ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԷՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐԸ - Ա -
Հայ մշակոյթի նուիրուած Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կ՚արժէ յիշել նաեւ Մխիթարեան Վարդապետները՝ որոնք լուրջ եւ կարեւոր դեր խաղացած են Հայ մշակոյթի զարգացման ե՛ւ գոյապահպանման կենսական ու նուիրական գործին մէջ։
Ապա ուրեմն կ՚ուզենք ուշադրութիւն դարձնել Մխիթարեան Ուխտէն Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի շահեկան յօդուածին՝ որ գրուած է Հայոց գրերու գիւտի տարեդարձին առիթով։
Իրապէս շահեկան տեղեկութիւններ կը պարունակէ այս յօդուածը, որ կարելի է անուանել «ուսումնասիրութիւն»՝ իր լուրջ եւ ճոխ բովանդակութեամբ եւ նո՛յնքան հետաքրքրակա՛ն…։
Տեսնենք ի՜նչ կ՚ըսէ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան իր «Մաշտոցագիւտ տառերու 1600-ամեակ եւ Մխիթարեան իրականութիւնը» խորագրեալ ուսումնասիրութեանը մէջ։
Ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ։
«Հայ տառերու մասին – Հայոց գիրերը – խորագրով լեզուական, պատմական ու գիտական լայնատարած ուսումնասիրութիւն կատարած է մեծանուն բանասէր Հրաչեայ Աճառեան, հրատարակուած Վիեննական Մխիթարեան -Հանդէս Ամսօրեայ- պատմաբանասիրական ուսումնաթերթի մէջ (1909), եւ առանձնապէս դարձեալ Վիեննական Մխիթարեան -Ազգային Մատենադարան-ի շարքէն իբրեւ Կթ. հատոր լոյս տեսած է 1928-ին Մխիթարեան տպարանէն։
«Գրի հնարումին առընչութեամբ երբ նկատի առնենք 1600 տարուան Հայոց պատմութիւնը, հոն կը տողանցեն ստուարաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց մենք այսօր մեծ երախտագիտութիւն կը պարտինք։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Ս. Սահակ Կաթողիկոս, Վռամշապուհ թագաւոր եւ անոնց օգնականները առաջին հերթին աչքառու դէմքերն են անկասկած։ Պէտք է սակայն նկատի ունենալ, որ մեր ազգային կրօնական-լեզուական ինքնագիտակցութեան սերմերը 301 թուականին նետուած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի շնորհիւ՝ Հայոց քրիստոնէացումով, որով 405-էն առաջ գոյացած պարագաները ինքնին կարեւոր դեր կը խաղան գրի գիւտի իրականացման։
«Մաշտոցեան դպրոցի արժէքը առաւել եւս կը բարձրանայ դարէդար Ս. Մեսրոպի ոգին իւրացուցած եւ անոր ուղղութեան հետեւողներու կողմէ։
«Մխիթարեան Միաբանութիւն։
«Երբ Հայոց պատմութեան հպանցիկ ակնարկ մը նետենք, արդէն պիտի նշմարենք, որ անհատական ճիգերն ու կարողութիւնները, անոնք որքան ալ պատմական արժէք ունենան, գրեթէ մեծ մասով անձերու կեանքի տեւողութեան չափով եւ կամ ժամանակաւոր յաջողութիւն գտած են։
«Ս. Մեսրոպ Մաշտոց իր ծրագիրը իրագործելու մէջ յաջողեցաւ, որովհետեւ հետագայ դարերուն արժանաւոր հետեւորդներ ունեցաւ։
«Ս. Մաշտոցը ամենէն լաւ ուսումասիրող, հասկցող եւ անոր հետեւող անձը Հայ Վերածնունդի Ռահվիրայ՝ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադիրը՝ Սեբաստացի երանելի Մխիթար Աբբահայրն է (1676-1749)։ Ան մնայուն եւ արժէքաւոր գործը չէր կրնար անհատական ուժերու վստահիլ, այս պատճառաւ 8 Սեպտեմբեր 1701-ին Իսթանպուլ Պէյօղլուի մէջ հիմնեց Մխիթարեան Միաբանութիւնը։
«Հալածանքներու եւ քաղաքական աննպաստ պայմաններու բերումով նախ յունական Մորէա թերակղզին կ՚անցնի, ապա 1717 թուականին վերջնականապէս կը հաստատուի Վենետիկ, Ս. Ղազար։
