ՆՈՅՆ ԿԵՐՊՈՎ ԽՈՐՀԻԼ
Երբեք մտածա՞ծ էք, սիրելինե՜ր, եթէ ընկերութեան մը, հասարակութեան մը մէջ բոլոր անհատներ «նոյն կերպ»ով խորհէին, ի՜նչ կ՚ըլլար հետեւանքը։
Կրնան ըսել ոմանք, որ կատարեալ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն կը տիրէր, երանի՜ թէ ըլլար այդ համամտութիւնը, այն ատեն տարակարծութիւններ գոյութիւն չէին ունենար, եւ աշխարհ դրախտի մը կը վերածուէր…։ Անշուշտ լաւ բան է համակարծիք ըլլալ, բայց եթէ այդ համակարծիք միջավայրին մէջ «ճշմարտութիւն»ը կորսուի՞, կը խորհի՞ք, թէ սպասուած խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը կ՚իրականանայ։ Ատիկա կատարեալ խաբէութիւն մը պիտի ըլլար, միա՛յն քօղարկուած խաղաղութիւն մը, քանի որ մարդկային բնութիւնը, բանականութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ իւրաքանչիւր անձ տարբեր կերպով ըմբռնէ իրականութիւնը, տարբեր կերպով դատէ եւ տարբեր կերպով խորհի ու գաղափար կազմէ անոր մասին։ Եւ կարծեմ անհատ ըլլալու՝ անձ ըլլալու յատկանիշն է այս հանգամանքը։
Յաճախ կը կրկնենք՝ մարդ միայն մարմին չէ՛, այլ «մարմին, հոգի եւ միտք» երեքներէ բաղկացած «միութիւն» մըն է ան, եւ ուրեմն ամէն անձ ունի իւրայատուկ հոգին ու միտքը՝ ինչպէս ունի ուրիշներէն անջատ մարմինը։ Անձը կը տարբերի ուրիշներէ իր մարմինով, հոգիով եւ միտքով։
Ամէն մարդ, իւրաքանչիւր անհատ, այս իմաստով ուրոյն անձ մըն է։ Ապա ուրեմն կրնայ տարբերութիւններ ունենալ ուրիշներէ եւ չնմանիլ միւսներուն։ Այս ալ կը նշանակէ՝ թէ հաւաքականութեան մը մէջ՝ իւրաքանչիւր անձ կրնայ տարբեր խորհիլ, ի՛նչ որ բնական է եւ բանակա՛ն։ Ուստի «ինչո՞ւ նոյն կերպով չենք խորհիր» կամ «ինչո՞ւ նոյն կերպով չխորհինք», ըսել մարդկային բնութեան հակառա՛կ է…։
Քաղաքակիրթ, յառաջադէմ ժողովուրդներու մէջ, ընդհանրապէս ընդունուած է այս իրողութիւնը եւ գաղափարի տարբերութիւններու փոխանակութեան միջոցով ստեղծուած է ընկերային ներդաշնակութիւն, եւ ուրեմն՝ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն։ Քաղաքակիրթ ընկերութիւններ չեն ուզեր, որ նոյն կերպով խորհի ամէն անձ, քանի որ ան արգելք է յառաջդիմութեան։
Նոյն կերպով խորհելու բռնադատուած, հարկադրուած հաւաքականութիւններ կը ստեղծեն «մեքենանման» անհատներ, որոնք նպաստաւոր կամ աննպաստ ամէն իրողութիւն կ՚ընդունին եւ պատճառ կը դառնան ամուլ եւ անշարժ, աննպատակ ընկերութեան մը։
Մինչդեռ, ընկերութեան մը յառաջդիմութեան մղիչ ուժը՝ գաղափարի փոխանակութիւնն է՝ ընդհարումը, բախումը՝ որմէ կը ծնի ճշմարտութիւնը, ի՛նչ որ վերջնական նպատա՛կն է մարդուն։
Բայց անհատներու տարբեր ու անկախ խորհիլը պէտք չէ վնասէ ընկերային ներդաշնակութիւնը եւ խաղաղութիւնը։ Արդարեւ, անհատապաշտ եւ անկախ միտքի տէր ժողովուրդներու համար անկարելի է «նոյն կերպով խորհիլ»։
Հասարակութեան մը մէջ թող տարբերին մտածումներ, խորհելակերպեր, գաղափարներ, հոգ չէ, հաւատալիքներ ու համոզումներ ալ զանազանուին, բայց այդ տարբերութիւնները, զանազանութիւնները պէտք չէ՛ վնաս հասցնէ եղբայրական սիրոյ, այլապէս՝ մարդասիրութեան բարձրագոյն զգացումին։
