ՓՐԿԵՑԷ՛Ք ԹԱՏՐՈՆԸ
Կասկած չունինք, թէ թատրոնը մշակոյթի ամենէն կարեւոր սիւներէն մէկն է, կենդանի արուեստ մը, որ կը գերազանցէ ժամանակը: Մշակութային երես մը, որ իր զանազան ձեւերով կեանքն ու ընկերային կեանքը կը ներկայացնէ հանդիսատեսին, կապ մը ստեղծելով մարդուն եւ մարդուն միջեւ, փոխանցելով գաղափարներ, զգացումներ: Սակայն վերջերս, մանաւանդ մամուլի մէջ, լսած ենք «հայ թատրոնը կը մեռնի» արտայայտութիւնը. վստահաբար, ըսուածին մէջ որոշ ճշմարտութիւն մը կայ, սակայն պէտք է ուսումնասիրել պատճառը, հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ թատրոնի մշակոյթը կամաց-կամաց կը քաշուի հրապարակէն:
Առաջին հերթին համաշխարհային համոզում մը եղած է, որ ընդհանրապէս արուեստը եւ մասնաւորաբար թատրոնը շահութաբեր ոլորտ մը չէ. մանաւանդ հին ժամանակներուն թատրոնը շահութաբեր ըլլալէ աւելի մշակութային ինքնութեան պահպանում էր, այդ իսկ պատճառով կը կատարուէին կա՛մ սիրողական գետնի վրայ եւ կամ կը վայլէին հովանաւորութիւնը այս կամ այն հաստատութեան, մինչեւ իսկ պետութեան: Սակայն, իւրաքանչիւրի մօտ թատրոնի հասկացողութիւնն ու նպատակը տարբեր է. ոմանց համար թատրոնի նպատակը մշակութային է. շատեր կը հաւատան, որ թատրոնը միջոց է սրբագրելու ընկերային կեանքի մէջ տեղ գտնող շատ մը սխալները. ուրիշի նպատակը շահն ու հասոյթն է, որով կը գոյատեւէ դերասանն ու աշխատակիցները. շատերու համար լոկ ժամանց է, իսկ ուրիշի մը համար միջոց որոշ գաղափարներ ու համոզումներ քարոզելու եւ փոխանցելու ժողովուրդին: Այդ իսկ պատճառով հարցականի տակ կը շարունակէ մնալ թատրոնի հետապնդած հիմնական նպատակը: Գուցէ այդ նպատակներու տարբերութիւնն է, որ որոշ թատրոններ անվճար, իսկ վճարովի կը դառնան. սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ թատրոնի մը յաջողութիւնը ո՛չ թէ ծախուած տոմսերով, այլ ժողովուրդին վրայ ունեցած իր ազդեցութեամբ կը չափուի, որովհետեւ մշակութային նման արուեստ մը նիւթականէն աւելի ունի սկզբնական գաղափարական, ինչպէս նաեւ գեղագիտական արժէքներ:
Նոյնիսկ դերասաններուն մօտ, թատրոնը հասութաբեր «գործ» ըլլալէ առաջ արուեստ ու մշակոյթ է, սակայն բոլորը այսպէս չեն մտածեր. այդ իսկ պատճառով կը շարունակուի թատրոնը որպէս հասութաբեր գործ տեսնողներուն եւ թատրոնը որպէս մշակոյթի սիւներէն մին ընդունողներուն հակասութիւնները: Սակայն այս երկուքը եւս իր մէջ ունի հակասութիւններ. որովհետեւ թատրոնը որպէս հասութաբեր նկատող խումբը կ՚ուզէ միւս կողմէ ազդեցութիւն ունենալ, իսկ ազդեցութեան համար գործողը՝ որոշ նիւթական ապահովութիւն ունենալ եւ գուցէ այս քաոսային վիճակն է, որ կամաց-կամաց սկսաւ վերջ տալ թատերական արուեստին: Միւս կողմէ, պէտք է մտածել հետեւեալ ձեւով. նկարչութիւնը, որ կարեւոր արուեստ մըն է իրականութեան մէջ, մեծ հասութաբեր շուկայ մը ունի. նկարչութեան պարագային արուեստագէտը մէկ հոգի է եւ մեծ հասութաբերութիւն ունի. թատրոնի պարագային, սակայն, ծախսերը համեմատաբար շատ աւելի են՝ քան նկարչութիւնը։ Եթէ նկարիչին պէտքերը կտաւն ու ներկն են, ապա թատրոնի պարագային շատ աւելին է. պէտք է նկատի ունենալ, որ թատրոնի հասոյթը մէկ հոգիի չի պատկանիր, այլ կը բաժնուի դերասաններու միջեւ եւ հետեւաբար եթէ բազմանդամ ներկայացում մըն է, ապա վիճակը շատ աւելի տխուր կրնայ ըլլալ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ թատրոնը հանդիսատեսը տեղեկացնելու եւ նոր հանդիսատեսներ «որսալու» համար մեծ աշխատանք կը տանի գովազդի վրայ եւս. հակառակ այս բոլորին, գիտենք, թէ ինչքա՜ն աժան են թատերական ներկայացումներու տոմսերը, սակայն հակառակ աժանութեան՝ հաւասարաչափ հանդիսատես չենք տեսներ: Սակայն մեր մէջ կայ սխալ հասկացողութիւն մը. կը կարծուի, թէ թատրոնի մը տոմսի գինը ինչքան աժան ըլլայ, այնքան անորակ է ներկայացումը. այս բոլորը վերջին տասնամեակին վերաբերող հարց մըն է, որովհետեւ անցեալին մարդիկ թատրոնին աւելի լուրջ կը վերաբերէին քան այսօր. մարդոց համար կարեւորութիւն չունէր ներկայացման տոմսի արժէքը, որովհետեւ անոնց համար աւելի առաջնահերթ էր դերասանի վարպետութիւնը եւ ներկայացման զգացումն ու ապրումները: Այս ճշմարտութեան մասին խօսելով կ՚ուզենք ըսել, այնպէս չէ՛ որ դերասաններու որակը նուազած է՝ համեմատած անցեալի դերասաններուն հետ. պարզապէս մարդոց առաջնահերթութիւններն ու հետաքրքրութիւնները փոխուած են:
Անցեալին սփիւռքի մէջ, օրինակ Լիբանան, մէկ տարուան ընթացքին կը կատարուէր մի քանի տասնեակ ներկայացումներ, սակայն այսօր անոնց թիւը նուազած է. պէտք է նկատի ունենալ, որ սփիւռքի մէջ թատրոնը կը կատարուի կամաւոր դերասաններու կողմէ, որոնք մասնաւոր շահ չեն ակնկալեր. սակայն հակառակ այդ կամաւորութեան՝ նահանջի մէջ է թատրոնը, որովհետեւ այն զոհողութիւնը որ կամաւորները կը դնեն, կը թերագնահատուի ժողովուրդի կողմէ. սակայն մեղաւորը դարձեալ մենք ենք, մարդկութիւնն է. զարմանալի՞ չէ, որ նոր ժապաւէնի մը համար մարդիկ յանձն կ՚առնեն վճարել թատրոնի մը տոմսին քառապատիկը եւ աւելի գումար, սակայն թատրոնի համար նոյն «զոհողութիւն»ը յանձն չեն առներ. գուցէ այդ չէ՞ պատճառը, որ այսօր ժապաւէններու դերասանները մեծահարուստներ, իսկ թատրոնի դերասանները խեղճ ու կրակ պայմաններու մէջ կը գտնուին:
Պէտք է լրջօրէն համազգային մակարդակով մտածել հայ թատրոնի ապագային մասին, որպէսզի չկորսնցնենք մեր մշակոյթի կարեւորագոյն սիւներէն մէկը, արդէն իսկ խարխուլ վիճակի մէջ գտնուող մեր ինքնութիւնը, մշակոյթը չկորսնցնելու համար:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ամենէն հին թատրոնը:
Պատասխան. Աշխարհի ամենէն հին թատրոնը Տիոնիսոսի թատրոնն է, որ կը գտնուի Աթէնքի հարաւային լանջին: Կառուցուած է մօտաւորապէս Ք.Ա. 6-րդ դարուն եւ ծառայած է որպէս փառատօներու հիմնական վայր, նուիրուած Տիոնիսոսին՝ գինիի եւ թատրոնի աստուծոյ: Կառոյցը սկզբնական շրջանին եղած է փայտաշէն, սակայն յետոյ վերանորոգուելով եղած է քարէ կառոյց։ Վայրը կրնայ ընդունիլ մինչեւ 17 հազար հանդիսատես: Յունական մշակոյթի պատմութեան մէջ վճռորոշ դեր ունեցած է այս թատրոնը, ուր բեմ բարձրացած են պատմութեան մէջ յիշուող յայտնի անուններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան