ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՑԵԱԼԻ ՄԷՋ

Ինչ­պէս յա­ճախ կ՚ը­նենք, դար­ձեալ թղթա­տե­ցինք Հայ Մա­մու­լի հին է­ջե­րը՝ ուր նկա­տե­ցինք հե­տաքրք­րա­կան տո­ղեր, ո­րոնք կը փա­փա­քինք բաժ­նել մեր սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն հետ՝ բաղ­դա­տե­լու հա­մար ներ­կան եւ ան­ցեա­լը։

Ու­րեմն 11 Սեպ­տեմ­բեր 1910 թուա­կա­նի հե­տաքրք­րա­կան դէպ­քե­րը՝ ո­րոնք տեղ կը գրա­ւեն Հայ Մա­մու­լի մէջ։

ԽԱՌՆ ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ ՆԻՍ­ՏԸ

Խառն Ժո­ղո­վը, Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծած­նայ տօ­նին առ­թիւ, փո­խա­նակ Դշ­.ի (=Չո­րեք­շաբ­թի), Գշ. (=Ե­րեք­շաբ­թի) գու­մա­ր-ւե­ցաւ։ Սրբա­զան Պատ­րիարք Հայ­րը ան­ցեալ Շբ. (=Շա­բաթ) օ­րէն ի վեր տկար ըլ­լա­լով չկրցաւ նա­խա­գա­հել նիս­տին, եւ Ժո­ղո­վը եր­կու ա­տե­նա­պետ­նե­րուն յանձ­նեց իր կող­մէ եր­թալ եւ հարց­նել որ­պի­սու­թիւ­նը Ն. Սրբազ­նու­թեան։

Ժո­ղո­վը զբա­ղե­ցաւ հե­տե­ւեալ խնդիր­նե­րով։

- Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի հո­գե­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը գրով մը տե­ղե­կու­թիւն տուած էր հան­գու­ցեալ Մի­քա­յէլ Յո­վա­կիմ Գա­րա­սու­լեան­ցի կտա­կին տրա­մադ­րու­թեանց մա­սին, ո­րոնց հա­մա­ձայն հան­գու­ցե­լոյն «թէ­րէ­քէ»ին (=թո­ղօն, ժա­ռան­գու­թիւն) ար­դիւն­քին մէկ քա­ռորդ մա­սը յատ­կա­ցուած էր Վա­նայ ազ­գա­յին կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց։ Ո­րո­շուե­ցաւ խնդի­րը յանձ­նել Կտա­կաց Հո­գա­բար­ձու­թեան, ո­րուն կար­ծի­քը ստա­նա­լէ վերջ հարկ ե­ղա­ծը ի գործ պի­տի դնէ։

- Է­յու­պի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին թա­ղի հայ բնակ­չու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ ցրուած է հա­զիւ 15 տուն մնա­ցած ըլ­լա­լով, Ժո­ղո­վը նկա­տե­լով որ նոյն թա­ղին մէջ բա­ւա­կա­նա­չափ ժո­ղո­վուրդ չի գտնուիր եւ Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի կազ­մու­թեան փոր­ձե­րը ի դե­րեւ ե­լած են, ո­րո­շեց առ­ժա­մա­բար նոյն ե­կե­ղե­ցիին մա­տա­կա­րա­րու­թիւ­նը յանձ­նել Պա­լա­թու Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դին։

ՍԻՈՆ ԼԵ­ՐԱՆ ՍՏՈ­ՐՈ­ՏԸ ԾԱ­ԽՈՒ ՀԱ­ՆՈ­ՒԱԾ՝ ՀԱ­ՅՈՑ ՎԱՆ­ՔԻ ՄՕՏ ԶՕ­ՐԱ­ՆՈ­ՑԸ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քա­կան Տե­ղա­պա­հի խորհր­դա­կան Տ. Տրդատ Ե­պիս­կո­պոս գրով մը յայտ­նած է, թէ Սիոն լե­րան ստո­րո­տը եւ Հա­յոց վան­քին մօտ գտնուած զօ­րա­նո­ցը ծա­խու հա­նուած է, եւ այդ շէն­քին գնու­մը ա­մէն կեր­պով նպաս­տա­ւոր պի­տի ըլ­լայ, եւ ա­ռա­ջար­կած է վան­քին ա­ւե­լորդ ար­ծա­թե­ղէն­նե­րը եւ ան­հա­սոյթ կա­լուած­նե­րը ծա­խել, այդ զօ­րա­նո­ցը գնե­լու հա­մար։