Եթէ համոզումներ, կարծիքներ, հաւատալիքներ տարբեր են, ինչ որ բնական է, բայց ինչո՞ւ զիրար չսիրենք։ Գաղափարի, համոզումի, հաւատալիքի եւ բոլոր բնական-մարդկային տարբերութիւններ եւ զանազանութիւններ պէտք չէ՛ արգելք հանդիսանայ սիրոյ, որ ամենաբարձր ու ամենէն ազնիւ արժէքն է մարդկութեան։
Գաղափարներ, կարծիքներ կրնան տարբերիլ, փոխուիլ, բայց սէրը մնայուն է՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր։ Եւ այս իսկ պատճառով պէտք չէ զոհել սէրը՝ կարծիքի մը կամ համոզումի մը համար։ Մտածումներ ժամանակաւոր են, իսկ սէրը՝ անժամանա՛կ։ Եւ ո՜րքան նշանակալից է Մ. Ա. Վոլթէրի խօսքը, թէ՝ կը հակառակի գաղափարի մը կամ մտածումի մը, եւ սակայն հակառակած գաղափարը ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքն ալ կը պաշտպանէ ի գին ամէն ինչի։ Ահաւասիկ, ազատամտութիւնը, լուսամտութիւնը, հանդուրժողութեան, զոհողութեան ազնիւ ոգին ալ ա՛յս կը պահանջէ։ Այս զոհողութիւնը երբեք պէտք չէ հասկնալ որպէս համակերպութիւն կամ զիջում, կրաւորականութիւն, այլ՝ ազնուախոհ մարդու կեցուա՛ծք։
Ինչպէս անհատական, նոյնպէս եւ ընկերային բազմաթիւ հարցերու մէջ վճռական որոշումը կու տայ միշտ սիրտը, կամ խիղճը եւ ո՛չ թէ միտքը։ Ուստի այն ճամբան, որ հասկցողութեան, հաշտութեան, համախոհութեան, խաղաղութեան եւ համագործակցութեան կ՚առաջնորդէ՝ տրամաբանութիւնը չէ՛, չոր ու ցամաք պայմանագրութիւնը չէ, այլ՝ մանաւանդ յորդող, տաք սէ՛րն է։
Բարեկամութիւնը՝ բարիք կամեցող, բարեացակամ ոգին է, որ ինքնին կը լուծէ, կը քակէ թշնամութեան թնճուկը։ Ատելութիւնը եթէ թոյն մը, ժահր մըն է՝ դեղթափը սէ՛րն է։
Մարդ եթէ կ՚ատէ, չի կրնար սիրել։ Մարդ պէտք է սիրէ, որպէսզի չատէ։ Ուստի կարելի՞ է լեղին ու քաղցրը նոյն գաւաթին մէջ դնել…։
Արդարեւ, ժողովուրդի մը բաժանուած ու հակամարտ տարրերուն բուժիչ դեղը ո՛չ թէ քաղաքական փիլիսոփայութեան մը մէջ՝ այլ սիրոյ գերագոյն զգացումին եւ ամենավերին, բարձր արժէքին մէջ կը գտնուի։
Մարդ սիրելու համար պէ՛տք է ամէն տեսակ նախապաշարումը եւ աշխարհիկ նողկանքն ու արհամարհանքը թօթափէ իր մէջէն։ Այն ատեն, ահաւասիկ մարդ կ՚անդրադառնայ իր կոչումին, իր հանգամանքին, իր էութեան։
Կրնայ դժուա՛ր թուիլ աշխարհապաշտ միտքերու համար թօթափել այդ բոլորը, բայց մարդոց համար անկարելին՝ Աստուծմով կարելի է։
Աշխարհապաշտներ նոյնիսկ, չ՚արժե՞ր առիթ մը, պատեհութիւն մը տալ Աստուծոյ, որ իրենց համար անկարելին «կարելի՛» ընէ։
Ինչո՞ւ վախնանք զիրար սիրելէ…։
Ինչո՞ւ ատենք երբ կա՛յ սէրը։
Աստուած երբեք անտարբեր չի գտնուիր ամէն անոնց՝ որ սէր կը խնդրուի Իրմէ, քանի որ Ի՛նք Սէ՛ր է եւ սէր խնդրողը՝ Աստուած կը խնդրէ։ Աստուած կը խօսի, կը պատասխանէ, երբ Սէ՜ր կ՚առաջարկուի իբրեւ սպեղանի, դեղ ու դարման վէրքերու, իբրեւ լուծիչ ատելութեան մահաբեր թոյնին, անոր որ մա՛հ կը սպառնայ մարդուն թէ՛ անհատական եւ թէ հասարակական-ընկերային կեանքին։
Տեսաբանօրէն չենք խորհրդածեր, այլ գործնական՝ մեր մտածողութեան մէջ քան ամենէն գռեհիկ իրապաշտը։ Յոռետես ալ չենք այս մասին, քանի որ թէ՛ պատմութիւնը եւ թէ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը կը վկայեն, թէ կարելի է սիրել՝ փոխանակ ատելու…։