«1773-ին մաս մը միաբանակիցներ կը բաժնուին ու Թրիեստի մէջ, քառասուն տարի դարձեալ միանալու յոյսով սպասելէ վերջ, Աւստրիոյ Մարիա Թերեզա կայսրուհիին մասնաւոր կոնդակ-հրամանով կը հաստատուին Վիեննա (1811)։
«Մխիթարեան Միաբանութեան նպատակը իր հիմնարկութեան օրէն իսկ եղած է ծառայել Հայ ազգին կրօնաբարոյական, կրթական-դաստիարակչական, ազգագրական, լեզուաբանական, պատմագրական, մատենագրական, աշխարհագրական, գեղարուեստական, երաժշտական եւայլն մարզերու մէջ։
«Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ –Վերածնունդ- մը առանց Մխիթարեան Միաբանութեան կարելի չէ խորհիլ։ Ակնյայտնի իրականութիւն է, թէ Յովհաննէս Կոլոտ, անոր աշակերտ եւ յաջորդը Զիմարացի Յակոբ Նալեան պատրիարքներու առընթեր Վերածնունդի ռահվիրաներէն է միջին դարու յարուցեալ Մաշտոցը՝ Մխիթար Սեբաստացին։
«Ի հեճուկս քաղաքական եւ եկեղեցական-համայնքային շատ անբարունակ վիճակներու, Մխիթարեան հայրերը նուիրուեցան գիր ու գրականութեան, իւրացնելով իտալական գեղարուեստական եւ գերման լուրջ հետազօտական ոգին, ստեղծեցին ու կազմեցին բարձրորակ, սքանչելի գրական ուղղութիւն մը, դպրոց մը, ակադեմիայ մը։
«Ստեղծագործական եւ թարգմանական գրականութեան ամէն մարզին զարկ տալով եւրոպական ու տոհմային գրականութեան միջեւ կամուրջ դարձան։
«Լոկ գաղափար մը կազմելու նպատակով ահաւասի՛կ գրական քանի մը նմոյշներ եւ զանոնք մշակող Մխիթարեան հայրերը, որոնք սակայն դժբախտաբար անտեսուեցան Գրի գիւտի զանազան յիշատակումներու հանդիսութիւններու ընթացքին։
«Լեզուաբանութիւն-Գրաբարագիտութիւն.
Հայր Մատաթիա Գարագաշեան, Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան, Հայր Ղեւոնդ եւ Հայր Պօղոս Յովնանեան եղբայրներ, Հայր Արսէն Այտընեան, Հայր Գրիգորիս Քալեմքեարեան։
«Քերականութիւն՝ Գրաբար եւ աշխարհաբար.
Հայր Վրթանէս Չալըխեան, Հայր Մատաթիա Գարագաշեան, Հայր Արսէն Այտընեան, Հայր Արսէն Բագրատունի։
«Բառարաններ.
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ. Մխիթար Աբբահայր եւ Երից Հարց, Հայր Արիստակէս Պօհճալեան, Կոյլաւ (գերմաներէն-հայերէն)։
«Հայոց եւ տիեզերական պատմութիւն.
Հայր Միքայէլ Չամչեան, Հայր Ղուկաս Ինճիճեան, Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան։
«Կրօնագիտութիւն.
Մխիթար Աբբահայր, Հայր Ղեւոնդ Յովնանեան։
«Փիլիսոփայութիւն.
Հայր Մատաթիա Գարագաշեան, Հայր Լեւոն Զէքիեան։
«Հռետորութիւն.
Հայր Սահակ Կոգեան, Հայր Գրիգորիս Մանեան։
«Բանաստեղծութիւն.
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, Հայր Վահան Յովհաննէսեան, Հայր Վարդան Աշգարեան։
«Աշխարհագրական, ազգագրական, պատմագրական բանասիրութիւն.
Վենետիկի հայրերէն Աւգերեան եղբայրներ, Հիւրմիւզեան եղբայրներ, Հայր Պօղոս Անանեան, Վիեննական հայրերէն Հայր Յակովբոս Տաշեան, Հայր Ներսէս Ակինեան։
«Ձեռագրաց ցուցակագրութիւն.
Հայր Յակովբոս Տաշեան, Հայր Համազասպ Ոսկեան, Հայր Օգոստինոս Մեքուլեան։
«Դիւցազներգական.
Հայր Արսէն Բագրատունի։
«Հայ վանքերու պատմութիւն.
Հայր Համազասպ Ոսկեան։
«Հայ բերդերու պատմութիւն.
Հայր Պետրոս Տէր-Պօղոսեան։
«Հայ ընտանիքներու պատմութիւն.
Հայր Եփրեմ Պօղոսեան։
«Հայ սովորութիւններու եւ տարազներու պատմութիւն.
Հայր Վարդան Հացունի։
Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 28, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024