ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆ
Ընդհանրապէս հետաքրքրութեան առարկայ է եղած, թէ՝ հռչակաւոր «Եղբայրութիւն-Հաւասարութիւն եւ Ազատութիւն» բանաձեւին մէջ ինչո՞ւ չէ յիշուած «Արդարութիւն»ը։ Անշուշտ, արդարութիւնը մարդկային յարաբերութիւններու մէջ անհրաժեշտ, կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ. հոն ուր արդարութիւն չկայ՝ հոն թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական խաղաղութիւն եւ, հետեւաբար, երջանկութիւն չի՛ գտնուիր։
Վերոյիշեալ հարցումին, բազմաթիւ իմաստասէրներ, ընկերաբաններ եւ քաղաքագէտներ միաբերան պատասխանած են. «Հոն՝ ուր եղբայրութիւն, հաւասարութիւն եւ ազատութիւն կայ, հոն արդէն արդարութիւն կա՛յ»։ Ուստի, խորհող միտքերու համաձայնած հազուագիւտ կարծիքներէն մին եղած է այս պատասխանը՝ որուն կը վկայեն դարձեալ բազմաթիւ վաւերագիրներ, գրաւոր հաւաստիքներ։
Արդարեւ, այս մասին «բանականութիւն»ը ամենէն հաստատ փաստը մեզի ցոյց կու տայ, թէ հոն՝ ուր եղբայրութիւն, հաւասարութիւն եւ ազատութիւն կայ, հոն արդարութիւնը չի պակսիր։ Առանց «մասնագէտ» ըլլալու, շիտակ խորհող ամէն միտք կրնայ այս հետեւանքին հասնիլ։
Սակայն, այս կէտին ուրիշ հարց մըն ալ կը ծագի. «եղբայրութիւն» եւ «հաւասարութիւն» երկու կարեւոր ըմբռնումներ, ըսենք, երկու առաքինութիւն՝ որ անհատականութենէ հաւաքականութեան կը բարձրացնէ մարդ էակը։
Մարդ, որպէս անհատ, բնականաբար անձնասէր է, եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ իր գոյութիւնը պահպանելու, պահպանելու եւ տեւականացնելու համար։ Բայց ընկերային կեանքի մէջ պայմանները եւ պարագաները կը փոխուին եւ պէ՛տք է, որ փոխուին։ Ինքնակեդրոն, ինքնահաճ, ինքզինք ինքնաբաւ կարծող, ուրիշին անկարօտ կարծող ինքնագլուխ անհատը, ի վերջոյ թէ՛ իրեն եւ թէ ընկերութեան վնաս կը պատճառէ։ Մարդ, որպէս անհատ, ինքնաբոյս չէ՛, այլ՝ «միութեան» մը արդիւնքն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մարդ միութեան մէջ կը ծնի եւ հաւաքականութեան՝ ընկերութեան մէջ «իրերօգնութեան» սկզբունքով իր կեանքը կը շարունակէ եւ կ՚ապրի…
Եւ ուրեմն, այս «միութեան», հաւաքական կեանքի մէջ կարեւորութիւն կը ստանան «եղբայրութիւն» եւ «հաւասարութիւն» ըմբռնումները։ Ուստի, «հաւասարութիւն»ը աւելի լայն եւ ընդարձակ նշանակութիւն ունի, քան «եղբայրութիւն»ը, եւ ուրեմն, հաւասարութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ եղբայրութիւն, բայց եղբայրութիւնը հաւասարութիւն կրնայ նշանակել, թէեւ ընդհանրապէս այս երկուքը մերձիմաստ կարելի է նկատել, բայց ըստ էութեան հաւասարութեան լայն շրջանակին մէջ է եղբայրութիւնը. մէկ խօսքով՝ հաւասարութիւնը գերադաս է քան եղբայրութիւնը։
Եղբայրութիւն երբ կ՚ըսենք, կարծես զատողութիւն կը դնենք մարդոց միջեւ. «եղբայրներ» եւ «օտարներ». ուր հաւասարութիւնը արդէն կը կորսնցնէ իր արժէքը։ Երբ մէկուն «եղբայր» կ՚ըսենք եւ ուրիշ մէկուն չենք ըսեր, հաւասար չենք նկատեր այդ երկուքը. մինչդեռ ամէն մարդ «հաւասար» է իրարու նկատմամբ։ Զոր օրինակ, ան, որ «եղբայր» կը կոչենք, ի՞նչ տարբերութիւն ունի մէկու մը նկատմամբ, զոր «եղբայր» չենք կոչեր։
Անշուշտ խօսքը բնական «եղբայր»ի մասին չէ, քանի որ այս իմաստով եղբայրը՝ միեւնոյն հօր եւ մօր ծնած որդիներն են եւ անոնք ալ հասարակաց կէտ մը ունենալով՝ կը մտաբերեն հաւասարութեան գաղափարը։
Հետեւցնելով, «եղբայրութիւն» եւ «հաւասարութիւն» ըմբռնումները գաղափարի մակարդակով զիրար կը հակասեն, կամ կարելի է ըսել, աստիճանաւոր գաղափարային դիրք մը կը ներկայացնեն։ Զոր օրինակ, «եղբայր» կոչումէն աւելի արժէքաւոր եւ յարգելի է «բարեկամ»ը՝ որուն մէջ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւն մը կայ եւ աւելի սրտագրաւ է։ Եւ երբեմն բարեկամը աւելի մօտ է քան եղբայրը։ Եթէ հաւասարութիւն է նպատակը՝ մարդոց պէտք է մօտենալ եւ, բոլոր մարդոց անխտիր, որպէս ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամ ընդունիլ՝ քան կեղծ եւ ծպտուած «եղբայր»…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 2, 2024, Իսթանպուլ