ԲԱՑՈՒԱԾ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

«Մէկշաբթի օրը Մարիամ Մագդաղենացի առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ գերեզման կ՚երթայ եւ կը տեսնէ որ քարը գերեզմանին դռնէն վերցուած է։ Անմիջապէս կը վազէ կ՚երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր եւ կ՚ըսէ անոնց. -Տէրը գերեզմանէն վերցուցին եւ չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա». (ՅՈՎՀ. Ի 1-2)։

Շաբաթ օրը, երեկոյեան, երբ կ՚երեւի առաջին աստղը, շաբաթը կը լրանայ. կեանքը կը վերսկսի մի քանի ժամուայ համար, նախքան գիշերը վրայ կը հասնի. առեւտրականներ հետզհետէ կը բանան իրենց խանութներու փեղկերը եւ դռները։

Երեք կին, որոնք մէկ օր առաջ հեռուէն կը նայէին Գողգոթայի Խաչեալին (ՄԱՐԿ. ԺԵ 40), կ՚երթան կ՚առնեն անհրաժեշտ խունկերը եւ օծանելիքները՝ Յիսուսի դիակին վրայ կատարելու համար թաղման ծէսը, որ կարելի եղած չէր կատարել նախորդ օրը։

Բայց գերեզման երթալու համար պէտք էր սպասել կիրակի առաւօտեան՝ երբ արդէն լոյսը բացուած կ՚ըլլար։

Ուստի, հետեւեալ օրը, ճամբայ կ՚ելլեն. ուրիշ նպատակ չունին, քան կատարել իրենց պարտականութիւնը մեռած մարդու նկատմամբ։ Անոնց միակ մտահոգութիւնն է կարողանալ մուտք գործել գերեզման, որ ժայռի մէջ փորուած տեսակ մը քարանձաւ՝ քարայր է, ուր դրուած է Յիսուսի մարմինը, եւ որու մուտքը փակուած է շատ մեծ կլոր քարով մը։ Արդարեւ, շատ մարդիկ հարկաւոր է այդպիսի քար մը տեղաշարժելու համար. (ՄԱՐԿ. ԺԶ 3)։ Ուրեմն, ի՞նչ պէտք է ընէին, կը հարցնէին զիրար։

Անոնք այս մռայլ միտքերով տարուած էին, երբ տեղի կ՚ունենայ յարութիւնը շլացուցիչ լոյսի մէջ, ինչպէս նորածագ արեւը, որ կ՚երեւէր հորիզոնին վրայ. (ՄԱՐԿ. ԺԶ 2)։

Եւ ահաւասի՛կ անկարելին կատարուած էր։

Քարը գլորուած է. գերեզմանը՝ բաց, դիակը՝ անհետացա՛ծ։ Այնտեղ նստած է երիտասարդ մը՝ որ տարօրինակ բաներ կ՚ըսէ…

Սքանչելի՜ կերպար է այս «երիտասարդ»ի կերպարը։ Աւետարանի մէջ նոյն բանը կ՚օգտագործուի անոր համար, ինչպէս եւ այն հետաքրքիր անձնաւորութեան՝ որ ձերբակալութեան ժամանակ փախուստ տուած էր՝ թողլով այն կտաւը՝ որով փաթթած էր իր մերկ մարմինը. «Երիտասարդ մը անոր ետեւէն կ՚երթար՝ մերկ մարմինին վրայ կտաւ մը առած եւ երիտասարդները զանիկա բռնեցին. ան ալ կտաւը թողուց եւ մերկ փախաւ անոնցմէ». (ՄԱՐԿ. ԺԴ 51-52)։ Ուստի, գերեզմանին վրայ նստած «երիտասարդ»ը «նստած էր աջ կողմը»։ Ասիկա քրիստոնէական աւանդական բանաձեւ մըն է՝ արտայայտելու համար փառաւորեալ Քրիստոսի դիրքը երկնաւոր Հօր համեմատութեամբ։ Ան իր վրայ ունէր սպիտակ պատմուճան՝ ճիշդ ինչպէս Յիսուս այն ժամանակ, երբ պայծառակերպուած երեւցած էր Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին իր չարչարանքներու եւ յարութեան մասին ըրած առաջին յայտնութենէն քիչ յետոյ. (ՄԱՐԿ. Թ 3)։

Այստեղէն ալ քայլ մը կը մնայ միայն՝ ըսելու համար, որ ան յարուցեալ Յիսուսն է, որ կ՚երեւի կիներու՝ առանց որ անոնք ճանչնան զԻնք։ Եւ սակայն հատուածը դիտաւորութեամբ թողնուած է անորոշութեան մէջ, որովհետեւ այդ երիտասարդը այնտեղ չի գտնուիր իր ինքնութիւնը յայտնելու համար։ Ան այնտեղ է խօսք մը ըսելու համար, ինչպէս ինքը աւետարանիչը կամ ինչպէս այն քրիստոնեան, որ պարտականութիւն ունի յայտարարութիւն ընելու յարութեան մասին. «Մի՛ զարհուրիք, Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, կեանքը յաղթեց մահուան։ Ան հոս չէ։ Ահա այն տեղը՝ ուր դրին զանիկա։ Ուրեմն գացէ՛ք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն եւ Պետրոսին, թէ ահա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ՚երթայ. հոն պիտի տեսնէ՛ք զանիկա՝ ինչպէս ձեզի ըսաւ։ Ան միշտ կ՚երթայ առջեւէն, այն ճանապարհին վրայ, որ կը տանի դէպի Աւետարանին սպասող հեթանոսները, որոնք կը գտնուին նոյն ճանապարհին մէջ։ Ուրեմն, գացէ՛ք եւ դուք ալ ձեր հերթին յայտնեցէ՛ք, ինչ որ սորվեցաք»։

