ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ
Դարեր շարունակ մահուան հասկացողութիւնը մարդ արարածի համար եղած է անհանգստութեան աղբիւր, որ հիմնուած է մահուան ետին գտնուող անորոշ վիճակէն: Հազարամեակներ շարունակ այդ անորոշութիւնն է, որ փորձած են բացատրել կրօններն ու փիլիսոփայութիւնները: Հակառակ հսկայական ուսումնասիրութիւններու ու փիլիսոփայական պրպտումներու, մինչեւ օրս մահուան գաղափարը կը շարունակէ մարդ արարածին համար մնալ առեղծուած մը, որ իր հետ կը բերէ նաեւ անօգնական հոգեվիճակ մը:
Սակայն մարդկային հոգեվիճակը ամբողջութեամբ տարբեր կ՚ըլլայ, եթէ մահը՝ որ արդէն իսկ սարսափ կ՚ազդէ, մարդուն տրուի որպէս պատիժ. պատկեր՝ ուր կը միանան մահն ու պատիժը: Մահուան դատապարտուածներու մօտ սակայն այդ ամէնը աւելի տարբեր հոգեբանական ապրումներ կը պարունակէ, նկատի ունենալով, որ մահուան դատապարտուած մը որոշ ժամանակ այդ վճիռէն ետք կը սպասէ՝ իր պատիժը ստանալու օրին: Ինչպիսի՞ զգացում է գիտնալ, թէ մի քանի ամիս ետք, որոշուած օր մը մահը որպէս պատիժ պիտի ստանայ եւ «սպասել» այդ օրին: Դատապարտեալի մը համար այդ սպասման շրջանը կրնայ շատ աւելի ծանր ըլլալ՝ քան նոյնինքն մահապատիժը: Շատ մը ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ մահուան դատապարտեալը այդ ժամանակաշրջանը շատ աւելի խոր ու ծանր կը տանի՝ քան նոյնինքն մահապատիժը:
Այս բոլորին մասին կը մտածենք, որովհետեւ մեր թուականէն 134 տարիներ առաջ՝ 6 օգոստոս 1890 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Ուիլիըմ Քեմլեր, որ մարդասպան մըն էր, դատապարտուեցաւ մահուան եւ եղաւ առաջին անձը, որ ելեկտրական աթոռի վրայ մահապատիժի ենթարկուեցաւ: Ուիլիըմ Քեմլեր աղքատ բանջարեղէնի վաճառող էր, սակայն կը սիրէր հարբել: Առիթով մը խմած ժամանակ վիճած էր իր կնոջ հետ եւ այդ վէճը վերջ գտած էր կնոջ սպանութեամբ: Այս պատահարէն մի քանի տարիներ առաջ՝ 1881 թուականին ատամնաբոյժի մը կողմէ ստեղծուած էր ելեկտրական աթոռը. աւելի քան ինն տարի քննարկումէ եւ աշխատութիւններէ ետք Ուիլիըմ եղած էր առաջին «ընտրեալ»ը:
Օրուան մամուլը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ մահապատիժը. առաւօտ ժամը հինգին դատապարտեալը արթնցաւ. նախաճաշեց եւ ապա աղօթքի կարճ պահ մը ունեցաւ: Ապա ժամը 6.38-ին սափրեցին անոր մազերը. յետոյ դատապարտեալը տարուեցաւ հոն՝ ուր տեղի պիտի ունենար մահապատիժը. սենեակին մէջ իր մահը «դիտել»ու համար 17 անձեր կային: Ուիլիըմ նայած է զինք մահուան դատապարտող աթոռին եւ ըսած. «Պարոնայք, բոլորիդ յաջողութիւն կը մաղթեմ: Ես կը հաւատամ, որ լաւ տեղ մը կ՚երթամ եւ պատրաստ եմ երթալու»: Ներկաներ կը վկայեն, որ դատապարտեալը արդէն իսկ յուսահատած էր սպասման ժամանակ եւ պահ առաջ կ՚ուզէր «տիրանալ» պատիժին. այդ իսկ պատճառով ան լաց չէ՛ եղած կամ աղաղակներ չէ բարձրացուցած: Հանգստութեամբ նստած է աթոռին եւ պատուիրած զինք մահուան դատապարտողներուն, որպէսզի իրենց «գործը» լաւ ընեն, յայտնելով թէ «աճապարելու պէտք չկայ». միայն թէ ամէն ինչ ընեն անթերի:
Նախ քան Ուիլիըմը, ելեկտրական սարքը փորձուած էր ձիու մը վրայ եւ ձին մահացած էր ընդամէնը 17 երկվայրկեանի ընթացքին: Սակայն Ուիլիըմի մահը այդքան կարճ չտեւեց. որոշ ժամանակ ելեկտրականութեան ենթարկելէ ետք դադրեցուցած են սարքը եւ տեսած, որ Ուիլիըմ տակաւին կը շնչէ եւ հրաման տալով երկրորդ անգամ միացուցած են սարքը՝ այս անգամ բարձրացնելով ելեկտրականութեան ուժգնութիւնը, այն աստիճան՝ որ ելեկտրականութեան ուժէն բռնկած է մահապարտեալի մարմինը. օրուան մամուլը կը գրէ, թէ մարմնի այրուածքի ամբողջ հոտը տարածուած էր շէնքին մէջ. այն աստիճան, որ հանդիսատեսներէն շատեր ստիպուած եղած են հեռանալ:
Պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, մահուան այս բոլոր գործողութիւնը տեւած է ութ վայրկեան. անշուշտ պէտք է նկատի ունենալ, որ այս բոլորը օրուան մամուլին մէջ ունեցաւ իր վատ անդրադարձը. շատեր յօդուածներ հրատարակեցին, որ աւելի լաւ էր կացին օգտագործուէր՝ քան նման սարսափելի ձեւ մը ի գործ դրուէր:
Հակառակ բացասական տարածումներուն, ելեկտրական աթոռի գործածութիւնը 20-րդ դարու սկիզբը լայն տարածում գտաւ եւ սկսաւ գործածուիլ շատ մը պետութիւններու կողմէ, սակայն 20-րդ դարու վերջերը մարդիկ հասկցան, որ այդ մէկը անձ մը մահուան դատապարտելու դաժան ձեւ մըն է եւ անցան այլ մեթոտներու (հակառակ որ տակաւին որոշ տեղեր գոյութիւն ունի ելեկտրական աթոռի գործածութիւնը): Այս ձեւը առաւելաբար տարածում գտած է 1920-1970 թուականներուն միջեւ:
Այսօր աշխարհի Մարդկային Իրաւանց պաշտպանները կը դատապարտեն ելեկտրական աթոռի գործածութիւնը, նկատի ունենալով անոր պատճառած ցաւն ու տառապանքը:
Այս մեթոտը գործածուած է շատ մը քրիստոնեայ պետութիւններու կողմէ. կրօնական դիտանկիւնէն որքանո՞վ ճիշդ է մեղաւորի մը կեանքը մահուամբ պատժել՝ երբ Աստուած տուած է մարդուն ապաշխարելու շնորհքը. Քրիստոսի քովը խաչուող աւազակը եւս գուցէ մարդասպան ըլլար՝ սակայն ժառանգեց Երկինքի Արքայութիւնը: Պատասխանը անյստակ է...:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Պետութիւնը պէ՞տք է մահուան դատապարտէ մեղաւորը:
Պատասխան. Պետութիւնը պէ՞տք է մահուան դատապարտէ մեղաւորը, հարցը վիճելի հարց մըն է, որ իր մէջ կը ներառէ բարոյական եւ իրաւական տարբեր գործօններ: Մահապատիժը ունի իր ջատագովները, որոնք կը պնդեն, որ այդ պատժամիջոցը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մարդիկ վախնան եւ խուսափին մեղքէն ու չարութենէն: Սակայն միւս կողմէ, կան մահապատիժը դատապարտողներ, որովհետեւ նման որոշում մը արդարութեան լուրջ մարտահրաւէրին դիմաց կրնայ գտնուիլ եւ ոտնակոխել մարդկային իրաւունքը: Շատեր կը հաւատան, որ ցմահ բանտարկութիւնը կրնայ շատ աւելի դաստիարակիչ ըլլալ՝ քան մահավճիռը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան