ԿՈՐՍՈՒԱԾ «ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ»Ը

Երէկուան մեր յօդուածով խօսեցանք հայրենիքի մարգարէին՝ Խրիմեան Հայրիկի մասին, որուն ծննդեան 204-ամեակն էր: Այս գրութիւնը պատճառ եղաւ, որպէսզի դարձեալ մեր ձեռքը առնենք Խրիմեան Հայրիկի երկերը: Անոր աշխատութիւնները թիւով շատ չեն, սակայն հարուստ են իմաստութեամբ. կարելի է ամբողջ մէկ տարի խօսիլ Խրիմեանի գրականութեան մասին ու անոր աշխատութիւններէն դուրս բերել անոր փիլիսոփայական եւ միաժամանակ պարզ ու մարդկային մտածումները, որոնք հակառակ տասնամեակներու հնութեան, կը շարունակեն մնալ այժմէական:

Անոր ամենէն կարեւոր գործերէն մէկը կարելի է նկատել «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը։ Խրիմեան Հայրիկ հողին եւ հայրենիքին կարեւորութեան մասին խօսելէ առաջ կ՚ուզէ խօսիլ հայ ընտանիքին մասին, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ ընտանեկան առողջ դաստիարակութիւն ունենալը հսկայական բանակ մը ունենալու համազօր է: Ազգի մը բարօրութիւնը ամենէն առաջ ընտանիքէն կը սկսի եւ առողջ ընտանիք ունենալ՝ առողջ հայրենիք ունենալ կը նշանակէ: Հայրենասիրութիւնը դաստիարակութեան եւ կրթութեան մաս կը կազմէ եւ մե՛ծ հաւանականութեամբ ա՛յդ է պատճառը, որ Խրիմեան Հայրիկ իր կարեւոր աշխատութեանց շարքին կը սկսի ընտանիքի մասին խօսելով:

Յաճախ գիրք մը կարդալու ժամանակ զանց կ՚առնենք նախաբանը կարդալ, սակայն Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք»ը աշխատութեան պարագային հիմնական գրութեան չափ կարեւոր է նաեւ Հայրիկի նախաբանը։ Խրիմեան Հայրիկ նախաբանին մէջ կը գրէ. «Ժողովուրդ Հայոց, քեզ համար նկարեցի Դրախտի ընտանիքը, կ՚աղաչեմ, որ իբրեւ հայելի դնես աչքիդ հանդէպ, հայիս ու տեսնես հիւանդ եւ հիւծեալ կերպարանքդ»:

Այս տողերէն յստակ կը պարզուի, թէ Խրիմեան Հայրիկի համար հայ ընտանիքի կերպարը փայլուն ու գովելի վիճակ մը չէր պարզեր. Խրիմեան Հայրիկ լաւապէս ծանօթ էր հայ ընտանիքներու դիմագրաւած խնդիրներուն, սակայն անոր պատրիարքութեան առաջին չորս տարիներուն շատ աւելիով առիթ ունեցաւ մօտէն ճանչնալու եւ ուսումնասիրելու հայ ընտանիքին պարզած վիճակը, որուն որպէս հետեւանք ծնունդ առաւ «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը։ Ինչպէ՛ս նախաբանին մէջ կը յիշուի, Խրիմեան Հայրիկ այս աշխատութիւնը որպէս հայելի կը նուիրէ հայ ընթերցողներուն, որպէսզի անոնց մէջ իւրաքանչիւր մարդ գտնէ իր թերութիւնները, իր պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները: Հայ ընտանիքէն ներս տեղ գտած թերութիւններուն ու սխալներուն համար Խրիմեան կ՚առաջարկէ չզրպարտել ու չմեղադրել ո՛չ ոք. խօսքը ուղղելով ընթերցողին կ՚ըսէ. «զայլ ոք պատճառ մի դներ, ո'չ ոք զքեզ կը կորուսանէ. կորուստ քո ի քեն է, քո տնէն է». իւրաքանչիւր մարդ ի՛նք պատասխանատու է իր տան թերութիւններուն եւ զանոնք սրբագրելը դարձեալ կախեալ է մարդու կամքէն:

Խրիմեան Հայրիկ իր այս աշխատութեան մէջ յաճախ խիստ արտայայտութիւններ կ՚ունենայ եւ ինք եւս լաւապէս կը գիտակցի այդ խստութեան եւ բազմաթիւ տեղեր կը կրկնէ. «Կը խոժոռիս թերեւս երբ խիստ կը խօսիմ եւ խստութեամբ կը դատեմ զքեզ». ինչպէս միշտ՝ իրականութիւնը ցաւ կը պատճառէ եւ թերութիւնները ծածկել եւ անոնց մասին լուռ մնալը իրականութենէն ո՛չ մէկ բան կը փոխէ, այդ իսկ պատճառով Խրիմեան Հայրիկ աւելի բարենպաստ կը գտնէ յաճախ խստութեամբ ճշմարտութիւններու մասին խօսիլը՝ քան շողոքորթութեամբ թերութիւնները քօղարկելը:

Խրիմեան Հայրիկ կ՚ուզէ, որ իր այս աշխատութիւնը ինքնաքննութեան առիթ հանդիսանայ. իւրաքանչիւր հայ վերատեսութեան ենթարկէ իր ընտանիքը, հաշուեյարդար մը ընէ ինքն իր անձին միջեւ: Այս մտածումով կ՚առաջարկէ փոխաբերական իմաստով ամէ՛ն մարդ իր տան շեմին գրէ «Ծանիր զքեզ» եւ ամէ՛ն օր մտածէ այդ խօսքին մասին, որովհետեւ ինքզինք ճանչնալը, պարտաւորութիւններու հանդէպ գիտակից ըլլալը առողջ ընտանիք մը կազմելու գրաւականն ու երաշխիքն է:

«Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան մէջ Խրիմեան Հայրիկ կը խօսի թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական հարստութիւններու մասին. իր օրերու ընտանեկան վիճակը Հայրիկը կը բնութագրէ հետեւեալ տողերով. «Դուք շատ աղքատ էք ոսկով ու մտքով. աղքատ էք դաստիարակութեամբ եւ ազատութեամբ, աղքատ էք գործունեայ աշխատասիրութեամբ։ Աղքատ էք արուեստական հանճարով, աղքատ էք իմաստուն տնտեսագիտութեամբ». Խրիմեանի այս աշխատութիւնը կու գայ անոնց մէջէն վերացնելու աղքատութիւնը, որովհետեւ միայն անոնց հարստութեամբ կարելի էր ստեղծել կատարեալ հայրենիք մը՝ որուն երազը ունէր Հայրիկ:

Ինչքա՜ն այժմէական է Խրիմեան Հայրիկ. այնպէս ինչպէս այսօր, անցեալին եւս մարդիկ աշխարհիկ զեղխութիւնները որպէս «յառաջդիմութիւն» կ՚ընկալէին. այդ ժամանակ եւս մարդիկ Եւրոպան կապկել կը փորձէին, սակայն Խրիմեան կու գայ ըսելու, որ քաղաքակրթութիւնը ուրիշը կապկելու մէջ չէ՛ որ կը կայանայ. այն ինչ որ Եւրոպան կ՚ընէ՝ չի՛ նշանակեր, թէ ճիշդ է. ճշմարիտ քաղաքակրթութիւնը Խրիմեան կ՚ամփոփէ երեք բառերու մէջ. ուսում, դաստիարակութիւն, տնտեսութիւն։ Այս երեք բառերու կարեւորութիւնը հասկցող մարդիկ Խրիմեանի բառերով. «ուսման լուսով հաց կը գտնեն, դաստիարակութեամբ հոգին եւ սիրտ կրթելով բարի ընտանիք կը կազմեն, իսկ տնտեսութեամբ հացին սեղան եւ այլ կեանքի պիտոյքները չափով ու կշռով կը մատակարարեն միշտ հոգալով ապագայի անստոյգ օրերն»:

Այս բոլորը պարզապէս նախաճաշակ մըն է Խրիմեան Հայրիկի հրաշալի աշխատութեան. աշխատութիւն՝ որ աւետարանի մը չափ կարեւոր է իւրաքանչիւր ընտանիքի համար:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Երաժշտութիւնը կը նպաստէ՞ առողջութեան:

Պատասխան. Այո, երաժշտութիւնը դրական ազդեցութիւն ունի առողջութեան եւ ինքնազգացողութեան վրայ. երաժշտութիւնը լսելը կը խաղաղեցնէ մարդը, կը նուազեցնէ անհանգստութիւնը, միաժամանակ բարելաւելով տրամադրութիւնն ու հոգեկան վիճակը: Ապացուցուած է, որ ան կ՚իջեցնէ արեան ճնշումը եւ կը կարգաւորէ սրտի աշխատութիւնը եւ կը թեթեւցնէ ցաւը: Աւելին, ներգրաւուած ըլլալը՝ օրինակի համար նուագելը կամ երգելը կը նպաստէ մտաւոր եւ յուզական առողջութեան: Կեանքի մէջ երաժշտութիւն ներառելը կը խթանէ կեանքի ամբողջական բարեկեցութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024