտ­նե­րով, գայ­թե­րով եւ ան­կում­նե­րով դժուա­րա­ցած կեան­քի ճամ­բուն մէ­ջէն։ Եւ ան, սա պա­հուս, ար­դէն ան­ցած է իր լսնոս­կի հանգ­րուա­նէն, եւ կը շա­րու­նա­կէ սու­րալ՝ ա­պա­հով ու հաս­տատ սլաց­քով մը։ Եւ այս վազ­քը ու­նի մէկ նպա­տակ, որ է՝ ծա­ռա­յել հա­սա­րա­կու­թեան, մտա­ւոր եւ հո­գե­ւոր օ­գուտ պատ­ճա­ռել ժո­ղո­վուր­դին։

Թէ ի՞նչ է իր յա­րա­տե­ւու­թեան, ան­ձան­ձիր տե­ւա­կա­նաց­ման գաղտ­նի­քը։ Իր յա­րա­տե­ւու­թեան թա­քուն խոր­հուր­դը իր ողջ­միտ ու ան­շեղ ու­ղե­գիծն է, որ կը պա­րու­նա­կէ ծա­ռա­յա­սի­րու­թիւն, ան­կեղ­ծու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թիւն եւ հաս­տա­տամ­տու­թի՜ւն։

Ար­դա­րեւ մարդ­կայ­նու­թիւն (=humanisme), մար­դուն ար­ժէք ըն­ծա­յել, մար­դոց մի­ջեւ խտրու­թիւն չնկա­տել, ա­մէն գա­ղա­փար լսել բայց իր հա­ւա­տա­լիք­նե­րէն, ուղ­ղու­թե­նէն չշե­ղիլ, յա­ջո­ղու­թեան նա­խա­պայ­մա՛ն­ներն են։

Այս ի­մաս­տով կա­րե­լի չէ չյի­շել Մ. Ա. Վոլ­թէ­րի սա խօս­քը. «Թէեւ կը հա­կա­ռա­կիմ քու գա­ղա­փար­նե­րուդ, բայց ա­նոնք ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տե­լու ի­րա­ւունքդ ալ կը պաշտ­պա­նեմ ի գին ա­մէն ին­չի»։­

Ա­հա­ւա­սիկ ա­զա­տա­խո­հու­թեան լու­սամ­տու­թեան, յա­ռաջ­դի­մա­կան ըլ­լա­լու ու­ղե­ցոյ­ցը, բա­ցատ­րա­գի­րը։ Եւ «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» այս սկզբուն­քով կրցաւ կան­գուն, հաս­տատ ու ան­խախտ մնալ ամ­բողջ դար մը եւ ա­ւե­լի։

Անդր­դուե­լի, ան­տե­ղի­տա­լի, ան­սա­սան, յա­ճախ միտք չփո­խող զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի տէր մար­դիկ եւ այդ­պի­սի մար­դոց կող­մէ հաս­տա­տուած ու կազ­մուած ըն­կե­րու­թիւն­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ են որ ու­ղիղ կը քա­լեն ի­րենց ճամ­բան եւ ա­նոնք ար­ժա­նի են «ուղ­ղա­միտ» պա­տուա­բեր ա­ծա­կա­նին։ Եւ դար­ձեալ ուղ­ղա­միտ­ներ են որ կը գո­յա­տե­ւեն, կը սու­րան ի հե­ճուկս դժուա­րու­թիւն­նե­րու, ար­գելք­նե­րու եւ խա­փա­նում­նե­րու։ Ա­նոնք են որ կը քա­լեն դէ­պի լոյս, դէ­պի հոն՝ ուր ա­մէն ինչ յստակ է, պայ­ծառ եւ բա­ցա­յա՛յտ։

Այս ուղ­ղու­թեամբ «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» ան­ցեա­լին վրայ՝ 108 տա­րի­նե­րու անջն­ջե­լի, ան­ճի­տե­լի զօ­րեղ շեշ­տը դրած է հայ գի­րին, հայ գրա­կա­նու­թեան, հայ մշա­կոյ­թին, հայ կեան­քին գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման սրբա­զան գոր­ծին վրայ՝ մշա­կե­լով ու զար­գաց­նե­լով ժո­ղովր­դա­յին ա­մէն ազ­նիւ յատ­կա­նիշ­նե­րը։ Ան զարկ տուած է իր կա­րե­լի մի­ջոց­նե­րով եւ տա­րո­ղու­թեան չա­փով բարձ­րաց­նե­լու եւ բարձր պա­հե­լու մտա­յին՝ մշա­կու­թա­յին եւ հո­գե­ւոր վի­ճա­կը ընդ­հան­րա­պէս։ Կը ջա­նայ ար­ծար­ծել ժո­ղո­վուր­դին սէրն ու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը իր հո­գե­ւոր ու մտա­ւոր ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ան կը կա­տա­րէ շատ կեն­սա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն մը՝ ժո­ղո­վուր­դին հո­գին ազ­նուաց­նե­լու եւ միտ­քը զար­գաց­նե­լու նուի­րա­կան գոր­ծին նկատ­մամբ։ Եւ գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման մի­ջո­ցը՝ մշա­կոյ­թը՝ լե­զուն, գի­րը, ա­րուես­տը եւ բո­լոր հո­գե­ւոր ու մտա­յին ար­ժէք­նե­րը միշտ բորբ ու ցայ­տուն կը պա­հէ մա­նա­ւանդ մա­մու­լը, քա­նի որ ա­մե­նէն ա­ւե­լի ան մօտ է ժո­ղո­վուր­դին՝ ա­նոր հետ, ա­նոր մէ­ջը։

