ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ՄԵՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐԸ - Բ -

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի Կոն­դա­կը՝ ուղ­ղուած Դպրաց Դա­սե­րուն եւ Երգ­չա­խում­բե­րուն։

Ա­յո՛, «հրեշ­տա­կա­յին եր­գակ­ցու­թիւն» մըն է, ո­րով Դպրաց Դա­սեր եւ Երգ­չա­խում­բեր, հո­գե­ւոր եւ ո­գե­ւո­րուած պա­րակ­ցու­թեամբ, կը փա­ռա­բա­նեն Մեծ-Ե­րաժշ­տա­պետն ու անն­ման Եր­գա­հա­նը՝ Աս­տուած։ Բիւր բիւր կտուց­ներ թռչուն­նե­րուն, սո­խակ­նե­րու եւ սա­րեակ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, չեն կա­րող մրցիլ խումբ մը եր­գիչ­նե­րու բե­րան­նե­րուն հետ, երբ ա­նոնք կը բա­ցուին լու­սե­ղէն մատ­նե­րու հպու­մո­վը Ա­մե­նա­կա­լին։

Նա­խընտ­րե­լի են, ան­շուշտ, հո­գե­կան վա­յելք­նե­րը՝ աշ­խար­հիկ հա­ճոյք­նե­րէն։ Չենք ու­զեր ը­սել, թէ հրա­ժա­րիլ պէտք է այս վեր­ջին­նե­րէն։ Ա­նոնք ալ ու­նին ի­րենց շի­նիչ դե­րը, երբ ձեռք կը բե­րուին օ­րի­նա­ւո­րա­պէս եւ պար­կեշ­տօ­րէն, ա­ռանց ա­րա­տա­ւո­րե­լու պա­տի­ւը եւ խա­թա­րե­լու բա­րո­յա­կան նկա­րա­գի­րը բա­նա­կան էա­կին։

Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կու տայ այդ վա­յել­քը, իր խորհր­դազ­գած տպա­ւո­րու­թեամ­բը, երբ կը կրէ օ­ծու­թիւ­նը սրբա­զան եր­գե­ցո­ղու­թեան, եւ իր սրտա­խօ­սիկ ազ­դե­ցու­թեամ­բը, երբ ու­նի շուն­չը -տա­ղան­դա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու հո­գիէն ար­ձա­գան­գած- աշ­խար­հիկ հա­մեր­գու­թեանց կամ ժո­ղովր­դա­կան կո­չ-ւած եր­գե­րուն։ Չենք խօ­սիր այն եր­գե­րու մա­սին՝ ո­րոնց­մէ ծո­րած մեղ­կու­թիւ­նը կ՚ըն­դար­մաց­նէ ե՛ւ ջի­ղե­րը, ե՛ւ հո­գին։

Ի­րա­կան կամ ճշմա­րիտ Եր­գը կու տայ ան­մեր­ժե­լի վա­յել­քը, նման խօս­քին՝ որ, բա­նաս­տեղ­ծա­կան հիւ­սուած­քով մը, կը գե­րէ սիրտն ու միտ­քը միան­գա­մայն, եւ նման գոյ­նե­րուն եւ գի­ծե­րուն, ո­րոնց­մով նկար­չու­թիւ­նը մար­մին կը հագց­նէ՝ ի­րե­րուն կեանք տուող կամ ա­նոնց խո­րը թաք­նուած կեան­քը լոյ­սի բե­րող ա­րուես­տա­գէ­տին տե­սիլ­նե­րուն։

Ա՛յս­պէս են բո­լոր գե­ղա­րուեստ­նե­րու ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մէջ հո­գին կը բա­ցուի, կը պար­զուի իր ամ­բողջ ազ­նուա­կան ու հմա­յիչ ծալ­քե­րովն ու ե­րես­նե­րո­վը։ Աս­տուա­ծա­յին խոր­հուր­դի մը յայտ­նու­թիւն­ներն են ա՛յդ ա­մէ­նը, որ ըմ­բոշխ­նել կու տան մե­զի հո­գե­կան ճշմա­րիտ վա­յել­քը։ Եւ այս բո­լո­րին վրայ խօ­սուն ծիա­ծա­նի մը պէս կը ծա­ծա­նի ու կը կա­մա­րուի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը իր ա-նըս­պառ ե­րանգ­նե­րով։

Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք «ու­թը ձայն»ե­րը, բազ­մա­զան աս­տի­ճան­նե­րու եւ ե­լե­ւէջ­նե­րու ըն­դե­լու­զում­նե­րով ու դա­սա­ւո­րում­նե­րով, ո­րոնց­մով եր­գե­րու տի­պար­ներ եւ գլուխ-գոր­ծոց­ներ կու գան կեան­քի։

Յի­շե­ցէ՛ք՝ յի­շեց­նեմ ձե­զի մեր հի­նե­րէն, - Կո­մի­տաս կա­թո­ղի­կոս­ներ, Սիւ­նե­ցի Ստե­փա­նոս­ներ, Սիւ­նե­ցի Սա­հա­կա­դուխ­տեր, Գողթ­նե­ցի Խոս­րո­վի­դուխ­տեր, Խա­չա­տուր Տա­րօ­նե­ցի­ներ, Շնոր­հա­լի­ներ, ե­ւայլն. նո­րե­րէն, - Գա­րա­մուր­զա­ներ, Եկ­մա­լեան­ներ, ան­զու­գա­կան Կո­մի­տաս վար­դա­պետ­ներ եւ աշ­խար­հահռ­չակ Ա. Խա­չա­տու­րեան­ներ։ Փայ­լուն հա­մաս­տե­ղու­թիւն­նե­րը մեր ե­րաժշ­տու­թեան։

Յի­շե­ցէ՛ք նաեւ օ­տար­նե­րէն, միեւ­նոյն ա­րուես­տի դա­սա­կան ու նոր եղ­բայ­րա­կից­նե­րէն՝ Պա­խեր, Պե­թո­վէն­ներ, Մո­ցարտ­ներ, Հայ­տըն­ներ, Վակ­ներ­ներ, Լիսցդ­ներ, ե­ւայլն։

Ա­սոնք բո­լորն ալ «աս­տուա­ծա­րեալ»ներ են ե­ղած, այ­սինքն՝ «աս­տուա­ծա­յին ո­գիով զար­նուած»ներ, ո­րոնք ի­րենց ե­րաժշ­տա­կան -ձայ­նա­կան եւ գոր­ծիա­կան- գլուխ-գոր­ծոց­նե­րով, հրա­շա­կերտ­նե­րով ճո­խա­ցու­ցեր են գե­ղա­րուս­տա­կան գան­ձա­րա­նը եր­գին ու նուա­գին։

Կը գրեմ այս տո­ղե­րը ձե­զի, որ­պէս­զի ա­ռա­ւել եւս գիտ­նաք ար­ժէ­քը ե­րաժշտու­թեան եւ եր­գին, եւ ձեր մէջ արթննայ ու զօ­րա­նայ գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տե­լու զա­նոնք եւ ներշն­չուե­լու ա­նոնց­մով։ Եւ այս կա­րե­լի է միայն ու միայն, երբ եր­գը կը բխի ձեր ներ­քին խո­րա­գոյն ապ­րում­նե­րէն, ու­րիշ բա­ցատ­րու­թեամբ, երբ ձեր նե­րաշ­խար­հին մէջ սրտա­գին ապ­րում­ներ դառ­նան բո­լոր այն ներշն­չում­նե­րը՝ ո­րոնք ձեր շրթնե­րու կշռա­ւոր չա­փա­զան­ցու­թեամբ ու շար­ժում­նե­րով վե­րածուին ներ­դաշ­նակ եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րու։ Բայց ա­սոր հա­մար ալ դուք ո՛չ միայն պար­տիք լրջօ­րէն մշա­կել ձեր ձայ­նա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւ­նը ե­րաժշտա­կան ճշգրիտ կա­նոն­նե­րու հա­մա­ձայն, այլ նաեւ ու­նե­նալ ամ­բող­ջա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը խօս­քե­րու ի­մաս­տին եւ չար­տա­սա­նել զա­նոնք թու­թա­կա­բար։

Ս. Պա­տա­րա­գը, օ­րի­նակ, ի­մաս­տա­լից եւ շա­րա­յա­րեալ հիւ­սուածք մըն է խորհր­դա­շունչ ա­ղօթք­նե­րու, քա­րոզ­նե­րու եւ եր­գե­րու։ Ար­տա­սա­նե­լու կամ եր­գե­լու հա­մար զա­նոնք «հոգ­ւով», հարկ է թա­փան­ցել ա­նոնց ներ­քին ան­կո­րուստ ար­ժէ­քին, ո­գիին, խո­հուն ինք­նան­փո­փու­մով եւ զգաստ զուար­թամտու­թեամբ, ճա­շա­կել կա­րե­նա­լու հա­մար ա­նոնց ան­փո­խա­րի­նե­լի քաղց­րու­թիւ­նը, փո­խադ­րուե­լու եւ ապ­րե­լու հա­մար պահ մը հո­գե­կան աշ­խար­հի մէջ՝ բո­վան­դակ էու­թեան զգօն լա­րուա­ծու­թեամբ։

Այս բո­լո­րը կա­րող էք զգալ, երբ գի­տակ­ցա­բար եւ յօ­ժա­րա­կամ կը խո­րա­նաք Եր­գի խոր­հուր­դին մէջ, գտնե­լու հա­մար հոն աս­տուա­ծա­յին Ո­գին եւ մարդ­կա­յին Հո­գին գիր­կընդ­խառ­նուած ի­րա­րու եւ հայ­րա­կան եւ որ­դիա­կան փո­խա­դարձ սի­րով մը կա­պուած մէկ­մէ­կու։ Ա­սի­կա ձեր մէջ կը ստեղ­ծէ նոյն ա­տեն եղ­բայ­րա­կան եւ ըն­կե­րա­կան հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ հա­մա­կե­ցու­թեան զօ­րա­ւոր եւ ան­քակ­տե­լի կապ մը։

