ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՐԺԷՔԸ

Մար­դու մը ի­րա­կան ար­ժէ­քը գիտ­նալ շատ դժուար է։ Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս ար­ժէք կը ստա­նան ի­րենց ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թով եւ ներ­կայ դիր­քով, ինչ որ յա­ճախ կը սխա­լեց­նէ եւ ար­գելք կ՚ըլ­լայ ա­նոնց իս­կա­կան ար­ժէ­քը գիտ­նա­լու։ Մարդ, մինչ­դեռ իր ար­տա­քին էու­թեամբ ու ներ­քին աշ­խար­հով, մարդ ամ­բող­ջու­թիւն մը կը կազ­մէ եւ այդ ամ­բող­ջու­թեան մէջ է, որ կը ստա­նայ իր ի­րա­կան ար­ժէ­քը։ Նաեւ մարդ միայն  ներ­կան չ՚ապ­րիր, ան ու­նի ապ­րուած ան­ցեալ մը եւ նաեւ՝ ա­պա­գայ կեանք մը ապ­րե­լու հա­մար։

Ուս­տի մար­դուս ինչ­պէս ար­տա­քի­նը ու ներ­կան, նաեւ ան­ցեա­լը ու ա­պա­գան, միա­սին կը կազ­մեն ա­նոր ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի­րը՝ որ չա­փան­իշն է իր ար­ժէ­քին։

Մար­դուս ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թը եւ նե­րաշ­խար­հը, ը­սինք որ ամ­բողջ մը կը կազ­մեն, այս ի­րո­ղու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն կեր­պով կը բա­ցա­յայ­տէ ռու­սա­կան ժո­ղովր­դա­կան խօս­ք մը՝ ա­ռած մը, որ կ՚ը­սէ. «Մար­դիկ ի­րենց հա­գուս­տով կը դի­մա­ւո­րուին եւ կը ճամ­բորդուին ի­րենց գի­տու­թեան աս­տի­ճա­նով»։ Ի­րա­պէս, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով մար­դիկ ար­ժէք կը ստա­նան ի­րենց ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թով, բայց երբ ա­նոնց նե­րաշ­խար­հը՝ մտա­յին ու հո­գե­ւոր աշ­խար­հին ծա­նօ­թա­նանք, ա­հա­ւա­սիկ այն ա­տեն կը տես­նենք ու կը հասկ­նանք ա­նոնց իս­կա­կան ար­ժէ­քը։ Ար­դա­րեւ ո՛չ միայն գի­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ ա­ռա­ծը, այլ եւ մա­նա­ւա՛նդ, մար­դուն նկա­րա­գիրն ալ մեծ դեր կը խա­ղայ ա­նոր ար­ժէ­քը ո­րո­շե­լու մէջ։ Ու­րեմն, մար­մին-միտք-հո­գի ան­բա­ժան տար­րեր են մար­դուն ամ­բող­ջա­կան կազ­մու­թեան հա­մար։

Հոս հարց մը կա­րե­լի է ներ­կա­յաց­նել, ի՞նչ է այս մա­սին ձեր կար­ծի­քը սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող­ներ։

Յա­ճախ հար­ցու­ցած եմ ես ին­ծի՝ թէ մէ­կը գի­տու­թիւն ու­նի, եւ սա­կայն նկա­րագ­րով տկար անձ մըն է, ա­պա ու­րեմն, ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով յար­գե­լի մէ­կը պէ՞տք է նկա­տել ա­նի­կա։ Ա­հա­ւա­սիկ, ճիշդ այս կէ­տին կ՚ու­զեմ շօ­շա­փել ձեր ա­մէն մէ­կուն կար­ծի­քը։

«Ներ­քին մարդ»ուն կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար թէ՛ գի­տու­թիւն, եւ թէ նկա­րա­գիր՝ պէտք է ներ­դաշ­նակ ու հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լան ըստ մեր հա­մեստ կար­ծի­քով։

Եւ դո՛ւք, սի­րե­լի­ներ, ա՜յն­քան կա­րե­ւոր է ձեր կար­ծի­քը այս մա­սին, դուք ի՞նչ կը խոր­հիք…։

