ՍՆԱՊԱՐԾՈՒԹԻՒՆ

Մարդ շատ մը հնարք­նե­րո­վը ու գիւ­տե­րո­վը կը պար­ծե­նայ, կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու ինք­նա­խա­բէու­թեամբ ինքն իր­մով կը հպար­տա­նայ։ Եր­բեմն ալ կեան­քին գաղտ­նի­քը լու­ծած կար­ծե­լով՝ վտան­գա­ւոր հո­սանք­նե­րու կ՚են­թար­կուի եւ երե­ւա­կա­յու­թեան ա­լիք­նե­րէ տա­րուե­լով կը կորսնց­­նէ ինք­զինք սուտ աշ­խար­հի մը մէջ։ Մարդ չի գի­տեր, որ «ան­լու­ծե­լի»նե­րու աշ­խար­հի մը մէջ կեանք մը կ՚ապ­րի, կեա՛նք մը՝ որ ինք­նին «ան­լու­ծե­լի» է, գաղտ­նիք մըն է իր բո­լոր ե­րես­նե­րով։ Նախ չ՚անդ­րա­դառ­նար, որ նոյն ինքն «գաղտ­նիք» մըն է ան­լու­ծե­լի, եւ տա­կա­ւին ան­լու­ծե­լի՝ կը կար­ծէ լու­ծել աշ­խար­հի եւ կեան­քի գաղտ­նի­քը։ Գիւ­տեր, հնարք­ներ բո­լորն ալ կը խա­բեն զինք, եւ կը կար­ծէ, միայն կը կար­ծէ «կա­տա­րեալ» ըլ­լալ։

Եւ մարդ կեան­քին մեծ գաղտ­նի­քին մէջ՝ փոքր ու անն­շան գիւ­տեր կա­տա­րած կար­ծե­լով կը պար­ծե­նայ, կը հպար­տա­նայ։ Ի­մաս­տուն միտ­քը կ՚ը­սէ՝ թէ մարդ կը ծրագ­րէ եւ Բնու­թիւ­նը կը ծի­ծա­ղի, քա­նի որ այդ ծրա­գի­րը մար­դու­նը չէ, այլ՝ Բնու­թեա՛ն։

Մարդ կը հպար­տա­նայ իր մե­ծու­թեամբ, բայց ե­թէ փոր­ձէ բաղ­դա­տել իր մե­ծու­թիւ­նը ճշմա­րիտ Մե­ծու­թեան հետ՝ իր բարձ­րու­թիւ­նը ի­րաւ Բարձ­րու­թեան հետ, պի­տի անդ­րա­դառ­նայ իր փոք­րու­թեան ու ցա­ծու­թեան՝ իր ի­րա­կան դիր­քին, որ սահ­մա­նուած է ի­րեն ստեղ­ծա­գո­րծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րով։

Բայց երբ մարդ անդ­րա­դառ­նայ ամ­բողջ Բնու­թեան մէջ իր դիր­քին, պի­տի տես­նէ՝ թէ սա մանտր­տիկ թռչունն իսկ կը խնդայ իր վրայ եւ կը վախ­նամ, հեգ­նէ ա­նոր պար­ծեն­կո­տու­թիւ­նը։ Ուս­տի թռչնա­կի մը ամ­բողջ կազ­մա­խօ­սու­թիւ­նը եւ ամ­բողջ կեան­քը գաղտ­նիք­նե­րու «գիրք» մըն է՝ գիրք մը որ ո՛չ ոք կրցած է լու­ծել մին­չեւ այ­սօր…։

Ան­շուշտ դիւ­րին է մէկ ջու­րով լուալ հար­ցը եւ տժգոյն, տկար բա­ցատ­րու­թեամբ մը ը­սել, թէ թռչուն­նե­րը տրա­մա­բա­նու­թեամբ չէ՛ որ կը վա­րեն ի­րենց կեան­քը, հա­պա՝ ծնա­յին-ժա­ռան­գեալ «բնա՛զդ»ով։ Լաւ ու­րեմն, հարց­նենք, ի՞նչ է բնազ­դը։ Ամ­բողջ գիրք մըն ալ գրուի, ինչ­պէս գրուած են քա­նի՜ գիր­քեր, հա­տոր­ներ, տա­կա­ւին գաղտ­նի­քը կը մնայ «ան­լու­ծե­լի գաղտ­նիք»։

­Մի­թէ կա­րե­լի՞ է ո­րե­ւէ նմա­նա­տիպ գաղտ­նիք լու­ծել Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւ­նը ան­տե­սե­լով, կամ ը­սենք, ու­րա­նա­լով։

Ար­դա­րեւ «հպար­տու­թիւն» է սնա­փա­ռու­թիւ­նը՝ որ կ՚են­թադ­րէ ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւն, գո­ռո­զու­թիւն, փա­ռա­սի­րու­թիւն, ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւն։ Ուս­տի այն մար­դը, որ հպարտ է ինք­ն իր­մով, ինք­նա­հա­ւան, կ՚ան­տե­սէ աստուա­ծա­յին ու­ժին եւ կ՚ու­րա­նայ զԱյն։ Իսկ ա­ռանց Աս­տու­ծոյ կա­րե­լի չէ լու­ծել ո­րե­ւէ հարց։ Ա­հա­ւա­սիկ մարդ երբ կը կար­ծէ լու­ծել ո­րե­ւէ խնդիր ա­ռանց աս­տուա­ծա­յին ու­ժին, ա­պա ու­րեմն ս­­նա­փա­ռու­թեան ախ­տին մէջ է, քա­նի որ ան­գի­տա­կից է նոյն ինքն իր էու­թեան, իր ի­մա­ցա­կան գո­յու­թեան։

