«ԼՈՅՍԻ ԴԱՐ» Է ՇՐՋԱՆԸ

«Լոյ­սի դար» է ի­րա­պէս ներ­կայ շրջա­նը մէ­կէ ա­ւե­լի ի­մաստ­նե­րով. ո՛չ միայն գի­տա­կան ու ի­մա­ցա­կան, այլ նաեւ՝ նիւ­թա­կա՛ն։ Այս դա­րուն մար­դիկ «լոյս եւ ա­ւե­լի լոյս»ի ե­տե­ւէն ին­կած են, ուս­տի քա­րը եւ ա­ղիւ­սը ու տախ­տա­կը լքած են եւ ա­պա­կի կը գոր­ծա­ծեն՝ սկսեալ սե­փա­կան բնա­կա­րան­նե­րէ մին­չեւ հսկայ շէն­քե­րու, գոր­ծա­րան­նե­րու, հան­րա­յին շէն­քե­րու, եւ վա­ճա­ռա­տուն­նե­րու հա­մար։ «Ա­պա­կիի դար» ե­ղաւ այ­սօր երէկուան «եր­կա­թի դար»ը։ Դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը, շէն­քե­րը եւ պի­տի տես­նէք, որ ամ­բողջ ա­պա­կի են ա­նոնք։ Ու­րեմն, թե­րեւս կա­րե­լի է նաեւ պատ­շա­ճօ­րէն ա­նուա­նել այս շրջա­նը իբ­րեւ «ա­պա­կե­պաշ­տու­թեան» դար։ Ա­պա­կի, քա­նի որ այ­սօր մար­դիկ «լո՜յս, լո՜յս» կ՚ը­սեն եւ տան ա­ւան­դա­կան եւ նուի­րա­կան. անձ­նա­կան ըլ­լա­լու յատ­կու­թիւ­նը եւ ա­ռանձ­նա­փա­կու­մը կը վերց­նեն, եւ ա­նոր ներ­քին կեան­քը «ա­պա­կեայ ցու­ցա­փեղ­կի» մը մէջ կը դնեն հան­րա­յին աչ­քին տակ։

«Լո՜յս» կ՚ը­սեն եւ կի­սա­մերկ կը պտը­տին փո­ղոց­նե­րու մէջ ա­ռանց ա­մօթ­խա­ծու­թեան ո­րե­ւէ նշմա­րե­լի նշոյ­լի՝ թաշ­կի­նա­կի մը ծան­րու­թեամբ կամ հա­մե­մա­տու­թեամբ զգես­տով մը, որ թե­րեւս թոյ­լատ­րե­լի ըլ­լայ, ե­թէ պի­տի ըլ­լայ, ծո­վա­փին՝ ա­ւա­զնե­րու վրայ միայն ա­նո՛նց՝ ո­րոնք ծո­վու լո­գանք պի­տի առ­նեն…։

Ուս­տի, լոյ­սը եւ լու­սամ­տու­թիւ­նը սխալ կը հասկ­ցուի շատ ան­գամ, եւ ան­սահ­ման ա­զա­տու­թիւ­նը եւ բա­ցար­ձակ ան­կա­խու­թիւ­նը կը կար­ծուի, թէ լու­սամ­տու­թիւն է։

Ար­դա­րեւ, ար­ժէք­ներ սխալ կը հասկ­ցուին շատ ան­գամ եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ մար­դիկ երբ կը հե­տե­ւին լոյ­սին, հոն տես­նել կ՚ու­զեն ա­մէն ար­ժէք, ա­մէն կա­տա­րե­լու­թիւն։ Ուս­տի այդ հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը՝ մարդս ա­ռաջ­նոր­դեց ոչն­չա­պաշ­տու­թեան։ Ֆ. Նի­չէ երբ կ՚ար­տա­յայ­տէ իր մտա­ծում­նե­րը Աս­տու­ծոյ մա­սին՝ ա­հա­ւա­սիկ այս ը­սել կ՚ու­զէ։ Ար­դիա­կա­նու­թիւ­նը ե­թէ սխալ գոր­ծադ­րուի, մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ոչն­չա­պաշ­տու­թեա՛ն։