Մարդ պէտք չէ բանագնացը ըլլայ որեւէ հարցի եւ կամ մէկ կողմի մը կամ միւս կողմի մը սակարկիչ գործակալը։ Մարդ իր անհատականութեամբ պէտք է տիրէ հարցերուն՝ ի՛նք պէտք է դատէ եւ որոշէ կողմը, որ զինք պիտի առաջնորդէ ճշմարտութեա՛ն։ Արդարեւ իւրաքանչիւր անհատ, որ մաս կը կազմէ համայն մարդկութեան, պէտք է անհրաժեշտաբար «ներշնչող»ը կամ թելադրիչը ըլլայ քաղաքականութեան մը, փիլիսոփայութեան մը՝ որ ձեւ ու մարմին կ՚առնէ սիրոյ ձուլարանին մէջ։ Քանի որ սիրոյ հալոցը կը կատարելագործէ մարդը իր բոլոր երեսակներով եւ հանգամանքներով։
Ամէն շրջանի ստիպողականութիւնը ա՛յս է, այս ըլլալու է, եթէ մարդ իրապէս նպատակ ունի կատարելագործուելու՝ երջանիկ ըլլալու։
Հասարակաց միտքը կը կազմուի հասարակաց զգացումով, քանի որ սրտին խօսքը՝ մտքին խօսքն է։ Եւ երբ սիրտը մէ՛կ է, ապա ուրեմն մի՛տքեր ալ մէկ կ՚ըլլան։
Եւ երբ մարդ նուազագոյն եզրի մէջ կրնայ համամտիլ, դիւրին է աւելի մեծ հարցերու մէջ ալ համախոհ ու համաձայն ըլլալ։
Բայց նախ եւ առաջ պէտք է, որ մարդ սիրտով, սիրով մէ՛կ ըլլայ, յաջորդաբար կը միանան ամէն գաղափար ու ամէն կարծիք, որքան ալ հեռու ըլլան, կամ հեռու կարծուին իրարմէ։ Երբ սիրտերը մօտ են՝ միտքերը աւելի եւս մօտ են իրարու։ Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, գաղափարի, համոզումի, տեսակէտներու տարբերութիւնը եւ հակառակութիւնը բնական է եւ ակնկալելի, ներելի է նոյնիսկ եւ քաջալերելի՝ քանի որ, ինչպէս ըսինք, յառաջդիմութեան եւ ընկերային աշխուժութեան առիթ կու տայ, շարժում կը ստեղծէ, կը լուսաւորէ մարդկային ապագայի ճամբան եւ կը յստակացնէ զայն։
Բայց, սիրելի՜ներ, աններելի եւ անընդունելի է ատելութիւնը, մաղձը, հոգեկան այդ սպաննիչ թոյնը։ Միտքեր թող հեռանան, հոգ չէ, բայց երբ սիրտեր մօտ ըլլան, անոնք ալ ի վերջոյ կը մօտենան, կը մտերմանան եւ կը նոյնանան։
Երբ այս իմաստով մօտենանք ընկերային հարցերուն՝ պիտի տեսնուի, որ մարդկութիւնը շատ ալ պէտք չունի «գաղափարափոխութեան», այլ՝ պէտք ունի «հոգեփոխութեա՛ն»։
Անշուշտ պարզ նախանձախնդրութիւն մըն է այս՝ մեր պատասխանատուութեան, որպէս անհատ եւ որպէս անդամ մարդկային ընտանիքին։ Եւ իւրաքանչիւր անհատ իր կարողութեան ու տարողութեան չափով ունենալո՛ւ է այդ նախանձախնդրութիւնը։
Իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատո՛ւ է աշխարհի խաղաղութենէն, մարդկային անդորրութենէն, ո՛չ միայն իր կամ իր մերձաւորներուն, այլ ամբողջ մարդկութեան երջանկութենէն, եւ ուրեմն ըստ այնմ պէտք է վարուի։
Մա՛րդ իրաւունք չունի ըսելու, թէ աշխարհի խաղաղութիւնը միայն իր ջանքով կարելի չէ հաստատել, իր ջանքերը ի զուր են, չեն ծառայեր ընդհանուրին։ Ամէն մարդ, իւրաքանչիւր անձ, բոլոր մարդկութիւնը պատասխանատո՛ւ է աշխարհի խաղաղութենէն եւ մարդոց երջանկութենէն։ Ասիկա «աշխարհ փրկել»ու ամբարտաւան յաւակնութիւնը չէ՛, այլ մա՛րդ ըլլալու կոչումը եւ պահանջը։
Կարելի է հարցնել. հապա ի՞նչ կրնանք ընել։ Շա՜տ բան կրնաք ընել այս մասին, քանի որ զօրաւոր բարոյական զէնք մը ունիք, բա՛ւ է որ կարենաք գործածել զայն։ Եւ այդ բարոյական զօրաւոր զէնքը Սէ՛րն է, սկսէ՛, սա պահուս սիրել, դրացիդ սիրէ, աշխատակիցդ, գործակիցդ սիրէ, անծանօթ մէկը սիրէ, եւ աւելին՝ թշնամի կարծածդ սիրէ եւ պիտի տեսնես, որ շատ բան կրնաս ընել «խաղաղութեան» համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 11, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024