ԽԱՌՆ ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ ԴԻ­ՄՈՒ­ՄԸ

Խառն Ժո­ղո­վը ո­րո­շած է «թագ­րիր»ով (=պաշ­տօ­նա­կան գրու­թիւն) մը Դա­տա­կան Նա­խա­րա­րու­թեան դի­մել՝ աս­կէ ա­ռաջ Մու­շի շու­կա­յին մէջ ձեր­բա­կա­լուած եւ ցարդ ար­գե­լա­փակ մնա­ցած քա­հա­նայ հօր ա­զատ ար­ձակ­ման հա­մար։ Պատ­րիար­քա­րա­նը պի­տի բո­ղո­քէ այս ձեր­բա­կա­լու­թեան դէմ, նկա­տե­լով որ ա­սով կը բռնա­բա­րուին Պատ­րիար­քա­կան ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րը, քա­նի որ հոգ­ւո­րա­կան­նե­րը ձեր­բա­կա­լե­լու հա­մար ըստ օ­րի­նի պէ՛տք է Պատ­րիար­քա­րա­նի կամ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հա­ւա­նու­թիւնն ստա­նալ։

ՎՍԵՄ. ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ՊԷՅ ՏԱ­ՏԵԱ­ՆԻ ՔՈՅ­ՐԸ

Տի­կին Նէ­րի­ման Խան, կին Վիեն­նա­յի Պարս­կա­կան նա­խորդ դես­պան հան­գու­ցեալ Նէ­րի­ման Խա­նի եւ քոյր Վսեմ. Յով­հան­նէս Պէյ Տա­տեա­նի, ան­ցեալ Եշ. օր (=Հինգ­շաբ­թի) զոհ գնաց ա­ղի­տա­լի ար­կա­ծի մը։ Նա­մակ­նե­րու ծրար մը ծով նե­տե­լու հա­մար մեկ­նած էր Այ Սթե­ֆա­նո­յի (=Ե­շիլ­գիւղ) Տա­տեանց ա­պա­րան­քէն եւ մին­չեւ ի­րի­կուն չէ վե­րա­դար­ձած։

Տնե­ցի­նե­րու մտա­հո­գու­թեան վրայ, խու­զար­կու­թիւն կը կա­տա­րուի եւ ծո­վե­զեր­քին վրայ հո­վա­նո­ցը կը տես­նուի. իսկ ժայ­ռի մը ստո­րո­տը՝ ան­շունչ մար­մի­նը՝ որ ող­նա­յա­րը ջախ­ջա­խուած էր եւ քուն­քին (=ա­կան­ջին եւ աչ­քին մի­ջեւ գտնուած մա­սը) վրայ վէրք մը կար։ Կը կա­րծուի, թէ ծրա­րը ծով նե­տած պա­հուն հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը կորսնց­նե­լով ին­կած եւ ող­նա­հիւ­սը ջախ-­ջա­խուած է։

Հան­գու­ցեա­լին յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը կա­տա­րուե­ցաւ Կի­րա­կի օր Այ Սթե­ֆա­նո­յի ե­կե­ղե­ցիին մէջ։

Մեր խո­րին վշտակ­ցու­թիւ­նը կը յայ­նենք Վսեմ. Յով­հան­նէս Պէյ Տա­տեա­նի եւ իր պա­րա­գա­նե­րուն։

ԳՆԱ­ԼԸԻ ՄԷՋ ՊՍԱ­ԿԱԴ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Հար­սա­նիք. Գնա­լըի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Ե­կե­ղե­ցիին մէջ ան­ցեալ Եշ. օր կա­տա­րուե­ցաւ պսա­կադ­րու­թիւ­նը Տիար Մկրտիչ Պար­տիզ­պա­նեա­նի եւ Օր. Շու­շան Բ. Քէ­չեա­նի։

Ար­շա­րու­նի Սրբա­զան Հօր ա­նակն­կալ տկա­րու­թեան պատ­ճա­ռաւ կը նա­խա­գա­հէր հա­րիւ­րա­մեայ Տ. Դիո­նէ­սիոս Քա­հա­նայ, որ խօ­սե­ցաւ խրա­տա­կա­նը։ Իսկ եր­կու կող­մէն տա­նե­րէց Տ. Վա­հան Քա­հա­նայ Խո­յեան պա­րա­գա­յին յար­մար քա­րո­զով մը օրհ­նեց հարսն ու փե­սան եւ գո­վեց ա­նոնց գնա­հա­տե­լի ձիր­քե­րը։

