ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ մեր օ­րե­րուն տա­րա­ծուած ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ, տագ­նա­պի կը մատ­նեն մարդ­կու­թիւ­նը։ Նոր մտայ­նու­թիւն­ներ, մար­դուն հո­գին ա­ղար­տող նոր ըմբռ­նում­ներ, նոր փի­լի­սո­փա­յու­թիւն­ներ, նոր մտա­ծո­ղու­թիւն­ներ, վար­դա­պե­տա­կան նոր խոր­հե­լա­կեր­պեր ծնունդ կու տան նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րու, նոր ապ­րե­լա­կեր­պե­րու եւ պատ­ճառ կը դառ­նան կեան­քի հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու։ Հա­մա­տա­րած, ընդ­հա­նուր ըն­կե­րա­յին վի­ճակ մըն է այս «նոր կեանք»ը։ 

Այս նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւն­ներ, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ կ՚աշ­խա­տին, ջանք կը թա­փեն նոր կեր­պե­րով ու նոր աշ­խար­հա­հա­յեաց­քով դաս­տիա­րա­կել՝ ա­ռաջ­նոր­դել ի­րենց ան­դամ­նե­րը՝ կա­րե­նալ դէ՛մ դնե­լու այն մտա­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, մտա­ծե­լա­կեր­պե­րուն՝ ո­րոնք մարդ­կա­յին կեան­քի բա­րո­յա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը եւ ըմբռ­նու­մը կ՚ա­ղար­տեն։ 

Ընդ­հա­նուր ե­րե­ւոյթ մըն է ա­սի­կա։ 

Ե­կե­ղե­ցին ալ իր բա­ժի­նը ու­նե­ցած է այս հա­մա­տա­րած տագ­նա­պէն։ Մեր օ­րե­րու «քրիս­տո­նեայ մարդ»ը, ա­մէն օր ինք­զինք, ինք­նա­կոչ եւ կար­ծե­ցեալ «նոր մար­գա­րէ»նե­րու առ­ջեւ կը գտնէ։ 

Այս ինք­նա­կոչ «մար­գա­րէ»նե­րը՝ Քրիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նին «վա­ճա­ռա­կան»ներ ե­ղած՝ կը փոր­ձեն Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին ցրուել։ 

Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ՝ թէ ան­ցեալ դա­րե­րու ըն­թաց­քին միշտ գտնուած եւ գոր­ծած են նման մար­դիկ՝ ո­րոնք փոր­ձած են Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին՝ Քրիս­տո­սի հօ­տը ցրուել, եւ սա­կայն ո՛չ միայն յա­ջո­ղած չեն, այ­լեւ ի­րենք կոր­սուած են պատ­մու­թեան է­ջե­րուն մէջ։ 

Բա­րե­բախ­տա­բար կա՛ն խե­լա­միտ ա­ւան­դա­պահ մար­դիկ՝ ո­րոնք հաս­տա­տա­կամ կը պայ­քա­րին ինք­նա­կոչ նո­րա­րար­նե­րու հետ, ո­րոնք եւս խո­րա­թա­փանց կ՚աշ­խա­տին ճշմար­տու­թեան տա­րած­ման հա­մար։ Մար­դիկ կան, ո­րոնք եր­բեք չեն տա­րուիր ա­նի­մաստ հո­սանք­նե­րէ՝ գիտ­նա­լով, որ ա­մէն նոր ու նո­րու­թիւն օգ­տա­կար չէ՛։ 

Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին ալ դա­րե­րու ըն­թաց­քին բուռն եւ հաս­տա­տա­միտ պայ­քար մղած է այս ինք­նա­կոչ շար­ժում­նե­րուն դէմ եւ ա­նա­րատ պա­հած է քրիս­տո­սար­մատ հա­ւատ­քը։ 

Այ­սօր, Ե­կե­ղե­ցին եւ իր ար­ժա­նա­ւոր ան­դամ­նե­րը պար­տին ա­ռա­ւել զգու­շու­թեամբ, խոր գի­տակ­ցու­թեամբ պայ­քա­րիլ մո­լար շար­ժում­նե­րու հետ եւ պէտք է ար­տա­յայ­տեն ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը եւ հա­ւատ­քը։ 

Ա­ւե­լին՝ պէ՛տք է ճանչ­նալ եւ լա՛ւ հասկ­նալ ու գիտ­նալ Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տու­թիւ­նը եւ կեան­քը՝ որ­պէս­զի ա­ւե­լի եւս ճո­խա­նայ ու հարս­տա­նայ հո­գե­ւոր կեան­քը։ Եւ ե­թէ զօ­րա­ւոր է հո­գե­ւոր կեան­քը՝ ա­ւե­լի հաս­տա­տե­լու, հաս­տատ հի­մե­րու վրայ հաս­տա­տուի հա­ւատ­քը։ Ար­դա­րեւ, Ե­կե­ղե­ցին «Մայր» է եւ Ա­ւե­տա­րա­նը՝ «Հա՛յր»։­

Ուս­տի, ի՜նչ պի­տի ար­ժէ այս դա­ւա­նու­թիւ­նը, ե­թէ չճանչ­ցուի Ե­կե­ղե­ցին իր ամ­բող­ջու­թեա­նը մէջ։ 

Յա­ճախ մեր մտա­հո­գու­թիւ­նը կը յայտ­նենք՝ թէ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու նկատ­մամբ, ան­տար­բե­րու­թիւ­նը ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րու հան­դէպ, ան­տար­բե­րու­թիւ­նը ա­մէն մար­զի մէջ լուրջ վնաս կը սպառ­նայ, վախ կը պատ­ճա­ռէ ա­պա­գայ կեան­քին հա­մար։ Ուս­տի, զգո՛յշ ըլ­լա­լու է ա­մէն տե­սակ մո­լո­րե­ցու­ցիչ հո­սանք­նե­րու դէմ՝ պէտք չէ՛ տա­րուիլ նո­րա­րար­նե­րու հո­գին ա­ղար­տող մտա­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ։ Ինչ­պէս ը­սինք՝ ա­մէն «նոր», ա­մէն «նո­րու­թիւն» նպաս­տա­ւոր եւ օգ­տա­կար չէ՛. պէտք է զա­նա­զա­նուի «նոր»ը եւ «օգ­տա­կար»ը, որ­պէս­զի չվնա­սուի մարդ­կու­թիւ­նը՝ թէ՛ ան­հա­տա­պէս, եւ թէ հա­ւա­քա­պէս։ 

Այս ի­մաս­տով պէտք է տէ՛ր կանգ­նիլ հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան բարձր ար­ժէք­նե­րուն, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն եւ զա­նոնք ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու փո­խան­ցե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նե­նանք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 2, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015