ԲՆԱԾԻՆԸ ԵՒ ՍՏԱՑԱԿԱՆԸ

Անշուշտ, ամէն ոք գիտէ «ըլլալ»ու եւ «ունենալ»ու տարբերութիւնը։ Զոր օրինակ, համակրելի, սիրալիր, կամ անհաճոյ մարդ ըլլալու եւ կամ որեւէ առարկայի տէր ըլլալու, որեւէ բան մը ունենալու տարբերութիւնը։

Մարդ ունեցած որեւէ բանը գործածելու ազատութիւնը ունի. ուրիշի մը տալու, նուիրելու, զայն կորսնցնելու եւ կամ զայն նուիրելու։ Մարդուն ունեցածը, տիրացածը բոլորովին իր արտաքին աշխարհին կը պատկանի։ Այս իմաստով մարդուս ունեցածները իր ինքնութենէն դուրս են։ Իսկ մարդուս ինքնութիւնը ի՛նքն է, իր ներքին աշխարհն է՝ իր նկարագրով եւ իր բնաւորութեամբ։

Սակայն ըլլալ եւ ունենալ հակադիր չեն իրարու։

Մարդ, իր ազատ կամքով կ՚ունենայ, կը տիրանայ այն ամէն բանի՝ որ յարմար եւ համապատասխան է իր նկարագրին, այսինքն իր ինքնութեան։ Եւ երբ այս ներքինը եւ արտաքինը, զանազան պատճառներով չհամաձայնին, համապատասխան չըլլան, այն ատեն հարցեր կը ծագին։ Շատ պարզ խօսքով, երբ մարդ իր չհաւնած բան մը առնելու պարտադրուի կամ ստիպուի, հարց կը ծագի. դժգոհ կ՚ըլլայ։

Այս հարցերէն մէկն է, որ ընկերային հարց մըն է նաեւ։ Անյարմար ամուսնութիւններ միշտ կը պատահին։ Մարդիկ, ընդհանրապէս, արտաքին աշխարհով կ՚արժեւորուին։ Ներքին աշխարհը շատ անգամ նկատի չ՚առնուիր՝ նկարագիր, ինքնութիւն, միշտ երկրորդական ազդակ ըլլալով կ՚ընդունուի։ Եւ երբ նկարագիրներ չյարմարին, միջոց մը վերջ հարցեր կը սկսին ծագիլ։ Անշուշտ, հարցեր ունին արտաքին պատճառներ, բայց բուն պատճառը, հիմնականը՝ ամուսիններուն այր-մարդուն եւ կին-մարդուն հակադիր նկարագիրներն են։

Գալով արտաքին պատճառներուն. տնտեսական պայմաններ գլխաւոր ազդակներ են հարցերու։ Բայց ի վերջոյ ասոնց դիմադրելու կարողութիւն ունենալ կամ անոնց հպատակիլն ալ մարդուս նկարագրին հետ սերտօրէն կապուած է։ Մարդ բարձր նկարագրով մը կրնայ տոկալ ամէն աննպաստ վիճակներու եւ կացութիւններու։ Արդարեւ, ընտանիքի մէջ հարցեր կը ծագին ընդհանրապէս անհամաձայնութեան պատճառով եւ այս ալ կապուած է նկարագիրներու՝ մարդուս ներքին աշխարհին բովանդակութեան։

Այս կեանքի իրականութիւնները մեզի ցոյց կու տան, որ մարդ պէտք է ամէն բանէ առաջ ինքնաքննութիւն մը կատարէ, իր ներքին աշխարհին թափանցէ եւ ծանօթանայ իր իսկ «ԵՍ»ին հետ եւ ըստ այնմ կազմակերպէ իր ընկերային կեանքի ընթացքը, իր փոխյարաբերութիւնները։ Արդարեւ, առանց ինքզինք ճանչնալու ուրիշը ճանչնալ կարելի չէ։ Եւ ինքզինք չճանչնալու ընթացքը մեծ մասամբ պատճառ կ՚ըլլայ հարցերու եւ անհամաձայնութիւններու։

Ուրեմն, շատ կարեւոր է «ըլլալ»ը եւ «ունեցած»ը, «ինք»ը եւ «իրեն»ը զանազանել եւ անկեղծ ըլլալ ամէն յարաբերութիւններու մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 4, 2024