Յա­ճախ կը խօ­սինք «հո­գեմ­տա­ւոր» զար­գա­ցու­մի մա­սին եւ ա­հա­ւա­սիկ «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» օ­րա­թեր­թը կ՚ըն­դե­լու­զէ հո­գե­կա­նը եւ մտա­ւո­րը իր ծա­ռա­յա­սէր ըն­թաց­քով եւ կ՚ազ­նուաց­նէ հո­գի­ներ ու կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ միտ­քեր։ Չէ՞ որ «ա­ռաջ­նոր­դող» կը նշա­նա­կէ՝ յօ­դուած, խմբագ­րա­կան…։

Ար­դա­րեւ այս կեր­պով կը պա­հէ իր բա­րո­յա­կան ու հո­գե­կան ան­կա­խու­թիւ­նը՝ մնա­լով հան­դերձ պատ­կա­նած եւ զինք որ­դեգ­րող Պե­տու­թեան հա­ւա­տա­րիմ քա­ղա­քա­ցին։

«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» հայ մշա­կոյ­թի, հայ կեան­քի ըն­դար­ձակ տեղ տա­լով ժո­ղո­վուր­դին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը կը շար­ժէ իր ար­ժէք­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լու, ա­նոնց տէր կանգ­նե­լու պա­հանջ­քին։

«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» եր­բեք «օ­տար» չի հա­մա­րեր ու­րիշ ազ­գե­րու, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կոյ­թը, հո­գե­ւոր եւ մտա­յին ար­ժէք­նե­րը, գրա­կա­նու­թիւնն ու գե­ղա­րուես­տը, քա­նի որ ա­նոնց հետ շփու­մը ո՛չ թէ կը խա­թա­րէ ցե­ղա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րը, այլ մա­նա­ւանդ մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ բաղ­դա­տու­թեան եւ փոխ-ներ­գոր­ծու­թեան մի­ջո­ցով ա­մէն մէկ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման եւ ճո­խաց­ման ու հարս­տաց­ման ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ։

Եւ մա­նա­ւանդ օ­տար ազ­գե­րու մշա­կոյթ­նե­րու ծա­նօ­թա­ցու­մը, մեր­ձե­ցու­մը, մտեր­մու­թիւ­նը ար­գելք կ՚ըլ­լայ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան եւ զա­նա­զան գա­ղա­փա­րա­յին չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րու եւ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու։

Այս ի­մաս­տով ու մօ­տե­ցու­մով «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ» օ­րա­թեր­թը ո՛չ միայն ժո­ղովր­դա­կան, հա­պա միջ­ժո­ղովր­դա­յին՝ հան­րազ­գա­յին թերթ մըն է։ Եւ օ­տար­նե­րու «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ի ըն­թեր­ցող չըլ­լա­լը չի փո­խեր իր մի­ջազ­գա­յին թերթ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, քա­նի որ ան ամ­բողջ աշ­խար­հի բա­ցուած լու­սա­մուտ մը, ըն­դար­ձակ լայ­նար­ձակ բա­ցուածք մըն է։

Ան, գի­տա­կից իր մա­մու­լի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան, մի՛շտ աս­պե­տա­կան վե­հանձ­նու­թեամբ եւ խո­հա­կա­նու­թեամբ մօ­տե­ցած է ա­մէն հար­ցի, միշտ վե՛ր պա­հե­լով մարդ­կա­յին ար­ժա­նի­քը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, զգու­շա­նա­լով զա­նոնք վի­րա­ւո­րե­լու սխա­լան­քէն։

Ան կը գոր­ծէ ու կը քա­լէ միշտ նախ­նի­նե­րէն փո­խան­ցուած եւ հետզ­հե­տէ բար­դուած փոր­ձա­ռու­թեամբ մը։ Իր լուրջ եւ ան­շեղ կե­ցուած­քով, բա­րո­յա­կան ու հո­գե­ւոր ուղ­ղու­թեամբ անհ­րա­ժեշ­տու­թի՛ւն մըն է հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ը։

Եւ բո­լոր իր յատ­կու­թիւն­նե­րով, բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րով պէ՛տք է ապ­րի «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ը, պէ՛տք է գո­յա­տե­ւէ, որ­պէս­զի սե­րունդ­ներ վա­յե­լեն զայն…։

Հոկ­տեմ­բեր 24, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015