ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ
Ինքզինք արդարացնելու՝ անձին արդարութիւնը ամէն պարագայի ցոյց տալու հակամէտ են մարդիկ։ Ո՛չ ոք ընդհանրապէս չ՚ընդունիր, թէ «անիրաւ» է կամ «անարդար», եւ անպայմա՛ն ճամբայ մը կ՚որոնէ արդարացնելու համար ինքզինք։ Բայց մէկու մը իր արդար իրաւունքը պաշտպանելու ազատութիւնը պէտք չէ՛ շփոթել անիրաւ արդարացումի հետ, քանի որ մէկը՝ իրաւունքին տէ՛ր կանգնիլ կը նշանակէ, իսկ միւսը՝ առանց նկատի ունենալու արդարութեան եզրը, անպայմա՛ն կ՚ենթադրէ իրաւացի՛ ըլլալու ջանք մը, որ ի վերջոյ ինքնախաբէութեան կը տանի ենթական։
Արդարեւ ամէն մարդ, իր տեսակէտէն «արդա՛ր» է եւ իրաւացի։ Մա՛րդ ընդհանրապէս չ՚ընդունիր իր անիրաւութիւնը։
«Մարդոցմէ շատեր իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել»։ Այսպէ՛ս կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. Ի 6)։ Եւ նոյն Առակախօսն է, որ դարձեալ ճշմարտութիւնը կը խօսի. «Կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են, եւ սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն» (ԱՌԱԿ. Լ 12)։ Իսկ Աւետարանիչը կը վկայէ. «Իսկ օրինականը, ուզելով ինքզինք արդարացնել, ըսաւ Յիսուսին.- Բայց իմ ընկերս ո՞վ է» (ՂՈՒԿ. Ժ 29)։ Ուստի իրաւ արդարը գտնել դիւրին չէ, եւ մանաւանդ մա՛րդ չի կրնար ինքզինք արդար կամ իրաւացի յայտնել, քանի որ մա՛րդ ինքն իրեն հանդէպ արդար եւ անկողմնակալ չի՛ կրնար ըլլալ։ Իսկ այն հազուագիւտ վեհանձն հոգիներ՝ որոնք առաքինութիւնը եւ ազնուութիւնը ունին իրենք զիրենք քննելու եւ դատելու, իրապէս մեծհոգի՛ ազնիւ անձեր են։
Բայց, ինչպէս ըսինք, ընդհանրապէս մարդիկ հակամէտ են արդարացնել իրենք զիրենք, եւ «բանաւոր պատճառ» մը գտնել իրենց անարդարութեան ու անիրաւութեան։ Եւ ո՜րքան հազուագիւտ են անոնք, որոնք քաջութիւնը ունին տեսնելու իրենց անիրաւութիւնը կամ անարդարութիւնը եւ առանց ծածկելու եւ քօղարկելու՝ յայտնելու ուրիշներուն։ Եւ ո՜րքան հազուագիւտ եւ նոյնքան վեհանձն են անոնք՝ որ կ՚ըսեն, թէ իրենք անիրաւ են, անարդարութիւն են գործած եւ կը ջանան սրբագրել կամ կերպով մը հատուցանել իրենց անիրաւութիւնը։ Կան ոմանք չեն անդրադառնար իրենց սխալին եւ կը շարունակեն իրենց անիրաւ արարքը։ Անոնք անտարբեր անձեր են, որ նոյնքան վնասակար են՝ ո՛րքան իրենց անիրաւութիւնն ու անարդարութիւնը ծածկող կամ որեւէ արդարացումով իրենք զիրենք իրաւացի կամ արդար նկատողներ, յայտնողներ։
Եւ սիրելինե՜ր, կեանք փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մա՛րդ բոլորովին արդար կամ իրաւացի չի կրնար ըլլալ, քանի որ արդարութիւնը եւ իրաւունքը երկկողմանի յարաբերութեամբ կը յայտնուի՝ իրաւունքը եւ արդարութիւնը «սեփականութեան առարկայ» չի՛ կրնար ըլլալ։ Արդարութիւնը եւ իրաւունքը միշտ «ուրիշ անձի մը պահանջքը ունի, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ հաւասարակշռութիւն եւ ներդաշնակութիւն իրաւունքներու…»։
Արդարեւ Աստուծոյ աչքին «ատելի» է այն՝ որ առանց դատելու, ինքզինք կ՚արդարացնէ կամ իր անձին արդարութիւն կը պարտադրէ իր շուրջիններուն՝ առանց նկատի ունենալու իր իրաւունքին եւ արդարութեան փոխադարձ իրաւունքը եւ արդարութիւնը յայտնած երեւոյթին էութիւնը, որ կախում ունի եւ կը համեմատի ուրիշի մը իրաւունքի եւ արդարութեան եզրին հետ։ Ուրեմն միակողմանի իրաւունք եւ արդարութիւն գոյութիւն չունի, միշտ պէտք է «փոխադարձ» մը կամ համեմատելի ե՛զր մը։
«Յիսուս ըսաւ անոնց.- Դո՛ւք էք որ մարդոց առջեւ կ՚արդարացնէք դուք ձեզ, բայց Աստուած գիտէ ձեր սրտերը. վասնզի մարդոց մէջ բարձր եղածը, մաքուր կարծուածը Աստուծոյ առջեւ պի՛ղծ է» (ՂՈՒԿ. ԺԶ 15)։ Ահաւասիկ օրինակը՝ թէ մարդ ինքզինք արդար կը կարծէ, սակայն իրականին՝ անիրաւ է եւ անարդա՛ր…։ Եւ դարձեալ, մա՛րդ չ՚ընդունիր իր անիրաւութիւնը եւ անարդարութիւնը։
