«ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՍԷՐԸ»
Ցաւ ի սիրտ, գրականութիւնը մեզի շատ անգամ կը փոխանցէ գրողի մը գլուխ գործոցը, անոր գրական բարձր ճաշակն ու մտածումները, սակայն շատ բան չ՚ըսեր անոր անձնական կեանքին, բնաւորութեան մասին եւ այդ բոլորին մասին հասկնալու համար բծախնդիր պրպտում մը պէտք է կատարել: Այսօր ազգովի շատ մը գրողներու անուններ գիտենք. ինչպէս օրինակ, Գրիգոր Զօհրապ, Երուանդ Օտեան, Յակոբ Պարոնեան եւ ուրիշներ. գիտենք անոնց գործերուն անուններէն մի քանին, սակայն անոնց անձնական կեանքին ու նկարագրի գիծերուն մասին գրեթէ բան մը չենք գիտեր:
Այդ իսկ պատճառով կը հաւատանք, որ գրող մը իսկապէս ճանչնալու լաւագոյն ձեւը իր ստեղծած գրականութենէն անդին իր անձնական նամակները կարդալն է, որովհետեւ նամակագրութիւնն ու գրականութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր բան են (նոյնիսկ եթէ նամակագրութիւնը գրականութեան ճիւղերէն մէկը ընդունուի): Գրականութիւնը ստեղծագործ միտքին ծնունդն է, սակայն նամակագրութիւնը անձի մը ճշմարիտ հայելին է. ո՞վ պիտի ուզէր իր մահէն ետք անձնական նամակագրութիւնները կարդացուին բոլորին կողմը՝ չեմ գիտեր, սակայն գրողներէն շատ շատերու նամակագրութիւնները հրատարակուած են:
Մի քանի օրեր առաջ սկսայ աչքի տակէ անցընել Դանիէլ Վարուժան մեծ բանաստեղծին նամակները. բանաստեղծ՝ որ մեզի ծանօթ է իր «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր», «Հացին երգը» եւ այլ աշխատութիւններով. բանաստեղծ՝ որուն մասին Յակոբ Օշական պիտի գրէր. «Վարուժան մեծ բանաստեղծ մըն է, եւ արժանի օտար մեծագոյն քերթողներու քով դասուելու»:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Դանիէլ Վարուան ունեցաւ գրական կարճ կեանք մը (ընդամէնը 14-15 տարի), սակայն յաջողեցաւ իր անունը անմահացնել հայ գրականութեան պատմութեան մէջ եւ հակառակ իր տառապանքներուն ու ցաւերուն, եղաւ այն «բախտաւոր»ներէն, որ իր կենդանութեան իսկ վայելեց ժողովուրդին յարգանքն ու սէրը:
Վարուժան մեծաւ մասամբ գրեց հայրենիքի մասին. անոր մօտ քիչ են սիրոյ մասին տաղերն ու խօսքերը, սակայն անոր նամակներէն կը հասկնանք, որ անոր սիրային աշխարհը եւս նուազ փոթորկալի վիճակ մը չունէր:
Դանիէլ Վարուժան իր ուսումը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Բրգնիկ գիւղ եւ այդտեղ մեծահարուստ ընտանիքի մը մօտ որպէս ֆրանսերէնի յատուկ ուսուցիչ գործի կը սկսի: Դանիէլ Վարուժան կը սկսի ֆրանսերէն սորվեցնել Արաքսի Թաշճեանին. սակայն Դանիէլ Վարուժան կը սիրահարի իր աշակերտուհիին:
Պոլսոյ գրականութիւնը սերտած անձեր անպայման պիտի իմանան, որ հին ժամանակ ուսուցչութիւնը այնքան ալ նախանձելի պաշտօն մը չէր (գուցէ մինչեւ այսօր), եւ հետեւաբար ուսուցիչի մը կին դառնալ, ինքնաբերաբար համազօր էր թշուառ կեանք մը ապրելու: Ուսուցիչը կոչուած էր իր կեանքը անօթութեան մէջ ապրելու եւ հետեւաբար նման անձի մը գրեթէ ո՛չ ոք կ՚ուզէր իր աղջիկը կնութեան տալ: Նոյնն էր պարագան Դանիէլ Վարուժանի, մանաւանդ որ Արաքսի Թաշճեանի ընտանիքը նիւթապէս ապահով ու հարուստ ընտանիք մըն էր եւ «ախորժելի» չէր նման հարուստ ընտանիքի մը որպէս փեսայ ընդունիլ Վարուժանը. պէտք էր իրենց «մակարդակ»ին յարմար, հարուստ փեսացու մը գտնէին Արաքսիի համար:
Ի դէպ Վարուժանինը երիտասարդական կիրք մը չէր. ան տարբեր համոզում մը ունէր ամուսնական կեանքին մասին եւ իր գրական արուեստը գագաթնակէտին հասցնելու համար անհրաժեշտ կը նկատէր ամուսնութիւնը Արաքսիին հետ. ան 24 հոկտեմբեր 1910 թուականին Սահակ-Մեսրոպ գրչանունով ծանօթ իր բարեկամին կը գրէ. «Ես իբրեւ իրապաշտ սիրեցի բնականոն եւ ընտանեկան կեանքը եւ նախընտրեցի զայն ամուրիի անրջական խարխափանքներէն։ Բոլոր ֆիզիքական եւ հոգեկան պահանջները մարդուն ես կարծեմ պէտք են գոհացած ըլլալ, որ այդ մարդը իբրեւ արուեստագէտ ազատ զգայ զինքը իր անձնականին վերաբերող կեդրոնաձիգ պէտքերէն եւ ձգողութիւններէն՝ ինքզինք աւելի հանդարտ մտքով նուիրելու համար գեղեցիկին եօթնասիւն խորանին»:
Ամուսնութիւնը պատճառ պիտի ըլլար, որպէսզի ինք աւելիով նուիրուի գրականութեան, սակայն Արաքսիի հետ միացումը այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլար:
Ժամանակ մը ետք Արաքսիի հայրը իր աղջկան կը ներկայացնէ նիւթապէս ապահով հարուստ փեսացու մը. մեծ հաւանականութեամբ Արաքսի չ՚ընդունիր հարուստ փեսացուն, սակայն իր կարծիքը հարցնող չ՚ըլլար. հարուստ փեսացուն լաւագոյն միջոց էր ընտանիքներուն համար աւելիով բարելաւելու իրենց նիւթական վիճակը եւ սեփական շահեր ապահովելու. Արաքսի, ինչպէս նաեւ Դանիէլ Վարուժան ցաւի մէջ էին. այս սարսափելի վիճակին դիմաց Վարուժան իր սիրուհիին կը գրէր. «Միայն թէ դու քու ինկած դերիդ մէջ անվեհեր, քաջ, ճարտար եւ պաղարիւն գտնուիս»: Վստահաբար խօսքով կարելի չէր համոզել Արաքսիի հայրը՝ որ իր աղջկան երջանկութենէն աւելի հետաքրքրուած էր սեփական շահերը ապահովելով. Վարուժանի համար կը մնար մէ՛կ լուծում. փախցնել Արաքսին եւ անոր հետ պսակուիլ:
Վարուժան 14 յուլիս 1910 թուականին Արաքսիին կը գրէ.
«Միակ միջոցն է փախուստը, միւս բոլոր օրինական միջոցները ի դերեւ ելած են հօրդ քով ու քու մօտաւոր ազգականներուդ քով. որ քեզ ուզած են այդ երիտասարդին տալով՝ շահեր ապահովել։ Նախ ըսէ. 1) հաւա՞ն ես փախչելու, 2) միջոցներ ունի՞ս։ Կ՚իմանանք, որ ձեր պարտէզէն դուռ մը ունիք, որ փողոցին վրայ կը բացուի. գիշեր մը (յետոյ ժամը կ՚որոշենք), այդ տեղ կրնա՞ս գալ եւ սպասել, որ քեզ մէկը (ես կամ ուրիշ մը) փոխադրէ կառքի մը մէջ, եւ մենք կ՚երթանք արդէն՝ ուր որ ծրագրուած է եւ հոն կը պսակուինք»:
Արաքսիի համար վիճակը այնքան ալ դիւրին չէր. ընտանիքին պնդումներուն վրայ արդէն նախապէս բաժնուած էր Վարուժանէն։ Վերոյիշեալ նամակէն երկու ամիս առաջ՝ 17 մայիս 1910 թուականին Վարուժան գրած էր հետեւեալ նամակը.
«Խորհելով, որ դու ճնշման տակ հրաժարեր ես ինձմէ, ես միշտ կ՚ըսեմ, թէ քեզ ընդմիշտ կը սիրեմ, վասնզի սիրտիս վրայ ամբողջ տիեզերքը եւ Աստուած ինք չկրնար ճնշել.... Այժմ, որ չես սիրեր, ես քեզ հանդարտ կը ձգեմ ընդմիշտ եւ ոեւէ կերպով այլեւս իրաւունք չունիմ հետապնդել քու սէրդ ասկէ վերջ։ Մնաս բարով. սէրը զոյգ մը ծաղիկ է, դու քուկդ խամրեցիր, ես իմս կը ծածկեմ վհին մէջ սրտիս»:
Արաքսի «հրաժարած» էր Վարուժանէն, սակայն կը սիրէր զինք։ Ան իր նամակներէն մէկուն մէջ գրած էր. «Ոչ ոք չի կրնար բաժնել զիս իմ սիրած ու պաշտած Վարուժանէն»: Արաքսն չի կրնար դէմ դնել իր հօր պնդումներուն եւ կու գայ անոր նշանադրութեան օրը. կ՚որոշեն Արաքսին հակառակ իր կամքին նշանել հարուստ փեսացուին հետ. բարեբախտաբար սակայն փեսացուին ձեռքը կ՚անցնի Արաքսիի եւ Վարուժանի նամակները եւ փեսացուն կը հրաժարի Արաքսիէն:
Հարուստ փեսացուի անյայտացումէն ետք բարեբախտաբար Վարուժան կը յաջողի միանալ իր սիրոյն։ Ամուսնութենէն մի քանի օրեր ետք Թէոդիկին կը գրէ նամակ մը, որուն մէջ կ՚ըսէ. «Օրիորդը, որուն հետ ամուսնացայ, կը կոչուի Արաքսի։ Գաւառի կնոջ բարոյական համեստութեանց յատկութիւններուն վրայ՝ գտած եմ քերթողի ճաշակս եւ մտքի պահանջներս գոհացնող առաւելութիւններ անոր մէջ։ Մեր այս միութիւնը վերջակէտը դրաւ տռամի մը, կամ աւելի ճիշդ՝ վէպի մը, զոր մենք ապրեցանք ամբողջ վեց ամիս՝ անցնելով շատ ողբերգական փուլերէ»:
Վարուժանի սիրային կեանքը փոթորկալի էր, սակայն ունեցած էր դրական վախճան. երնէ՜կ աշխարհի բոլոր սէրերը փոթորիկներու հանդիպելէ ետք ունենային Վարուժանի եւ Արաքսիի պատմութեան վախճանը. Վարուժան հպարտութեամբ կը գրէր. «Հիմա լաւ կը զգամ, թէ դու կէսս ես եւ ամենաազնիւ կէսս»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մէզը իր մէջ առողջական յատկութիւն ունի՞:
Պատասխան. Շատեր կը հաւատան, որ մէզը իր մէջ ունի բուժիչ յատկութիւններ, սակայն այդ պնդումները հաստատող ոչ մէկ գիտական ապացոյց գոյութիւն ունի: Մէզին առողջապահական ըլլալու համոզումը բժշկական ոչ մէկ հիմք ունի. ան պարզապէս ծնունդ է հինէն եկող մշակութային համոզումի: Մէզը հիմնականին մէջ ջուր է, սակայն անոր մէջ կան նաեւ կողմնակի արտադրութիւններ, որոնցմէ մարմինը կը փորձէ ազատուիլ: Մէզի ճամբով բուժում ստանալը եւ կամ «խմել» փորձելը դուրս դրուած կողմնակի արտադրութիւնները կը վերադարձնէ մարմին եւ կրնայ առողջական լուրջ խնդիրներու պատճառ դառնալ: Առողջութեան համար միշտ լաւ է հաւատարիմ մնալ ջուր խմելուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան