ՈՒՐԱ՜Խ ԸԼԼԱՆՔ
«Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով, դարձեալ կ՚ըսեմ՝ ուրախ եղէք…». (ՓԻԼՊ. Դ 4)։
Ուրախութիւնը՝ խնդրութիւն եւ բերկրանքը, ուրախ ըլլալը ներքին հոգեկան խաղաղութեան, հաւատքի եւ վստահութեան արգասիքն է եւ միա՛յն Յիսուս Քրիստոսի արեամբ փրկուած, վերստին ծնունդ ունեցող հաւատացեալը կրնայ ճշմարիտ ուրախութիւն ունենալ, որովհետեւ ան ունի խաղաղութեան եւ ուրախութեան աղբիւրը, խաղաղութեան եւ սիրոյ իշխանը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն յանձնուած է իր ամբողջ կեանքը։
Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ, երբ ուրախ ըլլալ կը պատուիրէ, կը շարունակէ նաեւ. «Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք». (ՓԻԼՊ. Դ 5)։ Ուրեմն, ուրախութեան ճամբան կը սկսի ուրիշները ուրախացնելէ։ Եւ ուրիշները ուրախացնելու համար անհրաժե՛շտ է սէրը եւ զոհողութիւնը եւ ուրեմն առանց սիրոյ, առանց զոհողութեան ուրախութիւնը կատարեալ, ամբողջական չ՚ըլլար։
Եթէ ընկերութիւն մը իր անհատներով ուրախ է, բայց անդամներէն մին տխուր է եւ չի կրնար ուրախ ըլլալ, կարելի՞ է, որ այդ ընկերութիւնը ամբողջովին ուրախ ըլլայ, ուրախութիւն վայելէ։
Անոնք, որոնք սէր չունին եւ համակրական հասկացողութեամբ չեն մասնակցիր ուրիշներու տխրութեան՝ անոնք երբեք ուրախ չեն կրնար ըլլալ։ Եւ անհաւատները չեն կրնար ուրախ ըլլալ, որովհետեւ անոնք չունին ուրախութեան ակը եւ աղբիւրը եղող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը։ Արդարեւ, Յիսուս, իր Աւետարանով մեզ կը սորվեցնէ ուրախութեան ճամբան՝ սիրել եւ ներքին խաղաղութեամբ մօտենալ բոլոր մարդոց անխտիր եւ առանց որեւէ մէկը ստորադասելու, վարկաբեկելու։
Մարդիկ, երբ կը սիրեն զիրար, թշնամութիւններու եւ հակառակութիւններու վերջ կու տան, ըստ էութեան, ուրախ կ՚ըլլան։ Եւ, անշուշտ, որ երբ կեանքի մէջ վիշտեր, ցաւեր կան, ուրախ ըլլալ դժուար է եւ մինչեւ իսկ անկարելի, բայց այդ բոլոր վիշտերու եւ ցաւերու հանդէպ քա՛ջ ըլլալ՝ ուրախութեան առաջին քայլն է։ Այո՛, իրաւ է, որ դիւրին է խրատ տալ, յանձնառութիւններ տալ անոնց, որոնք վիշտի մէջ են երբ մենք որեւէ վիշտ, ցաւ չունինք եւ ուրախ ենք։ Բայց «մխիթարութիւն» եւ «սփոփանք»՝ կեանքը դիւրացնող եւ տանելի ընող բարիքներ են։
Պէտք է ուրախ ըլլանք, քանի որ կը ճանչնանք մեր Արարիչը եւ Նախախնամը՝ Աստուած։ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Քեզմով ուրախ պիտի ըլլամ ու ցնծամ, քու անուանդ Սաղմոս պիտի երգով, ո՛վ Բարձրեալ». (ՍԱՂՄ. Թ 2)։
Այո՛, միայն եւ միայն մեր Աստուծմով՝ Անոր հաւատալով եւ վստահելով կարելի է ուրախ ըլլալ։
Հաւատացեալներ ուրախ են նաեւ երբ աղօթքները կը լսէ Աստուած եւ կը պատասխանէ անոնց։ Ուրեմն, ուրախ ըլլալու համար պէտք է յարատեւ աղօթել, ո՛չ շատախօսութեամբ, այլ՝ յարատեւութեա՛մբ։
«Ուրախ ըլլանք», միշտ ուրախ եղէ՛ք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