ԿԵԱՆՔԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կեանքի գեղեցկութիւնները մարդկային մտքի եւ կարողութիւններու «բարձր»երն են։ Անոնք չեն ուզեր երբեք մեծութիւն, բարձրութիւն եւ որեւէ զանազանութիւն տեսնել իրենց շուրջը պատող իրերու ու իրադարձութիւններու մէջ՝ վեր չեն նայիր, քանի որ անոնք վե՛րն են…։
Արդարեւ սիրելի է ան, որ երբեք վեր չի նայիր, եւ ոչ ալ՝ վար։ Գեղեցկութիւնները մարդուս կը սորվեցնեն, թէ՝ միայն «բարձրութենէ մը կարելի է բարձրութի՛ւն տեսնել»։ Զոր օրինակ, գեղեցիկ լեռները՝ պատմութեան մէջ միշտ պաշտամունքի ու զոհի արժանի վայրեր նկատուած են։ Լեռներու այդ գեղեցկութիւնը՝ որ իրենց բարձրութենէն կը ծնի, կը խորհրդանշէր անհրաժեշտութիւն մը՝ «հոգեւոր բարձրութեան» եւ «հոգեւոր գեղեցկութեան» բնականաբար՝ որպէս պայմա՛ն Աստուած տեսնելու եւ Անոր հետ հաղորդակցելու։
Ուստի մարդ բարձրանալու է հոգիով, սրտով ու մտքով, որ կարենայ տեսնել ու գնահատել ի՛նչ որ աստուածային է, այսինքն «գեղե՛ցիկ» իրեն համար։
Գեղեցիկին անդրադառնալու եւ զայն վայելելու համար ուրեմն, անհրաժեշտ է բարձրանա՛լ։
Չէ թէ մեծութիւն չկայ, այլ որ ինքը մարդ՝ շիտակ եւ ուղիղ դիրքի մը վրայ կայնած չէ՝ որպէսզի տեսնէ փնտռած «մեծութիւն»ը։ Բարձր մարդը՝ գեղեցիկ մա՛րդ է, քանի որ ան բարձրագոյն հոգիով կրնայ տեսնուիլ՝ հոգեւոր իմաստով։ Բարձր ըլլալ բարձրութեան արժանի ըլլալ կը նշանակէ, թէ ոչ վերէն նայիլ երբեք ու երբե՛ք «բարձր» ըլլալ չի՛ նշանակեր։ Յաճախ կը կրկնենք՝ բարձր կարծել ինքզինք, եւ այդպէս ներկայացնել ինքզինք բարձրութիւն չէ, ինչպէս՝ բարի երեւիլ «բարի ըլլալ» չի նշանակեր։ Մարդիկ, ընդհանրապէս կ՚ապրին երեւակայութիւններու եւ իրականութիւններու միջեւ, տեղ մը՝ ուր ցոյց կու տայ իրենց ճշմարիտ նկարագիրը եւ շատեր չե՛ն այն՝ ինչ որ կ՚երեւին եւ ա՛յդպէս կը ներկայացնեն իրենք զիրենք…։
Բարձր մարդը, ըսինք, գեղեցիկ մարդ է եւ արժանի՝ բարձրութիւններ ու գեղեցկութիւններ վայելելու։
Բարձր, եւ ուրեմն գեղեցիկ մարդը՝ լո՛ւռ է, երբեք չ՚աղմկեր, չի՛ պոռար, չի կանչեր որ մարդիկ ընդունին, ծափեն, փառաբանեն, գովաբանեն իր իսկական բարձրութիւնն ու գեղեցկութիւնը։ Ան գիտէ՝ թէ ի՛նչ է ինք։ Չափը, կշիռը եւ սահմանը լա՛ւ գիտէ եւ միշտ խաղաղ է, քանի որ կը ճանչնայ ինքզինք եւ գիտակցութիւնը ունի իր գեղեցկութեանը արժէքին եւ բարձրութեանը կարեւորութեան։
Օրուան հիւանդոտ գովասիրութենէն, սնամէջ փառամոլութենէն բացարձակապէս զե՛րծ է բարձր ու գեղեցիկ մարդը։ Կարեւոր չէ՝ թէ ի՛նչ կ՚ըսեն կամ ի՛նչ չեն ըսեր մարդիկ. «ինչո՞ւ»ն պէտք չէ իրեն համար։
Մարդ մը, հոգիով ու մտքով բարձրութեան վրայ կենալէ յետոյ, ի՜նչ կարեւորութիւն ունի մարդոց կարծիքը կամ վկայութիւնը, քանի որ ո՛չ մէկուն կարծիքը վճիռ է՛ եւ վկայութիւնը՝ ճշմարտութիւն։
Արդարեւ մարդկային կարծիքը, եւ շինծու, կարծեցեալ համբաւը ի՞նչ կ՚արժեն երբ մէջտեղը՝ բարձրութեան մը ստեղծած գեղեկութեան մը իրականութիւնը գոյութիւն ունի։ Շլացած աչքին նայուածքը եւ շեղած մտքին կարծիքը չե՛ն կրնար փոխել գեղեցկութեան ճշմարտութիւնը…։
Բարձրութիւնը, ինչպէս ըսինք, լուռ է՝ որքան քարերը լուռ են, բայց բարձրութիւնը ունի գեղեցկութիւնը՝ որ անձա՜յն կը փայլի հոգիներու մէջ։
Բարձրութեան գեղեցկութիւնը՝ շատերու անտեսանելի, կը գեղեցկացնէ ամբողջ մարդկութիւնը՝ կեա՛նքը։
Մարդ բոլորովին անտարբեր ըլլալու է եւ անգիտակից, որ անգիտակ ապրի կեանքի անցաւորութեան։
Սաղմոսերգուին համաձայն՝ կեանքը իմաստութիւն կը նշանակէ՝ տեւական գիտակցութիւն ունենալ ժամանակի սահող, պակսող «դրամագլուխ»ի մը՝ որ կը ներկայացնէ «սեփական կեա՛նք» մը…։
Անդրադառնա՜նք կեանքի գեղեցկութիւններուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 11, 2015, Իսթանպուլ