Փո­խա­դարձ պա­րա­գա­յին՝ մէ­կը զօ­րա­ւոր նկա­րա­գիր ու­նի, ը­սենք, բայց հա­մեստ գի­տու­թեան տէր է, ու­րեմն «ար­ժէք» պի­տի չու­նե­նա՞յ այդ ան­ձը։

Այս խորհր­դա­ծու­թիւ­նը մեզ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ սա եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ՝ մէ­կու մը նկա­րագ­րի հաս­տա­տու­թիւ­նը կամ զօ­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի ծանր կը կշռէ քան գի­տու­թիւ­նը։ Ուս­տի զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի տէր մէ­կը կրնայ հա­մեստ գի­տու­թեան տէր ըլ­լալ, սա­կայն գի­տուն մէ­կը պէ՛տք է ու­նե­նայ նաեւ շի­տակ, զօ­րա­ւոր նկա­րա­գիր, որ­պէս­զի ար­դար յարգ ու պա­տիւ վա­յե­լէ՝ ար­ժէք ու­նե­նայ հա­սա­րա­կու­թեան ա­մէն խա­ւե­րէն ներս։ Ուս­տի եւ ար­տաք­նա­պէս ու ներք­նա­պէս մարդ կա­տա­րեալ ու ան­թե­րի, զօ­րա­ւոր ըլ­լա­լու է՝ որ­պէս­զի ի­րա­պէս ար­ժէք ու­նե­նայ՝ յարգ ու պա­տիւ վա­յե­լէ…։

Ար­դա­րեւ այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ՝ վե­րո­յի­շեալ ռու­սա­կան ա­ռա­ծին վրայ ա­ւելց­նենք «նկա­րա­գիր»ը, եւ ամ­բող­ջաց­նենք խօս­քը.-

Մար­դիկ կը դի­մա­ւո­րուին ըստ ի­րենց ար­տա­քին տես­քին, ե­րե­ւոյ­թին, բայց ա­նոնց գի­տու­թիւ­նը եւ նկա­րա­գի­րը տես­նե­լէ ետք՝ ա­նոնք կը ճամ­բուին ըստ ի­րենց գի­տու­թեան եւ նկա­րագ­րին։ Այս ալ բնա­կան է, քա­նի որ մարդս ճանչ­նա­լու հա­մար պէտք է ճանչ­նալ զայն իր միտ­քով ու նկա­րագ­րով։ Ու­րեմն մէ­կու մը իս­կա­կան ար­ժէ­քին ստու­գա­նիշ­ներն են՝ միտ­քը եւ նկա­րա­գի­րը, ո­րոնց­մէ նկա­րա­գի­րը ա­ւե­լի ծան­րակ­շի՜ռ է քան միտ­քը, գի­տու­թիւ­նը։

Ը­սինք, որ մար­դը պէտք է ճանչ­նալ իր էու­թեան ամ­բող­ջու­թեա­նը մէջ, եւ դար­ձեալ մարդ ար­ժէք կը ստա­նայ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մէջ։ Այս մա­սին հե­տաքրք­րա­կան է սա խօս­քը. «Ե­թէ կ՚ու­զէք մէ­կու մը ի­րա­կան ար­ժէ­քը գիտ­նալ, ա­նի­կա ներ­կայ վի­ճա­կով մի՛ գ­­նա­հա­տէք, այլ ա­նոր ար­ժէ­քը ո­րո­շե­ցէք ա­նոր հաս­նիլ ու­զած դիր­քին հա­մե­մատ»։ Ե­թէ չեմ սխա­լիր, Montesquieu-ի մէկ խօսքն է, զոր մե­զի ցոյց կու տայ՝ մար­դուն ար­ժէ­քը ո­րո­շել ժա­մա­նա­կի մէջ՝ իր ան­ցեա­լով եւ մա­նա­ւա՛նդ իր ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ հե­ռանկար­նե­րով, փա­փաք­նե­րով ու հաս­նիլ ու­զած դի՛ր­քով։ Ներ­կա­յով դա­տել ու ար­ժէք ո­րո­շել կը նմա­նի մար­դը գնա­հա­տել միայն ար­տա­քին տես­քով՝ հա­գուս­տով. այդ պա­հուն կե­ցուած­քով, ինչ որ յայտ­նի չէ, թէ որ­քան ի­րա­կան է եւ ան­կեղծ։

