ՎԱՍՏԱԿԻԼ ՈՒ ՏՆՏԵՍԵԼ

Խրիմեան Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը կը գրէր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կնոջ դերն ու պարտաւորութիւնը ընդհանրապէս տնային գործերն էր. այս իսկ պատճառով Հայրիկ կ՚ըսէ. «Այր մարդ արտաքին վաստակաւորն է. եւ այս է ի սկզբանէ անտի նորա աշխատութեան բաժին եւ պարտիքը: Իսկ կին մարդը՝ տան տիկինն է եւ նոր պարտիքն է արդար ու հաւատարիմ տնտեսութիւն: Այր՝ հաց ու հանդերձ կը բերէ, կինը կը մատակարարէ. այր՝ շահավաճառութեան խանութ կ՚երթայ, կին առ տնին գործոց մէջ կը զբաղի»։ Այդ թուականներուն աշխարհը նոր կը սկսէր խօսիլ իգական սեռի դաստիարակութեան ու ուսման կարեւորութեան մասին, աշխարհը նոր կը սկսէր հասկնալ, որ կինը այն չէ, ինչ որ աւանդաբար դարեր շարունակ սերունդէ սերունդ փոխանցուած էր. կինը իր մերօրեայ վիճակին մէկ օրուան ընթացքին չհասաւ, որովհետեւ քարացած գաղափարները փոխելը այնքան ալ դիւրին գործ մը չէ:

Հետեւաբար պէտք չէ զարմանալ, եթէ Խրիմեան Հայրիկի մօտ տեսնենք յստակ տարբերութիւն մը այր եւ կնոջ պարտաւորութիւններուն միջեւ։ Հայրիկ կը հաւատար, որ այր մարդու գործը շատ աւելի դժուար է՝ քան կնոջ: Այս անհաւասարութիւնը կը բացատրուի այն մտածումով, որ հայրը (մանաւանդ Խրիմեան Հայրիկի ժամանակաշրջանին) տունը արտաքին բոլոր վտանգներէն պահպանող, տունը հաց բերող եւ ընտանիքը պահող միակ անձն էր. կնոջ գործը տան մէջ ըլլալով ապահով ու պաշտպանուած էր տղամարդու ներկայութեամբ. հետեւաբար այր մարդն էր այդ ընտանիքը պահողը. այդ տարբերութիւնը Հայրիկ հետեւեալ տողերու մէջ կը բացատրէ. «Աշխարհիս ընդհանուր կեանքին մէջ, այր մարդոց աշխատութեան բաժին շատ ընդարձակ, ծանր, դժուարին ու տաժանակիր է, մինչդեռ կնոջ բաժին անձուկ շէնքին տակը շրջափակուած՝ միայն առ տնին աշխատութիւնն է. այդ մարդ քաղաքականութեան մէջ ամենամեծ ծանր հոգերով կը զբաղի, աշխարհ կը կառավարէ, զէնք կ՚առնու, պատերազմի դաշտ կ՚երթայ, արիւն կը թափէ, հայրենիք կը պաշտպանէ»: Ներկայ աշխարհի կանանց իրաւունքները պաշտպանողներ գուցէ հակառակին այս համոզումին, սակայն վերոյիշեալ բոլորը նկատի ունենալով Հայրիկ կը կարեւորէ այր մարդու ներկայութիւնը տունէն ներս:

Հայրիկ սակայն կը գիտակցի, որ կնոջ դերը եւս դիւրին չէ, որովհետեւ ան ունի երկունքի ցաւը, որ կը կրէ ծննդաբերութեան ժամանակ. Հայրիկ այդ ցաւը կը հաւասարեցնէ այր մարդու աշխարհիկ կեանքի մէջ դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն. «անփախուստ ցաւոց պարտիքը՝ այդ մարդուն բովանդակ աշխատութեան դէմ հաւասար եւ շատ է», կ՚ըսէ Խրիմեան Հայրիկ:

Հայրիկ այստեղ կը կարեւորէ մայր ըլլալու առաքինութիւնը, որովհետեւ ի դիմաց տղամարդու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մայրը յանձն կ՚առնէ զոհուիլ իր զաւակներուն համար. օրինակի համար, մանուկի մը լացը անգամ շատ անգամ անհանգստութիւն կը պատճառէ տղամարդոց, մինչ կինը «ծնած օրէն սկսեալ մինչեւ պատանեկութեան հասակը, նա սրտով եւ կեանքով կը մաշի»: Մօր եւ հօր սէրը Հայրիկ հաւասար չի՛ տեսներ եւ կը հաւատայ, որ կինը տղամարդէն շատ աւելի անտրտունջ յանձն կ՚առնէ զաւակաց ցաւը կրել եւ կարիքները հոգալ:

Սակայն աշխարհի մէջ մի՛շտ այր մարդոց աշխատութիւնը շատ աւելի մեծ ու դժուարին կը թուի ըլլալ՝ քան կնոջը, սակայն այդ կէտին մէջ Հայրիկ կը մեղադրէ տղամարդիկը, ըսելով. «Կնոջ անհոգութիւնն ի բնութենէ՞ է, թէ այդ մարդիկ թողեր են, որ կինը անհոգ լինի ու չմտածէ, թէ ընտանեկան սրահէն դուրս ի՞նչ կայ աշխարհիս մէջ եւ ի՞նչ կը գործեն այր մարդիկ»: Հայրիկ ի՛նք կը պատասխանէ իր հարցումին. «Ես այնպէս կը կարծեմ, որ կնոջ անհոգութեան պատճառը մեծ մասամբ այր մարդիկ եղած են, որ կամ այրական, ինքնահաւան հպարտութեամբ կնոջ կարեւորութիւն չտալով՝ նա սովորեր է անհոգ մնալ»: Այս մէկը վերացնելու համար Հայրիկ կ՚առաջարկէ, որ այր մարդիկ ամօթ չզգան իրենց կիներուն կարծիքները հարցնելու եւ զանոնք որպէս խորհրդակից ընդունին, որովհետեւ այնպէս ինչպէս տղամարդը թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին աշխարհով կը զբաղուի, նոյն իրաւունքը ունի նաեւ կինը. անոնց ալ իրաւունքն է գիտնալ եւ ճանչնալ աշխարհը եւ այդ մէկը ընելու լաւագոյն ձեւը ուսումն ու կրթութիւնն է: Այր ու կին մէկ ամբողջութիւն են. տղամարդը պէտք է վաստակի իսկ կինը՝ տնտեսէ:

Այս համոզումը ժամանակավրէպ է թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն աւելի քան 150 տարիներ ետք կը հաւատամ, որ այր մը հարստացնող ու աղքատացնողը կինն է. ընդունինք թէ ոչ կինն է որ տունը կը կառավարէ (կը տնտեսէ) եւ հետեւաբար անոր ունակութենէն կախեալ է տան մը ապագան ու տնտեսական վիճակը: Տղամարդը ինչքան ալ մեծ գումարներ վաստակի ու տուն բերէ, չի՛ կրնար փայլուն վիճակ մը ունենալ՝ եթէ տան մայրը լաւ տնտեսող մը չէ: Անցեալին տնտեսել ըսելով կը հասկնային տան մառանը լեցնել հացով, ցորենով ու բոլոր անհրաժեշտ պարագաներով՝ որպէսզի դժուար օրերու դիմաց նեղի չմատնուին: Այդ փայլուն վիճակը կարելի է ստանալ միայն համագործակցութեամբ. հետեւաբար տան մէջ ո՛չ տղամարդը բարձր է եւ ոչ կինը, այլ անոնք միասին ու հաւասար տնտեսներ են. առանց այդ միատեղ համագործակցութեան ընտանիքի մը վիճակը վտանգուած է:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ե՞րբ կատարուեցաւ ջութակի գիւտը:

Պատասխան. Ջութակի առաջին գործածութիւնը սկիզբ առաւ 16-րդ դարուն, Իտալիոյ մէջ, Անտրէա Ամատիի կողմէ: Ջութակի սկզբնաւորութեան ճշգրիտ թուական մը գոյութիւն չունի. անոր գաղափարը սկիզբ առած է լարային այլ գործիքներէ եւ ժամանակի ընթացքին զարգանալով ստացած է մերօրեայ ջութակի տեսքը: Ջութակը ոչ միայն երաժշտական գործիքի մը գիւտն էր, այլ մշակութային ձեռքբերում մը, որովհետեւ դարերու ընթացքին ջութակը ունեցած է երազի դեր դասական երաժշտութեան ձեւաւորման եւ զարգացման մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2024