Երեք կիներու վստահուած է արտակարգ կարեւորութիւն ունեցող խօսք մը. խօսք մը՝ որուն վրայ կը հիմնուի ամբողջ ճշմարտութիւնը, ան կը վկայէ մահուան վրայ կեանքի տարած յաղթանակը՝ ամբողջ մարդկութեան յոյսը։

Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբի մայր Մարիամը եւ Սողոմէն աւանդապահներն են այդպիսի հարստութեան։ Եւ սակայն անոնք կը լռեն. անոնք պապանձուած են վախէն, ճիշդ ինչպէս աշակերտները, որոնք սարսուռով կ՚երթային Յիսուսի ետեւէն, այն ժամանակ, երբ ան կը մօտենար Երուսաղէմ՝ այնտեղ խաչուելու եւ մեռնելու համար. «Երբ անոնք դէպի Երուսաղէմ կ՚ելլէին եւ ճամբու մէջ էին, Յիսուս անոնցմէ առաջ կ՚երթար։ Անոնք կը զարմանային եւ ետեւէն երթալով կը վախնային». (ՄԱՐԿ. Ժ 32)։

«…Որովհետեւ կը վախնային» բառերը Մարկոսի Աւետարանի հատուածին վերջին բառերն են։ Այստեղ կանգ կ՚առնէ Մարկոսի Աւետարանը։ Սուրբ Գիրքերու պաշտօնական հրատարակութիւններու մէջ որպէս եզրակացութիւն տրուած վերջաբանը (ՄԱՐԿ. ԺԶ 9-20) կը գտնուի միայն Նոր կտակարանի որոշ ձեռագրերու մէջ։ Հետեւաբար պարզ է, որ այդ նոյն հեղինակի գրչին չի պատկանիր, ինչպէս եւ Աւետարանի մնացած մասը։

Իսկ ինչո՞ւ աւելցուած է։

Վստահաբար որպէսզի գրութիւնը ունենայ ուրախ աւարտ, եւ ընթերցողը չմնայ ծանր եւ ճնշող տրամադրութեան մը մէջ, որ անխուսափելիօրէն յառաջ կը բերեն գիրքի վերջին բառերը. «…որովհետեւ կը վախնային», (ՄԱՐԿ. ԺԶ 8)։ Եւ իսկապէ՛ս, անոր մէջ կայ ինչ որ անսովոր եւ միաժամանակ անհանդուրժելի բան մը։ Միւս Աւետարանիչները՝ Մատթէոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս «բաց գերեզման»ի դրուագէն յետոյ կը ներկայացնեն միշտ այնպիսի տեսարաններ՝ ուր Յիսուս յարութիւն առած կ՚երեւի իր աշակերտներուն եւ կը ճանչցնէ ինքզինք անոնց։

Այսուհանդերձ Մարկոսի պատգամը շատ աւելի հարուստ է եւ խորիմաստ, եթէ թողնուի այնտեղ, ուր այնտեղ իրապէս կ՚աւարտի, առանց դիտաւորեալ կերպով նախադասութիւններ աւելցնելու, որոնք կը թուլացնեն անոր թելադրական եւ յորդորական ուժը։ Այն անծանօթ հեղինակը, որ փափաքած է ուրախ աւարտ տալ Մարկոսի Աւետարանին, (ԺԶ 9-20) հատուածը շարադրած է աւելի վերջի շրջաններուն՝ օգտագործելով միւս աւետարանները, յատկապէս Ղուկասի Աւետարանը։

Սիրելի՜ բարեկամներ, ովքե՞ր են վախէն անդամալուծուած, պապանձած այդ կիները, անոնք մենք բոլորս ենք, անոնք դո՛ւք էք, անոնք ե՛ս եմ։ Անոնք այն բոլոր քրիստոնեաներն են, որոնք աւանդապահներ են այնպիսի մեծ պատգամի մը՝ յարութեան պատգամին, հաւատարիմ անոր անվիճելի, անտարակուսելի ճշմարտութեան, բայց որոնք չեն համարձակիր յայտնել զայն։

Իսկ ինչո՞ւ չեն համարձակիր յայտնել, որովհետեւ կարելի չէ այդ պատգամը յայտնել առանց անցնելու մահուան որոշ մէկ տեսակէն եւ այդ մահն է մեր մէջ այն «մարդ»ուն, որ պէտք է հրաժարի իր ունեցուածքէն՝ հետեւելու համար Քրիստոսին. (ՄԱՐԿ. Ժ 21). ան մա՛հն է հալածանքի եւ խռովութեան շրջաններու ապրած քրիստոնեայ մարտիրոսին (ՄԱՐԿ. Ը 34). ան մա՛հն է իր համոզումներուն մէջ խարսխուած այն քարոզիչի, որուն խօսքերը կրակ են եւ կ՚այրեն զայն, երբ ան կ՚արտասանէ անոնք։

Զգուշաւոր մարդը իր ամբողջ ուժով կը դիմադրէ այդ «մահ»երուն։ Երեք կիներ նաեւ կը լռեն, ճիշդ ինչպէս Յիսուսի աշակերտները՝ որոնք փախուստ տուած էին իրենց Տիրոջ ձերբակալութեան ժամանակ. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 50)։

Աստուծոյ Որդիի՝ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը, սակայն, ունի այնպիսի ուժ մը, որ ոչ մէկ բան կրնայ կասեցնել այն, ոչ իսկ վկաներու միջակութիւնը։ Ժամանակին ըլլայ թէ տարաժամ, այդ Աւետարանը կը շարունակէ յայտարարել աշխարհին, որ մահը ճշմարիտ ճանապարհն է կեանքին…

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024