Եւ երբ Ֆ. Նի­չէ կ՚ը­սէ, թէ՝ Աս­տուած իր վախ­ճա­նին հա­սա՛ւ, ը­սել կ՚ու­զէ, թէ մար­դիկ կորսն­ցու­ցին ի­րենց բարձ­րա­գոյն ար­ժէ­քը եւ մա­նա­ւանդ խի՛ղ­ճը։

Ու­րեմն մար­դիկ երբ կը կար­ծեն յա­ռաջ­դի­մել՝ լու­սա­ւո­րուիլ, մինչ պէտք չէ՛ կորսնց­նեն ի­րենց ար­ժէք­նե­րը։ Լոյ­սին հե­տե­ւիլ, լու­սա­ւո­րուիլ բայց կորսնց­նել ի­րենց ա­ւան­դա­կան ու նուի­րա­կան ար­ժէք­նե­րը՝ պար­զա­պէս պեր­ճանք մըն է, այ­սինքն՝ ցու­ցա­մո­լա­կան շքե­ղու­թիւն մը, որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ոչն­չու­թեան, որ կը սնա­նի ա­ւե­լի եւս ա­նի­մաստ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով…։

Կը հե­տե­ւի, թէ ա­մե­նա­մեծ ար­ժէ­քը՝ մարդ, ի՛նքն է, իր բա­նա­կա­նու­թեամբ ու բնու­թեամբ եւ իր խղճո՛վ։

Մարդ երբ կը դի­տէ իր շուր­ջը, հասկ­նալ ու հաս­նիլ կ՚ու­զէ ի­րե­րու եւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու էու­թիւ­նը, շատ ան­գամ կ՚ան­տե­սէ եւ չ՚անդ­րա­դառ­նար իր իսկ էու­թեան։

Մտա­ծող մար­դը, անդ­րա­դար­ձող, դա­տող, պրպտող, հե­տաքրք­րուող մար­դը ա­մե­նա­բարձր ար­ժէ՛քն է եւ դժբախ­տա­բար չ՚անդ­րա­դառ­նար ան իր ար­ժէ­քին։

Նո­րա­ձե­ւու­թեան, ար­դիա­կա­նու­թեան հե­տե­ւիլ չի՛ նշա­նա­կեր եր­բեք մեր­ժել կամ ու­րա­նալ «ար­ժէք»ը՝ որ մարդ ի՛նք է։ Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան ար­ժէ­քը եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան ար­ժէ­քը ի վեր­ջոյ կը միա­նայ «մարդ-ար­ժէք»ին մէջ։ Մարդ յա­ճախ կ՚անդ­րա­դառ­նայ այն ար­ժէ­քին՝ զոր կորսն­ցու­ցած է, եւ քա­նի որ մարդ ին­քը «ար­ժէք» է, ու­րեմն մարդ իր էու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար պէտք չէ սպա­սէ որ կոր­սուի։ Ար­ժէ­քը միշտ ար­ժէ՛ք է, եւ անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար պէտք չէ սպա­սուի ա­նոր բա­ցա­կա­յու­թեան։ Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով է, որ մարդ հետզ­հե­տէ կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի ոչն­չա­պաշ­տու­թեան, որ ար­ժէք­նե­րու ան­կո՛ւմն է, ար­ժէք­նե­րու կո­րուս­տը…։

Բա­րո­յա­կան ա­մէն ար­ժէք կ՚ի­մաս­տա­ւո­րէ կեան­քը։

Ան­հու­նու­թիւ­նը ար­ժէ՛ք մըն է՝ ան­տե­սա­նե­լի, եւ մարդ կ՚ըմբռ­նէ ան­հու­նու­թիւ­նը, բայց չի՛ տես­ներ, նոյն­պէս Աս­տուած ար­ժէքն ալ ան­տե­սա­նե­լի է, բայց կա­րե­լի է ըմբռ­նել, հասկ­նալ եւ իւ­րաց­նել։ Ար­ժէ­քը վե­րա­ցա­կան ալ ըլ­լայ զգա­լի է եւ ըմբռ­նե­լի։

