ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՐԺԷՔ ՄԸ

«Այո՛,- հրեշտակային երգեցողութիւն մըն է, որով դպրաց դասեր եւ երգչախումբեր, հոգեւոր եւ ոգեւորուած պարակցութեամբ, կը փառաբանեն Մեծ Երաժշտապետն ու աննման Երգահանը՝ Աստուած։ Բիւր բիւր կտուցներ թռչուններուն, սոխակներու եւ սարեակններու առաջնորդութեամբ, չեն կարող մրցիլ խումբ մը երգիչներու բերաններուն հետ, երբ անոնք կը բացուին լուսեղէն մատներու հպումովը Ամենակալին։

«Նախընտրելի են, անշուշտ, հոգեկան վայելքները՝ աշխարհիկ հաճոյքներէն։ Չենք ուզեր ըսել, թէ հրաժարիլ պէտք է այս վերջիններէն։ Անոնք ալ ունին իրենց շինիչ դերը, երբ ձեռք կը բերուին օրինաւորապէս եւ պարկեշտօրէն, առանց արատաւորելու պատիւը եւ խաթարելու բարոյական նկարագիրը բանական էակին։

«Երաժշտութիւնը կու տայ այդ վայելքը, իր խորհրդազգած տպաւորութեամբը, երբ կը կրէ օծութիւնը սրբազան երգեցողութեան, եւ իր սրտախօսիկ ազդեցութեամբը, երբ ունի շունչը տաղանդաւոր արուեստագէտներու հոգիէն արձագանգած աշխարհիկ համերգութեանց կամ ժողովրդական կոչուած երգերուն…»։

Ահաւասի՛կ, այն տողերը երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի՝ դպրաց դասերու եւ երգչախումբերու ուղղուած 24 մայիս 1953 թուակիր Կոնդակէն։

Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը իր անցեալով եւ ներկայով որքա՜ն կը յարմարի Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի վերոյիշեալ արտայայտութիւններուն։

Մանաւանդ, այն հարցին մէջ, թէ՝ Լուսաւորիչ երգչախումբի ամբողջ օգտաշատ գործունէութիւնը հրաշալի կերպով կրցած է ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել «հոգեւոր»ը եւ «աշխարհիկ»ը։ Արդարեւ, թէ՛ անհատական, թէ՛ ընկերային կեանքին մէջ կենսական կարեւոր հարց մըն է հոգեւորը եւ աշխարհայինը ներդաշնակել եւ կարենալ հաշտեցնել, քանի որ մարդ թէ՛ մարմնաւոր, թէ՛ հոգեւոր էակ մըն է եւ անհրաժեշտ է հոգին եւ մարմինը համընթաց ըլլան…

Ահաւասի՛կ, Լուսաւորիչ երգչախումբի ամենամեծ ե՛ւ կարեւորութիւնը եւ արժէքը այս ներդաշնակութիւնը հաստատած եւ գործադրած ըլլալուն մէջ է։ Անշուշտ կարելի չէ անտեսել երգչախումբին երաժշտական արժէքը եւ ընկերային կեանքի մէջ ունեցած նպաստաւոր ծառայութիւնը։

Եւ այս տրուպ գրիչը մեծ հաճոյք եւ պատիւ կը զգայ, աւելի քան քսան տարի Լուսաւորիչ երգչախումբի հետ Եկեղեցւոյ ծառայած ըլլալու առիթը ունեցած ըլլալուն համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024