ՍԻՐՏԵՐ ԹՈՂ ՉՀԵՌԱՆԱ՜Ն…
Մարդոց իրարու հետ վիճաբանիլը բնական է, քանի որ տարակարծութիւններ միշտ կը պատահին, մարդիկ կրնան տարբեր խորհիլ, տարբեր գաղափարներ ունենալ, քանի որ մարդ բանաւոր էակ մըն է, եւ մտածումներու, գաղափարներու եւ կարծիքներու զանազանութիւնը իր բանականութեան հետեւանքն է։ Եւ դարձեալ, յայտնի իրողութիւն է, թէ՝ ճշմարտութիւնը ի վերջոյ կը յայտնուի տարբեր գաղափարներու ընդհարումէն՝ բախումէն։
Բայց այդ ընդհարումները պէտք չէ երբե՛ք պատճառ ըլլան թշնամութիւններու, պէտք չէ՛ բարեկամութիւններ վնասուին գաղափարներու տարբերութեան պատճառով։ Բարեկամութիւնը մնայուն է, իսկ վէճերը ժամանակաւոր՝ պէտք է անցնին ու երթան անոնք…։
Արդարեւ վէճերը պէտք չէ հեռացնէ իրարմէ սիրտերը՝ որոնք սիրով լեցուն են՝ եղբայրասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ, եւ պէտք չէ թողուլ, որ գաղափարի տարբերութիւնները խափանեն այդ մաքուր, սուրբ սէրը, որ դրուած է սրտին մէջ՝ մարդուն արարչութեան օրէն ի վեր։ Ուստի մարդ անմեղ է, մաքուր եւ սիրով լեցուն սիրտ մը ունի, բայց միջավայրը հետզհետէ կը խափանէ զայն եւ յաճախ կը ծածկուի, կը քօղարկուի այդ սէրը։ Սէրը կը նմանի լոյսի՝ որքան որ խափանուի, որքան որ խաւարի, անպայման կը յայտնուի, քանի որ ան միշտ կա՛յ, մշտնջենաւոր է եւ անայլայլելի՛։ Կարեւորը զայն կարենալ յայտնե՛լն է՝ ազատել ու ազատուիլ ամէն արգելքէ՝ որ կը խափանեն զայն։ Էականը սէրը եւ լո՛յսն է, իսկ ատելութիւնը եւ մութը՝ ժամանակաւոր եւ փոփոխակա՛ն։
Կը պատմուի, թէ դասարանի աշակերտներուն՝ ուսուցիչը հարցում մը կ՚ուղղէ.
«Երբ մարդիկ կը վիճաբանին, ինչո՞ւ անոնք կը զայրանան, կը սրտմտին եւ կը բորբոքին, մինչեւ իսկ իրարու սիրտ կոտրելու աստիճանին կը հասնին, եւ կը սկսին զիրար ատե՛լ»։
«Կը բարկանան, քանի որ անոնք կը կորսնցնեն իրենց ներքին խաղաղութիւնը», կ՚ըսէ աշակերտներէն մին։ Ասոր վրայ ուսուցիչը դարձեալ հարցուց.
«Բայց ինչո՞ւ պէտք է բորբոքիլ եւ բարկանալ, եթէ դիմացինը անմիջապէս քու մօտդ է», եւ շարունակեց. «Կարելի չէ՞ անոր հետ հանգիստ խօսիլ։ Ինչո՞ւ պարտադրուիլ բարկանալու»։
Աշակերտներ զանազան պատասխաններ եւ առաջարկներ ներկայացուցին, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը գոհացուց ուսուցիչը։ Վերջապէս ի՛նք բացատրեց.
«Տեսէ՛ք տղաք», ըսաւ եւ շարունակեց. «երբ մարդիկ իրարմէ դժգոհ են եւ կը սկսին վիճիլ, անոնց սիրտերը կը հեռանայ իրարմէ։ Անոր համար ալ զիրար լսելու կը դժուարանան եւ կը սկսին բարձրաձայն խօսիլ եւ այդ իսկ պատճառով կը բարկանան, կը զայրանան եւ կը բորբոքին։ Եւ անոնք որքան բարձրաձայն խօսին՝ այնքան շատ կը վիրաւորեն զիրար, եւ որքան վիրաւորուին՝ այնքան բարձրաձայն կը գոռան։ Եւ այս ընթացքը զանոնք հետզհետէ կը բորբոքէ եւ բարկութեամբ կը լեցնէ…։
«Իսկ ի՞նչ կը պատահի երբ մարդիկ զիրար սիրեն, սիրով մօտենան իրարու։ Անոնք չեն բարկանար, չեն զայրանար, այլ ընդհակառակը, հանգիստ ու խաղաղ կերպով կը խօսին՝ մեղմ եւ քաղցր…։
«Անոնք մեղմ կը խօսին, քանի որ անոնց սիրտերը իրարու շատ մօտիկ կը գտնուին եւ անոնց սիրտերու հեռաւորութիւնը շատ քիչ է, նոյնիսկ միացա՛ծ։
«Եւ երբ ա՛լ աւելի կը սիրեն զիրար, ի՞նչ կը պատահի։ Անոնք չեն խօսիր, այլ պարզապէս կը շնչեն, կ՚ապրին զիրար եւ իրենց սէրը շա՜տ աւելի կը մօտեցնէ, կը նոյնացնէ անոնց սիրտերը։
«Յետոյ նոյնիսկ երբ իրարու հետ կը խօսին, պարզապէս կը շշնջեն, ցած ձայնով, փսփսալով կ՚ըսեն այն՝ ի՛նչ որ ըսել կ՚ուզեն իրարու եւ երբեք բարձրաձայն չեն խօսիր իրարու հետ։ Անոնք կը խօսին՝ միասին շնչելու պէս շշնջիւնի նման՝ առանց աղմուկի, առանց իրարանցումի եւ առանց պոռալու։
«Անոնք չեն պոռար, քանի որ իրենց սիրտերը հեռու չէ իրերմէ՝ մօտ է եւ նոյնիսկ միացա՛ծ։
«Բարկութիւն, զայրոյթ չեն գիտեր անոնք, քանի որ միասին կը շնչեն, միասին կ՚ապրին եւ անոնք միացնող կապը՝ սէ՛րն է։
«Եւ իրարու ճշմարիտ ու անկեղծ սիրով մօտեցողներ, ժամանակ մը վերջ, ո՛չ միայն խօսելու, այլ նոյնիսկ շշնջելու պէտք չեն զգար, քանի որ անոնք պարզապէս նայուածքով մը կը հասկնան ամէն ինչ, քանի որ սրտէն բխած սիրոյ լեզուով կը խօսին լռելեայն՝ առանց ձայն հանելու՝ լուռ ու մո՛ւնջ։ Ուստի երբ կը վիճիք թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր սիրտը հեռանայ ձեզ հետ վիճող անձին սիրտէն։ Թող չհեռանան ձեր սիրտերը երբեք։
«Եւ երբ կը վիճիք, մի՛ ըսէք բառեր, որոնք աւելի կը գրգռեն, աւելի կը հրահրեն վէճը եւ աւելի կը մեծցնեն ձեր միջեւ հեռաւորութիւնը։
«Քանի որ կու գայ օր մը, երբ հեռաւորութիւնը ա՜յնքան մեծ կ՚ըլլայ, որ յետադարձ ո՛չ մէկ ճամբայ կրնաք գտնել՝ վերհաստատելու համար ձեր բարեկամութիւնը»։
Սիրելի՜ բարեկամներ, ամենածանր եւ անդարմանելի վէրքը՝ լեզուին պատճառած վէ՛րքն է։ Եւ ամենամեծ մեղքը՝ մարդու սիրտ կոտրե՛լն է, եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի ուրիշի սիրտը վիրաւորելու, անձնականութիւնը վնասելու։ Ըսինք՝ քաղաքավարական սահմաններու մէջ վիճիլ բնական է մարդոց համար, քանի որ կրնան մտածումներ, կարծիքներ տարբերիլ իրարմէ, եւ սակայն ո՛չ մէկ գաղափար աւելի արժէքաւոր է քան մարդը, մարդուն արժանապատուութիւնը, իրաւունքը եւ ազատութիւնը։ Գաղափարներու պէտք չէ՛ զոհել մարդկային արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը…։
Եւ մարդուս համար աւելի մեծ գերութիւն չկայ, քան անիրաւ կերպով մէկէ մը մեղադրուիլ կամ անբաստանուիլ։ Մարդուս ի ծնէ ազատութիւնը կարելի չէ զոհել որեւէ աշխարհային ժամանակաւոր արժէքի։ Արդարեւ մարդուս ազատութիւնը կը կայանայ հոգիին բոլոր զգացումներուն կատարեալ հաւասարակշռութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ, եւ այս հաւասարակշռութիւնը իր ծանրութեան կեդրոնը ունի Աստուծոյ սէրը, որ պէ՛տք է տիրէ ու թագաւորէ սրտի բոլոր շարժումներուն վրայ, որ կը կատարելագործէ անոր խոյանքները եւ հակումները ու կ՚արգիլէ կապուելու որեւէ բանի՝ որ այս հաւասարակշռութիւնն ու ներդաշնակութիւնը կրնայ խանգարել։
Եւ երբ մարդիկ, բնականօրէն կը վիճին որեւէ հարցի կամ գաղափարի շուրջ, պէտք չէ զանց առնուի այդ հաւասարակշռութիւնը։ Մա՛րդ մարդու չի կրնար պարտադրել գաղափար մը, կարծիք մը՝ որ ընդունելի չէ իրեն ըստ իր հաւատալիքներուն եւ հաստատ համոզումներուն։ Յաճախ կ՚ըսենք՝ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, եւ ո՛չ ոք կրնայ վստահեցնել, թէ իր անձնական համոզումը կը ներկայացնէ ճշմարտութիւնը։ Եւ վիճելու միակ նպատակն ալ պէտք է ըլլայ գտնել ճշմարտութիւնը։
Բայց կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ ընդհանրապէս կը վիճին իրենց տեսակէտը պարտադրելու համար եւ ո՛չ թէ ճշմարտութեան հասնելու համար, եւ առհասարակ կը դիմեն ատելութեան՝ փոխանակ սիրոյ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 7, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024