Սնա­փառ մար­դը հպա՛րտ մարդ է, եւ կ՚ար­հա­մար­հէ բո­լոր իր շուրջ գտնուող­նե­րը, չ՚ըն­դու­նիր «ու­րիշ»ի գո­յու­թիւ­նը։ Կեր­պով մը՝ ինք­նա­կեդ­րոն է, որ կ՚ապ­րի միայն ու միայն ի­րե՛ն հա­մար, կը գոր­ծէ միայն իր «Ես»ին հա­մար, մեր­ժե­լով միշտ «ու­րիշ»ը, «ու­րի­շի գո­յու­թիւ­նը»։­

Ուս­տի պէտք է խո­նար­հիլ՝ անդ­րա­դառ­նալ, թէ մի­նակ չեն այս աշ­խար­հի վրայ։ Մի­նակ չեն իրա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տու­թեան վա­յե­լու­մի մէջ։

Սնա­փա­ռը կը կար­ծէ, թէ միշտ ի՛նքն է ճշմարի­տը, իր ը­սածն է ճշմար­տու­թիւ­նը եւ վեր­ջա­պէս ի՛նքն է միակ ճիշ­դը այս աշ­խար­հի վրայ…։

Ար­դա­րեւ Բնու­թեան մէջ ա­մէն գաղտ­նիք Աս­տու­ծոյ էու­թեան մէջ է, եւ կա­րե­լի է լու­ծել դար­ձեալ, Աս­տու­ծոյ ի­մաս­տու­թեամբ։ Ան­շուշտ յար­գե­լով գի­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ ա­ռանց ան­տե­սե­լու, թէ գի­տու­թիւ­նը կը փոր­ձէ, կը քննէ եւ յե­տոյ կը հաս­նի ճշմար­տու­թեան, ինչ որ շատ ան­գամ հաս­տատ չ՚ըլ­լար ար­դիւն­քը, իսկ Աս­տու­ծոյ ի­մաս­տու­թեամբ, հա­ւատ­քով, մարդ ուղ­ղա­կի՛ կը հաս­նի ճշմար­տու­թեան եւ միշտ հաս­տա՛տ ար­դիւն­քով։ Ուս­տի գի­տու­թիւ­նը եւ Աս­տու­ծոյ ի­մաս­տու­թիւ­նը կը հաս­նի նոյն նպա­տա­կին՝ մին խնդրա­կան եւ միւ­սը՝ բա­ցար­ձա՛կ ճշմար­տու­թեան միշտ։

Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ը­սինք, սի­րե­լի բա­րե­կամ ըն­թեր­ցող­ներ, մար­դուս խոր­հե­լու, դա­տե­լու, ո­րո­շե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը ա­պա­ցոյց մըն է Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան ու Իր ի­մաս­տու­թեան ներ­կա­յու­թեան ու գոր­ծօն դե­րին՝ մարդ էա­կին մէջ ան­հա­տա­պէ՛ս։

Հոս կ՚ու­զենք հարց­նել. ար­դեօք շա՞տ ար­տա­ռոց պի­տի ըլ­լար յան­գիլ այն են­թադ­րու­թեան, թէ թռչուն­նե­րու բնազդն ալ ա­պա­ցո՛յց մըն է դար­ձեալ աս­տուա­ծա­յին մէկ ու­ժին՝ որ թռչուն­նե­րուն եւ բո­լոր միւս կեն­դա­նի­նե­րու մէ՛ջ է։

Յա­մե­նայն­դէպս, Աս­տու­ած նոյ­նա­ցած է իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին հետ, ա­նոր մէջ կ՚ապ­րի, ան­կէ ան­ջա­տուած, ան­կէ անկախ «Ուժ» մը չէ՛։ Այս­չափ մըն ալ «աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւն» այս նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Թռչուն­նե­րը երբ ա­ւար­տեն ի­րենց «հա­մերգ»ը՝ կը լռեն, ո՛ւր կը կե­նան, ո՛ւր կը քա­շուին, ի՛նչ կ՚ը­նեն, գիտ­նալ կա­րե­լի չէ եր­բեք։ Թե­րեւս իրենց ա­նօ­թի փո­րի­կը կշտաց­նե­լու ե­տե­ւէ կ՚ըլլան, կամ օ­րուան տօ­թէն փա­խե­լով, կ՚ա­պաս­տա­նին, կը պատս­պա­րուին տե­րե­ւա­խիտ ծա­ռի մը մէջ պա­հիկ մը հանգս­տա­նա­լու հա­մար։

Այ­սու­հան­դերձ, թռչուն ըլ­լալ ինք իսկ ժխտում մըն է՝ հա­կա­սու­թիւն մը հան­գիս­տի գա­ղա­փա­րին։

Ցե­րե­կուան լոյ­սին մէջ հանգ­չիլ ան­կա­րե­լի է թռչու­նի մը հա­մար։

Երբ այս «եր­գիչ»նե­րը լռեն, մէյ մըն ալ լռու­թիւ­նը կը խզուի տաղտ­կա­լի կռիչ­նե­րո­վը ագ­ռաւ­նե­րու։

Կռի­չին եւ եր­գին մի­ջեւ հա­կադ­րու­թիւ­նը ա՜յն­քան սուր է որ­քան «սիմ­ֆո­նիք» նուա­գա­խում­բի մը եւ «ճազ»ի մի­ջեւ։

Եւ թռչնա­կան աշ­խար­հի այս ե­րե­ւոյ­թը կրկնուած կը տես­նենք մար­դոց մէջ ա­մէն օր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 29, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015