Մեր ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եր­կու կող­մին ալ, եւ մաս­նա­ւո­րա­պէ՛ս հար­սին ծնո­ղաց՝ Ա­զա­յին կա­րող եւ ա­ռաջ­նա­կարգ հրա­պա­րա­կա­գիր Տիար Բիւ­զանդ Քէ­չեա­նի եւ իր Ազ­նուա­փայլ Տիկ­նոջ։

***

Կը շա­րու­նա­կենք մեր շրջապ­տոյ­տը ան­ցեա­լի մէջ՝ դէ­պի 29 Հոկ­տեմ­բեր 1911 թուա­կա­նը։

ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԿԵԱՆՔ՝ ԿՐՕ­ՆԱ­ԿԱՆ ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ ԲԱ­ՑԱ­ՌԻԿ ՆԻՍ­ՏԸ ԳՈՒ­ՄԱ­ՐՈ­ՒԱԾ

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը Բշ. օր (=Եր­կու­շաբ­թի) բա­ցա­ռիկ նիստ գու­մա­րեց, թե­թեւց­նե­լու հա­մար իր օ­րա­կար­գին վրայ դի­զուած խնդիր­նե­րը։ Այդ նիս­տին մէջ ի նկատ առ­նե­լով որ Պուլ­կար Ե­կե­ղե­ցին կը զլա­նայ Հայ հի­ւանդ­նե­րուն Սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւն տալ, եւ Հայ ննջե­ցեալ­նե­րը ե­կե­ղե­ցի ըն­դու­նիլ, ո­րո­շեց յանձ­նա­րա­րել Վառ­նա­յի Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դին, որ­պէս զի շրջա­նով Հայ քա­հա-­նա­ներ ղրկէ, քա­հա­նայ չգտնուած տե­ղե­րը։

Ժո­ղո­վը ո­րո­շեց Դու­րեան Ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. Ե­ղի­շէ Սրբա­զան Ար­քե­պիս­կո­պո­սի քննու­թեան յանձ­նել Դպրե­վան­քի ծրա­գի­րը, եւ այդ մա­սին Պա­տուար­ժան Ու­սում­նա­կան Խորհր­դոյ եւ Տ. Գա­րե­գին Ծ. Վար­դա­պետ Խա­չա­տու­րեա­նի ուղ­ղած դի­տո­ղա­գի­րը։

Ա­մե­րի­կա­հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Պօ­ղոս Վար­դա­պետ Գաֆ­թա­նեան վար­դա­պե­տու­թեան ըն­ծա­յա­ցու ներ­կա­յա­ցու­ցած էր միա­դա­ւան Պ. Գէորգ Նա­զա­րեանց՝ որ Դպրե­վան­քի ա­շա­կերտ ե­ղեր է, այժմ հա­մալ­սա­րա­նա­կան։ Ո­րո­շուե­ցաւ իր այդ դա­ւա­նան­քին վրայ տե­ղե­կու­թիւն ու­զել։

Ժո­ղո­վը կար­գա­լոյծ հռչա­կեց Բա­ղե­շի (=Պիթ­լիս) գիւ­ղե­րէն Տ. Մար­տի­րոս Քա­հա­նան, որ հայր եւ որ­դի մը փայ­տով սպան­նած եւ իր ո­ճի­րը հաս­տա­տուած է պաշ­տօ­նա­կան քննու­թեամբ։

Նոյն­պէս կար­գա­լոյծ հռչա­կեց Շա­պին Գա­րա­հի­սա­րի գիւ­ղե­րէն Տ. Սու­քիաս Քա­հա­նայ Սար­գի­սեա­նը, որ ե­րի­ցու­հին (=ե­րէց­կի­նը) մե­ռած ըլ­լա­լով, ու­րիշ կնոջ մը հետ «կե­նակ­ցիլզ»ը հաս­տա­տուած է։