Խօ­սե­ցայ ձե­զի  ներշն­չում­նե­րու եւ ապ­րում­նե­րու մա­սին։ Եւ ի՜նչ հո­գե­պա­րար ներշն­չում­նե­րու եւ խո­րունկ ապ­րում­նե­րու կը հան­դի­պիք դուք Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ եր­գե­րուն եւ շա­րա­կան­նե­րուն մէջ։ Դա­ւի­թի տա­ւի­ղին մօտ, որ օրհ­նու­թիւն­ներն  ու սաղ­մո­սեր­գու­թիւն­նե­րը կ՚ո­գէ Եա­հուէին, մերթ ա՜յն­քան բարձր թռիչ­նե­րով՝ մին­չեւ երկ­նա­կա­մա­րի աստ­ղե­րը՝ կար­դա­լու հա­մար փառ­քը «զօ­րու­թեանց Տէր»ին եւ մերթ խո­րա­մուտ խո­յա­ցու­մով՝ մին­չեւ սրտի ալ­քե­րը՝ գտնե­լու հա­մար հոն «Բար­ձեա­լը», -կայ մեր Շնոր­հա­լիի քնա­րը, որ­մէ լու­սա­ծին ցնցու­ղի մը նման կը հո­սին խօս­քերն ու ձայ­նա­խա­զե­րը, մերթ ա՜յն­քան պարզ ու փափ­կահն­չիւն եւ մերթ ա՜յն­քան ո­ղո­քիչ ու գրա­ւիչ, մին­չեւ զԱս­տուած իր «նինջ»էն իսկ զար­թու­ցա­նող շնոր­հա­լի շեշ­տով, «Զար­թի՛ր, ըն­դէ՞ր ննջես, Տէ՛ր…»։

­Ճա­շա­կե­ցէ՛ք, սի­րե­լի­ներ, ճա­շա­կե­ցէ՜ք եւ դուք, Ս. Պա­տա­րա­գի լոյ­սին հետ, նաեւ մեղ­րի խա­րիս­խէն ա­ւե­լի քաղցր շո­ղե­րը մեր այս ան­զու­գա­կան հայ­րա­պե­տին, ծա­ւա­լած իր «Ա­ռա­ւօտ լու­սոյ»ին «Աշ­խարհ ա­մե­նայն»ին, «Նո­րաս­տեղ­ծեալ»ին, «Նո­րահ­րաշ պսա­կա­ւոր»ին եւ իր լու­սագր­չի բո­լոր հե­ղում­նե­րուն մէջ, ո­րոնց­մով մեր Ե­կե­ղեց­ւոյն ոս­կե­ղէն սա­փո­րին մա­նա­նան է ա­ռա­տա­ցած։ Հա­պա իր Ա­րե­ւա­գա­լի լու­սեր­գու­թիւն­նե՞­րը, ո­րոնց քաղց­րու­թիւնն ու ար­ժէ­քը - ան­կեղ­ծու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նամ դի­տել տա­լու, թէ - չէ զգա­ցուած ու գնա­հա­տուած ըստ ար­ժան­ւոյն։ Ա­րուես­տէն ա­ւե­լի, ա­րուես­տա­կու­թիւն մը այդ եր­գե­րը դար­ձու­ցեր է աշ­խար­հիկ եր­գե­րու եր­կա­րա­ձիգ ո­լո­րա­կում­նե­րու, խա­ղե­րու, շեշ­տա­ւո­րում­նե­րու եւ կլկլա­ցում­նե­րու յոգ­նե­ցու­ցիչ եւ թմրե­ցու­ցիչ ընդ­խառ­նում մը, դա­տար­կաց­նե­լով զա­նոնք ի­րա­կան ներշն­չա­կա­նու­թեան մը կեն­դա­նի հուր­քէն։ Անհ­րա­ժեշտ է, որ ա­նոնք մեր­կա­նան ա­ւան­դա­մո­լու­թեան, ա­ւան­դա­մո­լա­կան այն ան­հա­րա­զատ ներ­մու­ծում­նե­րէն՝ ո­րոնք շա՛տ են հե­ռա­ցած շնոր­հա­լիա­կան քաղց­րա­նուագ ո­գիէն։

Կա՛յ նաեւ բո­լոր լոյ­սը Նա­րե­կա­ցիին, այդ աս­տուա­ծա­շունչ քնա­րեր­գակ-ող­բեր­գա­կին, որ գի­տէ խօ­սիլ ու խօ­սակ­ցիլ «ի խո­րոց սրտից» տիե­զե­րա­կան Հո­գիին հետ, ա­նով տիե­զե­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար նաեւ ի՛ր սիր­տը, լի զգա­ցում­նե­րու դառ­նա­նու­շու­թեամբ, որ­պէս­զի ան բա­բա­խէ բո­վան­դակ մարդ­կու­թեան հո­գե­կան տա­ռա­պանք­նե­րուն հա­մար…։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 16, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2015