Եւ դարձեալ Աւետարանիչը կ՚ըսէ, եւ թարգման կ՚ըլլայ Յիսուսի խօսքերուն. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ (անբարեխառնութեամբ) լեցուն էք։ Կո՛յր փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ՛, որպէսզի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 25-26)։ Շարունակելով Յիսուսի խօսքերը, Աւետարանիչը կը մատնանշէ կեղծաւորութեան եզրին այս մասին. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ՚երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են։ Նոյնպէս դուք դուրսէն մարդոց արդար կ՚երեւնաք ու ներսէն կեղծաւորութեամբ ու անօրէնութեամբ լեցուն էք» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 27-28)։ Ուրեմն կ՚երեւի, թէ ինքզինք արդար նկատել ամէն պարագայի, կամ ինքզինք արդարացնել տեւապէս, «անկեղծութեան» հարց մըն է, կամ ըսենք, անկեղծութեան հետ կապ ունեցող արարք մըն է։
Այն որ անկե՛ղծ է իր բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ, երբեք չ՚աշխատիր ինքզինք արդարացնել, երբ իրապէս իրաւացի չէ։ Կամ երբ անարդար գործ մը ըրած է, կ՚ընդունի զայն եւ փոխանակ զայն ծածկելու կամ քօղարկելու՝ կ՚աշխատի զայն սրբագրել եւ չկրկնել անգամ մը եւս։ Ուրեմն դարձեալ կու գանք Յիսուսի խօսքին, թէ՝ պէ՛տք է մեր «այո»ն այո՛ ըլլայ եւ «ոչ»ը ո՛չ։ Բայց ասիկա հաստատ նկարագրի տէր վեհանձն մարդոց գործ է. ինքզինք ճանչնալ եւ ըստ այնմ վարուիլ, ընդունիլ սխալը եւ սրբագրել զայն առանց որեւէ արդարացումի կամ ծածկելու միջոցներ որոնելու…։ Այսպիսիներու համար է որ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Մարդոց ճամբան իրենց ուղիղ կ՚երեւնայ, բայց Տէրը սրտերը կը կշռէ։ Արդարութիւն եւ իրաւունք գործելը զոհէն աւելի ընդունելի է Տէրոջը» (ԱՌԱԿ. ԻԱ 2-3)։ Արդար ըլլալ մարդս կը բարձրացնէ, իսկ անիրաւ մէկը երբ ինքզինք արդարացնելու աշխատի, կը նուաստանայ։
«Երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու առջեւէդ հալածէ, սրտիդ մէջ չըսես թէ Տէրը իմ արդարութեանս համար զիս այս երկիրը բերաւ, որպէսզի ժառանգեմ, քանզի Տէրը այս ազգերը իրենց անօրէնութեանը համար քու առջեւէդ կը վռնտէ» (Բ. ՕՐԻՆԱՑ Թ 4)։ Արդարեւ, մարդ ինքն իրեն դատաւորը չի կրնար ըլլալ, ուրեմն մա՛րդ իր արդարութիւնը չի կրնար յայտնել, այլ կրնայ իր իրաւունքը, ուրիշի կողմէ տրուած արդարութիւնը պաշտպանել, բայց ինք իրեն արդարութեանը որոշում չի կրնար տալ։
Աւետարանի «փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակ»ը հրաշալի բացատրութիւն մը եւ հիանալի՜ օրինակ մըն է անիրա՛ւ արդարացումի։ Օրինակ մը, թէ ի՛նչպէս մարդ ինքզինք արդար եւ իրաւացի կը կարծէ եւ սակայն կը սխալի՛։ Իսկ «Բարի Սամարացիին առակ»ը մեզի ցոյց կու տայ, թէ պէտք չէ արտաքինով դատել ու որոշել մէկուն իրաւունքը, երբեմն օրինական երեւցող մը կրնայ անիրաւ ըլլալ եւ փոխադարձաբար՝ անիրաւ կարծուած մը արդա՛ր։ Այս մասին կանխակալ ըլլալ մարդս կը սխալեցնէ իր որոշումներուն մէջ։ Եւ մարդ, ինքն իրեն մասին ընդհանրապէս կանխակալ է, եւ այդ իսկ պատճառով իրեն մասին արդար չի կրնար ըլլալ, չի կրնար որոշել, թէ արդար է թէ ո՛չ կամ իրաւացի է թէ անիրաւ։
Իրենք զիրենք արդար կարծողներ. «Անոնք կ՚ըսեն.- Մէկդի կեցիր, ինծի մի՛ դպչիր, քանզի ես քեզմէ սուրբ եմ։ Ասոնք իմ ռնգունքներուս մէջ ծուխ են ու ամէն օր բորբոքած կրակ են» (ԵՍԱՅ. ԿԵ 5)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 21, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024