Ո­րո­շուե­ցաւ այդ պա­րա­գան շրջա­բե­րա­կա­նով ծա­նու­ցա­նել ա­մէն կողմ։

Իսկ Դշ. օ­րը, Ժո­ղո­վը զբա­ղե­ցաւ մէկ քա­նի ա­մուս­նա­կան խնդիր­նե­րով։

Այդ նիս­տին մէջ ի նկատ առ­նուե­ցաւ քա­հա­նա­յա­կան տխուր շա­հա­տա­կու­թիւն մը՝ զոր կը կա­տա­րէ ե­ղեր Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւա­գե­րէց Տ. Մի­քա­յէլ Ա­ւագ Քա­հա­նայ Աշ­ճեան, ա­մէն Կի­րա­կի ե­րե­ւա­կա­յա­կան տնանկ աղ­քատ­նե­րու հա­մար ծա­նու­ցում ը­նե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ բե­մէն եւ պնակ շրջա­գա­յեց­նե­լով։ Ու ժո­ղովր­դեան «աղ­քա­տի հա­մար տուած ո­ղոր­մու­թիւն»ը քա­հա­նա­յա­կան հա­սոյթ­նե­րու մէջ կ՚անց­նուի ե­ղեր…։

Խնդի­րը Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դէն տե­ղե­կագ-րըւած էր Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վին՝ ո­րուն բո­լոր ան­դամ­ներն ալ բուռն զայ­րոյթ յայտ­նած են այս գձուձ ա­րար­քին հա­մար, եւ «օ­րի­նա­կե­լի պա­տիժ» պա­հան­ջած։

Վերջ­նա­կան քննու­թիւն մը անհ­րա­ժեշտ դա­տուած է սա­կայն, որ պի­տի կա­տա­րուի Շա­բաթ օ­րը Գում­գա­փուի մէջ։

Ե­ՐՈՒ­ՍԱ­ՂԷ­ՄԻ ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԻՆ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիարք­րին ընտ­րու­թեան մա­սին ո­րո­շում չկրցաւ տալ Խառն Ժո­ղո­վը Դշ. օր (=Չո­րեք­շաբ­թի)։ Վար­չա­կան պատ-ւի­րակ Հայկ Էֆ. Խօ­ճա­սա­րեան ծան­րակ­շիռ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րած է ընտ­րե­լեաց ցան­կի պատ­րաս­տու­թեան մա­սին, զոր «ա­նար­գանք» մը կը նկա­տէ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց դէմ, ինչ­պէս թեր­թե­րու մէջ կը կար­դանք…։

Ժո­ղո­վը վան­քին նիւ­թա­կան մա­տա­կա­րա­րու­թեան տագ­նա­պա­լի վի­ճա­կը ի նկատ առ­նե­լով ո­րո­շեց այժ­մէն կազ­մել ե­լեւմ­տից Հո­գա­բար­ձու­թիւն մը, ան­դա­մակ­ցու­թեամբ տեարց՝ Ա­րամ Հա­լա­ճեան, Հայկ Խօ­ճա­սա­րեան, Մկրտիչ Մա­նու­կեան, Միհ­րան Մու­րա­տեան, Յա­կոբ Է­սաեան, Ռու­բէն Բա­բա­զեան, Սար­գիս Գնա­ճեան։ Միւս կող­մէ Ժո­ղո­վը ո­րո­շեց հե­ռագ­րել Խօ­ճա­սա­րեան Էֆ.ի առ այժմ մնալ Ե­րու­սա­ղէմ, եւ փու­թաց­նել Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը՝ հան­դերձ յայ­տագ­րով։ Նոյն­պէս ո­րո­շեց հե­ռագ­րել որ Պատ­րիար­քա­կան Տե­ղա­պահ Տ. Դա­նիէլ Ե­պիս­կո­պոս ան­պատ­ճա՛ռ պէտք է մնայ Ե­րու­սա­ղէմ։

***

Յետ գրու­թեան ա­ւելց­նենք, որ ա­ւե­լի վե­րը «Խառն Ժո­ղո­վի նիս­տը» խո­րագ­րով հա­տուա­ծին մէջ յի­շուած «Սրբա­զան Պատ­րիարք Հայր»ը՝ Ե­ղի­շէ Ա Պոս­լե­ցի Դու­րեանն է (1909-1910)։­

Եւ վեր­ջա­պէս փոքր թե­լադ­րու­թիւն մը ա­մէն ա­նոնց՝ որ ժա­մա­նա­կավ­րէպ եւ ան­պէտ, ա­նօ­գուտ, ա­ւե­լորդ կը նկա­տեն ան­ցեա­լի հետ հե­տաքրք­րուի­լը։

Թո՛ղ չմոռ­նան ա­նոնք, որ օ­թեկ հա­ցը թարմ հա­ցէն ա­ւե­լի օգ­տա­կար եւ ա­ռող­ջա­պա­հիկ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 3, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015