ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
Գրականութիւնը ապերախտ ոլորտ մըն է, որ մտային կարողութեան ու աստուածատուր գրելու շնորհքին կողքին քիչ մըն ալ «բախտ» կը պահանջէ: Յաճախ գրութիւն մը, բանաստեղծական գոհար մը «յայտնի» կը դառնայ՝ սակայն մոռացութեան կը տրուի գրողն ու բանաստեղծը։ Օրինակի համար, հայ գրականութեան քիչ թէ շատ մօտիկ ամէն մարդ վստահաբար լսած է «Տժվժիկ»ի մասին, սակայն շատ քիչ բան գիտէ Ատրպետի մասին, որուն երկերը աւելի քան տասը հատոր կը կազմէ: Կրնայ պատահիլ նաեւ հակառակը. շատ անգամ կը ճանչնանք մեծութիւն մը՝ առանց լաւապէս ճանչնալու անոր գործերը. անոնցմէ մէկն է օրինակ Խրիմեան Հայրիկ:
Գրեթէ ամէ՛ն հայ պատանի եւ երիտասարդ լսած է Խրիմեան Հայրիկի անունը. յաճախ շատեր զինք ճանչցած են «Երկաթէ շերեփ»ի պատմութեամբ՝ գուցէ առանց լաւապէս հասկնալու, թէ իսկութեան մէջ ի՞նչ նշանակութիւն ունի դարաւոր այդ պատմութիւնը. անոնցմէ շատեր նոյնիսկ չե՛ն գիտեր, թէ ինչո՞ւ համար ժողովուրդը զինք կոչած է «Հայրիկ» եւ բազմաթիւ այլ կաթողիկոսներու մէջէն որոշած է անմահացնել Խրիմեանը:
Այսօր մեր ճիտին պարտքը կը զգանք խօսիլ Խրիմեան Հայրիկի մասին. մանաւանդ այսօ՛ր՝ Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 204-ամեակին առիթով։ Խրիմեանը մօտէն ճանչնալու համար պէտք է կարդալ հիները. գրեթէ ամէն գրող փորձած է իր ձեւով եւ իր պատկերացումով նկարագրել Խրիմեան Հայրիկը, սակայն անոնցմէ ամենէն կարճն ու տպաւորիչը գտայ գրականագէտ ու հրապարակագիր Յակոբ Սիրունիի մօտ։ Սիրունի մեր թուականէն 90 տարիներ առաջ՝ 1934 թուականին «Վէմ» մշակոյթի եւ պատմութեան հանդէսի Բ. տարի, թիւ 1-ին մէջ հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ Խրիմեան Հայրիկը. «Անզուսպ սէր մը իր տառապող ժողովուրդին վրայ»։ Կարդացէ՛ք Խրիմեանը եւ այդտեղ պիտի գտնէք սրտացաւ մարդ մը՝ որ ամբողջ սիրտն ու հոգին տուած է հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայրենիքի բարգաւաճման. կարդացէ՛ք Խրիմեանը եւ պիտի զգաք, թէ «Հայրիկ» բառը պարզ արտայայտութիւն մը չէ. հոն կայ հայր մը՝ որ ամէն ձեւ կ՚ուզէ իր տունն ու զաւակները տեսնել զօրաւոր վիճակի մէջ՝ առողջ բարոյականութեամբ ու յառաջադէմ հայրենիքով:
Իր հսկայական գաղափարները հայ ժողովուրդին փոխանցելէ առաջ Խրիմեան Հայրիկ լաւապէս գիտակցելով մամուլի ունեցած կարեւոր դերը, առաջին հերթին ամէն ջանք ի գործ դրաւ ունենալու համար իր սեփական մամուլը եւ Վարագայ վանքի վանահայր ըլլալէ անմիջապէս ետք հիմնեց «Արծուի Վասպուրական» ամսագիրը, որ բեմ եղաւ Խրիմեան Հայրիկին խօսելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Խրիմեանի համար մամուլը լաւագոյն միջոցն էր կրթելու համար ժողովուրդը եւ մամուլի մէջ է, որ ծնունդ առաւ Խրիմեան Հայրիկ. անոր գրութիւններուն եւ խրատականներուն ճամբով, անոր ապրումներուն ու մտածումներուն համար է, որ մկրտուեցաւ որպէս «Հայրիկ», որովհետեւ ժողովուրդը գիտակցեցաւ ու ըմբռնեց անոր մտային մեծութիւնն ու անսահման հայրենասիրութիւնը, որովհետեւ անոր մտածումներուն ու յորդորներուն մէջ սեփական ո՛չ մէկ շահի հետապնդում գոյութիւն ունէր՝ բացի հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի փառքի փնտռտուքէն:
Սակայն արդար ըլլալու համար յիշենք, որ Խրիմեան Հայրիկի կեանքը եւս դիւրին ընթացք մը չունեցաւ. անոր փառքը նախանձ յառաջացուց շատ մը մեծաւորներու եւ եկեղեցականներու մօտ. տարբեր առիթներով անոնք փորձեցին մահափորձի ենթարկել Խրիմեան Հայրիկը։ Քանի՜ անգամներ քիւրտեր ղրկեցին վանք՝ որպէսզի Խրիմեան Հայրիկը սպաննեն, ի՜նչ զրպարտութիւններ հնչեցին Խրիմեան Հայրիկի հասցէին. շատեր զրպարտեցին գողութեամբ, ուրիշներ կնամոլութեամբ, սակայն Հայրիկ հաստատ մնաց իր հայրենասէր նպատակներուն վրայ:
Ժամանակակիցներ զինք կը կոչեն «Հայրենիքի մարգարէ», որովհետեւ անոր երգերը ապագայ փառաւոր հայրենիքն էր. ժողովուրդը կը «պաշտէր» զինք, որովհետեւ անոր խօսքերը արտայայտութիւնն էին իր գործերուն. ան ո՛չ մէկ ջանք կը խնայէր ապահովելու համար հայ ժողովուրդի, մանաւանդ գեղջուկ մասի շահերը՝ որոնք ոտնահարուած էին:
Խրիմեան 1877 թուականին լոյս տեսած իր «Հայգոյժ» աշխատութեան մէջ ինքզինք կը կոչէ հայրենիքի ողբերգու եւ այդ մէկը մեծ ցաւով մը գրի կ՚առնէր. այստեղ կ՚ուզենք յիշել այդ տողերը. «Ո՜հ, ես էլ քո ողբերգուն եմ. երանի թէ յետինն լինէի եւ այլ եւս չծնէր քեզ ողբերգու». Խրիմեան կը գրէր, թէ հայ ժողովուրդը մի՛շտ ունեցած է այդ ողբը. անոր համոզումով հայ պատմիչները ո՛չ թէ պատմութիւնը գրած, այլ երգած են հայրենիքի ողբը, սակայն Խրիմեան կ՚ուզէր ըլլալ վերջինը, որպէս իրմէ ետք ժողովուրդը ողբ երգելու փոխարէն յաղթանակ երգեն՝ իր երազած ազատ ու քաղաքակիրթ հայրենիքով:
Եկեղեցական ըլլալով հանդերձ Խրիմեան Հայրիկ լաւապէս կը գիտակցէր սուրին ու զէնքին կարեւորութեան. ան կը փորձէր իր խօսքերով զօրացնել ժողովուրդը, որպէսզի դիմադրեն ամէն տեսակ նեղութեանց. պէտք է անպայման կարդալ Խրիմեան Հայրիկի «Վանգոյժ» աշխատութիւնը, ուր կը գրէ. «Թէ յիրաւի ձեր արիական նախնեաց նմանող հարազատ որդիներն էք, այս հրոյ եւ սրոյ ժամանակին ցուցէք ձեր առաքինութեան հանդէսը, զօրացէք ու զօրացուցէք վհատած որդիները, նկուն մի լինիք փորձութեան առաջ՝ զի մարդուն կենաց ճանապարհ այս աշխարհիս վրայ լի է դժնդակ փուշերով: Առաքինիք միայն զայն կոխելով կ՚անցնին, իսկ վատասիրտներ կը լքանին»:
Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 204 ամեակին առիթով մեր կատարածը պարզապէս հիւրասիրութիւն մըն է՝ Հայրիկի մեծ գրականութենէն, յուսալով որ գտնուին հայորդիներ, որոնց մէջ ծնունդ առնէ Խրիմեան Հայրիկի գործերը կարդալու սէրը։ Խրիմեան Հայրիկ մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ մեր հայ գրականութեան փիլիսոփաներէն մին, որուն խօսքերը դարեր ետք կը շարունակեն մնալ այժմէական՝ մանաւանդ դժուարութիւններ դիմագրաւող ներկայ հայութեանս համար, որ մեծապէս կարիքը ունինք Խրիմեան Հայրիկի մը՝ որ պատրաստ ըլլայ իր կեանքն ու հոգին զոհաբերել իր ժողովուրդին համար:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ գիտենք Խրիմեան Հայրիկի մասին:
Պատասխան. Մկրտիչ Խրիմեանը, որ յայտնի է Խրիմեան Հայրիկ անունով, 19-րդ դարու ամենէն ազդեցիկ հոգեւորական, մտաւորական ու ազգային առաջնորդն է: Ծնած է 1820 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ. եղած է հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոս՝ 1892-1907 թուականներուն: Ան հայ ժողովուրդի ջերմեռանդ պաշտպանն էր՝ նպաստելով մշակոյթին եւ քաղաքական իրաւունքներուն: Խրիմեան աւելի շատ կը յիշուի 1878 թուականին տուած իր քարոզով, որ յայտնի է որպէս «Երկաթէ շերեփ», ուր ան կոչ կ՚ընէր իր հայորդիներուն ոտքի կանգնիլ ճնշումներու եւ անարդարութիւններու դէմ. անոր քարոզին մէջ այդ անարդարութիւնները եռացող կաթսան էր: Այդ քարոզը մեծ կարեւորութիւն ունի հայ ազգային կեանքին մէջ՝ որպէս պայքարի կոչ ու հրաւէր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան