ԹՇՆԱՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ

«Արիութիւնը ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ անտեսանելի թշնամիներու հակառակութեան ժամանակ ճշմարտութեան մէջ մնալ»։

ՍՈՒՐԲ ԱՆՏՈՆ ԱՆԱՊԱՏԱԿԱՆ

Աշխարհի վրայ միշտ եղած են թշնամութիւններ, քանի որ մարդ միշտ եղած է եսամոլ եւ շահասէր։ Մարդ բնութեամբ շահի համար կրնայ խղճի եւ արդարութեան ընդդէմ շատ բաներ ընել։ Անշուշտ, խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը նախընտրելի են, բայց պատմութեան վկայութիւնը եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնները մեզի ցոյց կու տան, որ մարդկային պատմութեան մէջ պատերազմներ աւելի շատ եղած են՝ քան խաղաղութեան տարիներ եւ այս իմաստով՝ թշնամութիւնը էական, իսկ խաղաղութիւնը բացառութիւն եղած են դժբախտաբար։ Երանի՜ թէ միշտ հաշտ եւ խաղաղ ապրէր ամբողջ մարդկութիւնը։

«Ուրիշ»ին մերձաւոր դառնալը եւ անոր ծառայելը, զայն ընդունիլ իր իսկ անձին պէս, մարդս կը հեռացնէ հակառակութիւններէ, թշնամանքներէ եւ կը հաստատէ խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը։ Եւ ասիկա մարդուս առաջնակարգ պարտականութիւն մըն է։

Այս պարտականութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ անոնք, որոնք մեզմէ տարբեր կերպով կը մտածեն կամ կը գործեն։ Եւ ասիկա, խորհելու ազատութեան բնական մէկ հետեւանքն է։

Քրիստոսի ուսուցումը կը հասնի մինչեւ իսկ մեզմէ պահանջելու վիրաւորանքներու ներումը։ Ան սիրոյ պատուիրանը՝ որ Նոր Օրէնքին պատուիրանն է, կը տարածէ բոլոր թշնամիներուն վրայ. (ՄԱՏԹ. Ե 43-44)։ Աւետարանի ըմբռնած ազատագրումը անյարիր է թշնամիիդ ատելութեան հետ, բայց ո՛չ այն ատելութեան հետ, որ ունիս թշնամիիդ գործած չար արարքին հանդէպ։ Արդարեւ, Աստուածաշունչ մատեանը Աբէլին իր եղբօր Կայէնի ձեռքով սպանութեան պատմուածքին մէջ (ԾՆՆԴ. Դ 8-12) մարդկային պատմութեան սկիզբներէն իսկ կը յայտնէ մարդուն մէջ գոյութիւնը բարկութեան, շահամոլութեան եւ ընչաքաղցութեան, հետեւանք սկզբնական մեղքին։ Եւ մարդը թշնամի՛ դարձաւ իր նմանին՝ իր եղբօր։

Աստուած կը մատնանշէ այս եղբայրասիրութեան նենգաւոր բնոյթը. «Ի՞նչ ըրիր։ Եղբօրդ արեան ձայնը կ՚աղաղակէ դէպի ինծի։ Հիմա ուրեմն անիծեա՛լ ըլլաս երկրի վրայ, որ բացաւ իր բերանը քու եղբօրդ քու ձեռքով թափուած արիւնը ընդունելու համար». (ԾՆՆԴ. Դ 10-11)։ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, իբր հարազատ մեկնաբանը Աստուածաշունչին եւ Աւանդութեան հաստատումներուն, կ՚ուսուցանէ, թէ «մահ»ը աշխարհ մտաւ մարդուն սկզբնական մեղքին պատճառով։ Թէեւ մարդը ունէր մահկանացու բնութիւն մը, սակայն Աստուած չէր սահմանած զինք մահուան։

Մահը ուրեմն Արարիչ եւ Նախախնամ Աստուծոյ ծրագիրներուն հակառակ իրականացաւ եւ աշխարհ մտաւ իբր հետեւանք մեղքին։ «Մարմնական մահը, որմէ մարդը զեղծ մնացած պիտի ըլլար եթէ մեղանչած չըլլար, կը հանդիսանայ մարդուն վերջին թշնամին, որ պիտի պարտուի». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 26)։

Եւ «մահ»ը Քրիստոսով կերպարանափոխուեցաւ։

Թշնամիներ Քրիստոսով հաշտուեցան։

Հասարակաց բարիքը կը բովանդակէ ընկերութեան բարգաւաճումը եւ ծաղկումը հոգեւոր եւ ժամանակաւոր բարիքներուն. խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը ընկերութեան եւ անոր անդամներուն։

Յիսուս կը պատուիրէ ներել եւ թշնամիները սիրել. ասիկա խաղաղութեան առաջին քա՛յլն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2024