ՎՇՏԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Վիշտ, ցաւ, տառապանք. այս բոլորը կեանքին անբաժանելի եւ անխուսափելի իրողութիւններն են։ Ասիկա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, քանի որ չկա՛յ մարդ՝ որ դիմաւորուած չըլլայ անոնց՝ երկար եւ կամ կարճ ժամանակով մը իր կեանքին մէջ։ Մարդուս կամքէն բոլորովին անկախ՝ յաճախ կու գայ կը մտնէ իր կեանքին մէջ, կը ջլատէ իր կենդանութիւնը, կենսունակութիւնը եւ կը նուազեցնէ զայն՝ առանց նկատի ունենալու դիրք, աստիճան, աշխատութիւն, պարտաճանաչութիւն կամ գիտնականութիւն, այնպէս կը ներկայանայ ու կը տիրապետէ՝ որ մարդ չի կրնար ըսել. «հիմա հեռացի՛ր, վերջը կու գաս…»։ 

Արդարեւ, վիշտը, ցաւը՝ որպէս առանց հրաւէրի այցելուներ, հիւրեր՝ բռնաւորի մը նման կը տիրեն մարդուս կեանքին եւ կը վարեն զայն։ Անոնք երբեք չեն սպասեր, որ մարդ իրենց մօտ երթայ եւ կամ զիրենք հրաւիրէ՝ իրենք է որ կու գան՝ յաճախ յանկարծակի եւ ուժգին գիրկընդխառնութեամբ կը փարին։ Ո՛չ մէկը կրնայ ազատել ինքզինք անոնց տիրապետութենէն՝ առանց կարծես անոնց «կամք»ին։

Ուստի, այն մարդը որ չի տառապիր, որեւէ ցաւ ու վիշտ չ՚ունենար եւ երբեք չէ՛ տառապած ու վիշտ չէ ունեցած իր կեանքի ընթացքին, անհեթեթ «բացառութի՛ւն» մը պիտի համարուէր. գուցէ Աստուծոյ կողմէ «մոռցուած» մը պիտի ըլլար ան։

Բայց սա բացայայտ է, թէ Աստուած ոչ զո՛ք կը մոռնայ եւ կ՚անտեսէ։

Վիշտը եւ ցաւը, տառապանքը մարդկութեան ամենէն հին ու հիմնական հարցերէն մէկն է. անոնց վարժուիլ կարելի չէ, բայց առանց անոնց ալ կեանքը ապրիլ կարելի չէ։ Կարծես մարդ երբ կը ծնի, իր ճակտին վրայ դրոշմուած է դատավճիռը տառապելու, վիշտ ու ցաւ կրելո՛ւ։ Եղած են իմաստասէրներ, խորհողներ, որ անտարբերութիւն եւ հեշտասիրութիւն են յանձնարարած՝ ազատելու համար վիշտէ եւ տառապանքէ։ Բայց ո՛չ մէկ օգուտ. վիշտը եւ տառապանքը մի՛շտ յաղթական կը հանդիսանայ երբ կ՚ուզէ գալ եւ տիրապետել մարդկային կեանքին վրայ. ա՛ն է միշտ յաղթականը եւ բռնադատողը կեանքին։

Եթէ հակիրճ ակնարկ մը նետենք յունական կամ հռովմէական հին աշխարհին վրայ, եւ քննենք անուանի իմաստասէրներու խօսքերը, նո՛յն բանն է որ կը յանձնարարուի վշտին, տառապանքին որպէս դարման, հեշտասիրութիւն՝ Եպիկուրով, եւ անտարբերութիւն՝ Ստոյիկեան Զենոնով։

Իսկ Սենեկան՝ հնագոյն իմաստասիրական աշխարհի մեծանուն անձը, աւելի խորին կերպով ուսումնասիրած է «վիշտ»ը, եւ տեսած է անոր մէջ «Նախախնամութեան խորհրդաւոր մէկ ազդակը մարդուն դաստիարակութեան եւ հոգեւոր զարգացման համար»։

Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեան, իր մէկ քարոզին մէջ կ՚ըսէ, թէ. «Ըստ Սուրբ Գիրքի վիշտը ո՛չ պարզապէս բնական երեւոյթ մըն է, ո՛չ Արարչին սկզբնական կամքին մէկ արդիւնքը, ո՛չ իսկ ճակատագրական մըն է, այլ արդիւնքն է. անկարգութեան, հեստութեան ընդդէմ Աստուծոյ։ Աստուած չէ՛ ուզած եւ չ՚ուզե՛ր վիշտը, Անոր հաճելի բան մը չէ այդ. երբ մարդ Աստուծոյ կը հպատակի, ու իր յարաբերութիւնները երկիւղածութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ կը կատարէ, այն ատեն տառապանքն ալ ինքնաբերաբար կ՚անհետի, ու մարդ ինքզինք երջանիկ ու ուրախ կը զգայ։ Բայց մարդ արարածը հպատակութենէ եւ կամ համակերպութենէ աւելի կարծես նախապատիւ համարած է ապստամբութիւնը, հեստութիւնը, եւ անոր համար է որ վիշտը անխուսափելիօրէն կա՛յ անոր հետ՝ որքան որ կ՚ապրի աշխարհի երեսի վրայ։ Աստուծմէ հեռանալ կը նշանակէ գերի ըլլալ տառապանքի եւ վշտի։ Արդարեւ, Ովսէէ իր մարգարէութիւններուն մէջ կ՚ըսէ.- Ապականեցար, ո՜վ Իսրայէլ, զի հակառակ եղեր ինձ օգնականի քում։ (ՈՎՍ. ԺԳ 9)։ Ուրեմն վիշտն ու արտասուքը, տառապանքը եւ հեծկլտանքը՝ հետեւանքն է ընդհանրապէս հոգւոյն ապստամբ կացութեան…»։

Արդարեւ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ վիշտ, ցաւ, տառապանք զգալու պատճառը, եւ ի՛նչ որ ըլլայ անոնց բնոյթը, սա իրողութիւն մըն է, որ անխուսափելի են անոնք մարդկային կեանքին մէջ, եւ սիրտն ու հոգին դաստիարակելու, ազնուացնելու գործին մէջ մեծ դեր ունին։ Եւ անոնց միջոցով է որ սիրտը եւ հոգին կը կատարելագործուին, կ՚աճին։

Մեր այս համեստ գրութեան խորագիր ունեցանք. «Վշտին Յարաբերականութիւն»ը։ Եւ իրապէս, վիշտը աստիճան ու չափ ունի, այնպէս որ վշտի, ցաւի եւ տառապանքի ենթարկուած իւրաքանչիւր անձ, իր վիշտը՝ մեծագոյն տառապանք կը կարծէ, բայց երբ բաղդատէ ուրիշներու վշտին հետ, կը տեսնէ որ իր վշտէն աւելի զօրաւոր, ազդու եւ մինչեւ իսկ անտանելի վիշտեր ու տառապանքներ ալ գոյութիւն ունին աշխարհի վրայ. ո՛չ մէկու վիշտը ուրիշէ մը աւելի չէ, եւ նուազ ալ չէ՛ միանգամայն։

Իրական դէպքէ մը  առնուած է պատմութիւնը.

Հայր մը, խուճապի մատնուած՝ գրկած իր արկածեալ վիրաւորուած՝ արիւնլուայ մանուկը հիւանդանոց կը դիմէ։ Մանուկը պէտք է վիրահատուի։ Բայց պատասխանատու բժիշկը կը բացակայի։

Անմիջապէս լուր կու տան բժիշկին, եւ ան քիչ մը յապաղումով կը հասնի հիւանդանոց։ Վիրաւոր մանուկին հայրը, զայրացած կը յանդիմանէ բժիշկը եւ կ՚ըսէ, թէ իր մանուկը վիրաւոր է, թերեւս եթէ չդարմանուի՝ մեռնի։ Բժիշկը հանդարտութեան կը հրաւիրէ վշտահար՝ զայրացած հայրը եւ կը միջամտէ, կը վիրահատէ եւ կը դարմանէ վիրաւոր մանուկը։

Կու գայ, մանուկին հօր կ՚ըսէ, թէ ամէն ինչ կարգին է եւ պէտք է անմիջապէս մեկնի, ուստի հիւանդապահուհին պէտք եղած տեղեկութիւնները  պիտի տայ իրեն։ Դարմանուած, բժշկուած մանուկին հայրը անգամ մը եւս կը զայրանայ եւ կ՚ըսէ հիւանդապահուհիին. «Այս ի՛նչ ինքնահաւան բժիշկ է՝ լքեց իմ մանուկս եւ աճապարանքով մեկնեցաւ»։

Հիւանդապահուհին կը պատասխանէ.

«Հանդարտ եղէ՛ք, ձեր մանուկը բժշկուեցաւ, իսկ բժիշկը աճապարանքով մեկնեցաւ, քանի որ քու մանուկդ բժշկելու համար իր արկածամահ մանուկին յուղարկաւորութիւնը կէս թողած էր, անմիջապէս մեկնեցաւ որպէսզի գոնէ վերջաւորութեանը հասնի…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 31, 2017, Իսթանպուլ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017