Ան­շուշտ մէ­կու մը ան­ցեալն ալ կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ իր ար­ժէ­քը հասկ­նա­լու, ո­րո­շե­լու հար­ցին մէջ, բայց նկա­տի ու­նե­նա­լու է մար­դուս ի­րաւ ու ան­կեղծ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, բա­րե­լաւ­ման ջան­քե­րը, սրբագ­րած, սրբագ­րել ու­զած սխալ­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­պէս փո­խած կրնայ ըլ­լալ մար­դուս ընդ­հա­նուր կեն­ցա­ղը, ապ­րե­լա­կեր­պը։ Ուս­տի պէտք է ըն­դու­նիլ ի­րաւ եւ ան­կեղծ զղջու­մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մրադ­կա­յին կեան­քին մէջ, եւ կամ ան­ցեա­լի նկատ­մամբ գա­ղա­փար­նե­րու, կար­ծիք­նե­րու, հա­ւա­տա­լիք­նե­րու փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։ Ու­րեմն, մարդս իր ան­ցեա­լով դա­տել՝ թե­րի դա­տո­ղու­թիւն մըն է, թե­րեւս ա­նար­դար։

Պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ դէպ­քե­րու եւ դէմ­քե­րու՝ ո­րոնք բո­լո­րո­վին փո­խուած եւ «նոր մարդ» ե­ղած, նո­րո­գուած են։ Ան­ցեա­լի հետ­քե­րը միշտ կը սխա­լեց­նեն ա­ռողջ դա­տո­ղու­թիւն կա­տա­րել ու­զող­նե­րը։ Գո­նէ լաւ ու­սում­նա­սի­րել՝ հի­նը եւ նո­րը ար­դար կշի­ռով պէտք է բաղ­դա­տել։

Իսկ ներ­կան բո­լո­րո­վին ա­նո­րոշ է եւ կաս­կա­ծե­լի, քա­նի որ ներ­կա­յին մէջ միայն կա­րե­լի է մար­դը տես­նել այն­պէս՝ ինչ­պէս որ ինք ե­րե­ւիլ կ՚ու­զէ։

Ա­մէն սքեմ կրող ի­րա­պէ՛ս հո­գե­ւո­րա­կան կա­րե­լի՞ է նկա­տել։ Ար­դա­րեւ, ֆրան­սա­ցի­նե­րուն խօս­քով՝ «սքե­մը չէ՛ որ մարդս կը բարձ­րաց­նէ, այլ՝ մար­դը, ինք է որ սքե­մին ար­ժէ­քը վե՛ր կը պա­հէ…»։­

Ու­րեմն, դար­ձեալ կու գանք ռու­սա­կան ա­ռա­ծին, թէ՝ մար­դիկ կը դի­մա­ւո­րուին ի­րենց հա­գուս­տով, բայց ե­թէ ար­ժա­նի չեն ի­րենց կրած զգես­տին, նոյն կեր­պով չեն ճամբուիր…։

Ու­րեմն, հե­տե­ւե­լով Montesquieu-ի, մէ­կու մը իս­կա­կան ար­ժէ­քը հասկ­նա­լու հա­մար պէ՛տք է ա­նոր հե­ռան­կար­նե­րը, ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ ծրագ­րե­րը, հաս­նիլ ու­զած նպա­տա­կը, տի­րա­նալ փա­փա­քած դիր­քը եւ ստա­նա­լու տեն­չան­քը ու­նե­ցած աս­տի­ճան­նե­րը լաւ գիտ­նալ, ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րը ճանչ­նալ՝ որ­պէս­զի ար­դար ար­դիւն­քի մը հաս­նինք…։

Մար­դիկ չդա­տենք ու­րեմն ի­րենց ար­տա­քին տես­քով, ա­նոնց ար­ժէք չըն­ծա­յենք ան­ցեա­լի կեան­քո­վը եւ ներ­կայ ե­րե­ւոյ­թո­վը, այլ թա­փան­ցենք ա­նոնց նե­րաշ­խար­հին, դի­տել ջա­նանք ա­նոնց ա­պա­գա՛ն՝ ուր պի­տի գտնենք ու ծա­նօ­թա­նանք «ճշմա­րիտ մարդ»ուն հետ, ի­րա­կան ան­ձին հետ։

Եւ շատ ալ դժուար չէ ա­սի­կա ը­նել՝ փոր­ձենք ան­գամ մը, կ՚ար­ժէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 1, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2015