ՀՐԱՇՔԻ ԴԱՐԸ ՉԷ՛ ԱՆՑԱԾ

«Բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ զԱստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար որոնք տեսեր էին». (ՂՈՒԿ. ԺԹ 37)։

Չէ՛ անցած հրաշքի դարը, եւ ոչ ալ կ՚անցնի. ուստի պէտք է իրատես ըլլանք եւ վստահինք Տէր Յիսուսի։ «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ պիտի փրկուիս». (ԳՈՐԾՔ. ԺԶ 31)։

Մարդիկ, ընդհանրապէս, չեն փափաքիր հրաշք տեսնել. հրաշք տեսնելը, երբեմն, մարդոց կարծես անհանգստութիւն կը պատճառէ։ Արդարեւ, Աւետարանը կը վկայէ, թէ Յիսուս Քրիստոսի հրաշք գործելը փոխանակ իշխանները ուրախացնելու, անոր մասին լաւ խորհելու առաջնորդելու՝ զանոնք բարկացուց, թշնամացուց եւ մահավճիռ տալու առաջնորդեց։ Բայց կեանքը հրաշքներով լեցուն է՝ եթէ մենք անդրադառնալու եւ ընդունելու պատրաստ ըլլանք։

Արդարեւ, բնութեան ամէն երեւոյթ արդէն հրաշք է, ինչպէս կ՚ըսէ Վոլթէր։ Ուստի, գոց աման մը չի կրնար ջուրի աղբիւրէն օգտուիլ. ոչ ալ հակառակ կողմէն անոր մէջ ջուր կը լեցուի։ Պէտք է նախ բանալ, յետոյ զայն շիտակ տեղաւորել հոսող աղբիւրին դիմացը՝ որպէսզի ջուրով լեցուի։ Նոյնպէս, նախ պէտք է հաւատալ, ապա սպասել, որ Աստուած հրաշք գործէ։ «Հոն շատ հրաշքներ չգործեց անոնց անհաւատութեան պատճառով». (ՄԱՏԹ. ԺԳ 58)։

Մարդոց անհաւատութիւնը արգե՛լք է Յիսուսի հրաշք գործելուն։ Հրաշքի նախապայմա՛նն է հաւատալը, ապա թէ ոչ անկարելի՛ է մեր շուրջը ամէն ատեն կատարուող հրաշքները տեսնել։ Մարդիկ, մութին մէջ, եթէ կրակ մը վառի, իրենց շուքը կը տեսնեն, երբ լոյսին ելլեն՝ իրենց աչքը կը շլանայ եւ ո՛չինչ կը տեսնեն պահ մը, բայց եթէ լոյսին վարժուին՝ ճշմարիտ մարդոց երբ նային՝ անոնք շուք կը կարծեն, ինչպէս Սոկրատ կը պատասխանէ Քլաւտոսին։

Մեր կեանքին մէջ միշտ անակնկալներ կրնան պատահիլ. անոնց մէջ պէտք է հասկնալ Աստուծոյ կամքը՝ որ կարելի է հաւատքին լոյսով տեսնել։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ յաճախ չենք կրցած հասկնալ Աստուծոյ խօսքը՝ կամքը եւ չենք անդրադարձած հրաշքի ճշմարտութեան։

Ուստի, ճշմարիտ եւ անկեղծ հաւատքով հաւատանք, եւ պիտի անդրադառնանք, պիտի տեսնենք մեզի եւ մեր շուրջը պատահած հրաշքները՝ Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը Իր ամբողջ կենդանութեամբ եւ պիտի վայելենք Իր բարիքները։ Գիշեր ատեն Յիսուսի քով եկաւ հրեաներու իշխանը՝ Նիկոդէմոս եւ խոստովանեցաւ, թէ ըստ իր տեսած հրաշքներուն, Աստուած Յիսուսի հետ էր. այսինքն՝ Աստուած Յիսուսին կարողութիւն պարգեւած ըլլալուն արդիւնքն է, որ Ան կրնայ հրաշքներ գործել։ Յիսուս այս մարդուն տեսակէտը չվաւերացուց։ Եւ անոր ըսաւ. «Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տեսնել». (ՅՈՎՀ. Գ 31)։

Ուստի, հրաշքները տեղի կ՚ունենան Աստուծոյ Թագաւորութեան ծիրէն ներս, ինչպէս ձգողական-քաշողական զօրութեան ազդեցութիւնը երկրի ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ։

Եւ այս տիեզերական ձգողական-քաշողական զօրութիւնը, որքան ալ գիտականօրէն բացատրուի եւ բացատրուի, ըստ էութեան, աստուածային ստեղծագործութեան  ընդհանուր ծրագրին մէջ հրաշք մը չէ՞։

Ո՜վ կրնայ ուրանալ ասիկա…

Եւ մարդ, միայն իր մտային զօրութեան վստահի, ո՜րքան կը յաջողի կատարել այդ մեծ «հրաշք»ը։ Եւ մարդը՝ «յանցանքներու եւ մեղքերու մէջ մեռած» մարդը, իր թերութիւններով, իր տկարութիւններով եւ անկատարութեամբ ի՞նչպէս կրնայ հասնիլ Աստուծոյ ամենակարողութեան եւ ամենազօրութեան՝ որոնց հետեւանքն է հրաշքը։ Այսպէս, ան հրաշքը կը վերագրէ պարզ դիպուածի մը, պատահական դէպքի մը կամ բնութեան մէկ «խաղ»ին, եւ անշուշտ, ի վերջոյ կ՚ուրանայ զայն…

Հաւատա՛նք եւ պիտի տեսնենք հրաշքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 28, 2024, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2024