Մար­դիկ ար­ժէք կ՚ըն­դու­նին ա­զա­տու­թիւ­նը եւ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը, բայց եր­բեք չեն գոր­ծադ­րեր զա­նոնք, ու­րեմն ան­սահ­ման ա­զա­տու­թե­նէ եւ բա­ցար­ձակ հա­ւա­սա­րու­թե­նէ խօ­սիլ ան­կա­րե­լի է եւ ա­նի­մա՛ստ։

Զոր օ­րի­նակ, մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան ա­մե­նէն բա­ցա­յայտ ա­պա­ցոյ­ցը իր «զգեստ»ն է։

Մարդ երբ դուրս ե­կաւ թա­ւուտ­նե­րու մէ­ջէն՝ ո­րոնց մէջ կ՚ապ­րէր վայ­րի ա­նա­սուն ու ան­բան կեն­դա­նի­նե­րու հետ, ինք ալ դեռ «կեն­դա­նի» մը, մար­դու դի­մա­կով, քա­ղաք չկեր­տած՝ ծած­կեց իր մեր­կու­թիւ­նը «հա­գուս­տ­»ով։ Եւ մարդ՝ ար­տաք­նա­պէս շնորհք շա­հե­ցաւ իր «հա­գուստ»ո­վը։ Եւ այ­սօր ալ հա­գուս­տը ո­րո­շիչ դեր մը կը խա­ղայ մար­դուն հա­մար. ան կը ծա­ռա­յէ գե­րա­զան­ցա­պէս գե­ղեց­կաց­նե­լու մարդ­կա­յին մարմ­նի ար­տա­քին տես­քը եւ ո՛չ թէ միայն պահ­պա­նե­լու զայն բնու­թեան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու դէմ։

Ի՞նչ կը նշա­նա­կէ, ու­րեմն, այս դար­ձը դէ­պի կեն­դա­նա­կան նախ­նա­կա­նու­թիւն։ Մարդ ի՞նչ կը շա­հի ծա­խե­լով գե­ղե­ցի­կը, եւ շնորհ­քը հա­գուս­տին, ինչ­պէս նաեւ տնա­կան, ըն­կե­րա­կան ա­ռանձ­նա­փա­կու­մը իր ամ­բող­ջու­թեամբ։ Ա­ւե­լի ա­ռող­ջու­թի՞ւն՝ ա­ւե­լի կեա՞նք՝ ա­ւե­լի եր­ջան­կու­թի՞ւն…։

Ա՛յդ է ա­հա­ւա­սիկ, յա­ռաջ բե­րուած փաս­տը։

Պահ մը են­թադ­րենք, թէ հիմ­նա­կան է փաս­տը։

Բայց կեան­քը միայն «նի՞ւթ» է։ Ո՛չ։

Բարձ­րա­գոյն վե­րա­ցա­կան ար­ժէք­ներ հիմ­նա­ւոր փաս­տեր չեն հա­մա­րուի՞ր։ Կեան­քը միայն մարմ­նա­ւոր ապ­րում­ներ ե՞ն, ո՞ւր է բա­րո­յա­կա­նը, հո­գին։

Ու­րեմն ի­րա­ւունք ու­նի Ֆ. Նի­չէ երբ կ՚ը­սէ՝ թէ Աս­տուած հա­սած է իր վախ­ճա­նին։ Բարձ­րա­գոյն ար­ժէք­ներ կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Այ­սօր «ար­ժէ՛ք» կը նկա­տուի միայն նիւ­թա­կա­նը, միայն մարմ­նա­կա­նը, միայն տե­սա­նե­լին։ Այս ի­մաս­տով փո­խուած է «ար­ժէք»ի ըմբռ­նու­մը՝ հետզ­հե­տէ կորսն­ցու­ցած է իր ի­մաս­տը, ի­մաս­տա­սի­րա­կան խո­րու­թիւ­նը, գա­ղա­փա­րա­յին բարձ­րու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան տա­րած­քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ, 10, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015