ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԸՍՏ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒ
Մշակութային եւ ազգագրական լուրջ ուսումնասիրութիւններու, գիտական հետազօտութիւններու համաձայն՝ հայ ժողովուրդի կազմաւորումը իրականացած է տեղաբնիկ ցեղախումբերու համաձուլմամբ։
Հայաստանի եւ Անդրկովկասի մէջ կատարուած հնագիտական աշխատութիւններու հետեւանքով բացայայտուած է տեղաբնիկներու մշակութային եւ պատմա-ընկերային զարգացման ընթացքը։ Իսկ եկուոր ցեղերու կամ ժողովուրդներու բերած մշակոյթի որպէս հետք, գտնուած են միայն անցեալի խորհրդաւոր ժողովուրդ՝ սկիւթացիներու (ժողովուրդ մը՝ որ կը բնակէր Կովկասեի լեռնաշղթայէն եւ Սեւ ծովէն դէպի հիւսիս, սփռուած՝ Արալեան լիճէն մինչեւ Դունա գետը) նետեր, սուրեր, թուրեր, սկիւթական ձիու կմախքներ եւ սանձեր։
Փրոֆ. Մառի համաձայն, դուրսէն՝ բերուած չէ հայ ժողովուրդի մշակոյթը. այս պարագան յայտնի է անով, որ տեղական ծագում ունին հայ մշակութային կեանքի վերաբերեալ բազմաթիւ բառեր. ինչպէս՝ ծառերու եւ բոյսերու անուններ, հողի մշակման եւ շինարարութեան վերաբերեալ բառեր, երկրագործական գործիքներու եւ մետաղներու անուններ, կախարդանքի եւ հմայութեան վերաբերեալ բառեր, հեթանոսական պաշտամունքի եւ այս առթիւ զոհաբերուող անասուններու անուններ, հոգեկան երեւոյթներ արտայայտող բառեր, եւ այլն։
Վերջապէս, Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական պատմութիւնը, Հայաստանի եւ հարեւան երկիրներու մէջ յայտնաբերուած սեպագիր եւ մեհենադրոշմ (hiéroglyphe) արձանագրութիւնները, նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի վերաբերեալ բառերը, տեղանունները եւ ցեղանունները, մարդաբանական (anthropologie) եւ ազգագրական տուեալները, բաւական են հաստատելու համար, թէ հասարակութեան մը ներքին դարաւոր զարգացման պատմական արդիւնքն է հայ ժողովուրդի կազմաւորումը, որ տեղի ունեցած է Ք. Ա. 7-րդ-2-րդ դարերու միջեւ։
Հայ ժողովուրդի պատմական անցեալի մասին, պատմագիտութեան ձեռք բերած տեղեկութիւններուն մէջ, կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն նաեւ քարակոթողներու վրայ քանդակուած արձանագրութիւններու վերծանումները։
Արդարեւ, բացի ընկերային գիտութիւններու հաղորդումներէն, հաստատ վկայութիւններ եւս գոյութիւն ունին, շնորհիւ ակկադական (Ասուրա-Բաբելական) եւ խեթական արձանագրութիւններու եւ այլեւս ստուգուած կը նկատուի, թէ շատ հին ժամանակներ, հայ ժողովուրդի անմիջական նախնիները ապրեր են Հայկական լեռնաշխարհի արեւմտեան եւ Փոքր Ասիայի արեւելեան մասերուն մէջ։ Գրեթէ բոլոր հին ժողովուրդներու նման, հայկական ցեղերն ալ բաղկացած են եղեր տարբեր անուններ կրող արիւնակից ցեղերէ։
Սակայն, հայկական բոլոր ցեղերու մասին գրաւոր վկայութիւններ կը պակսին եւ որոշ տեղեկութիւններ չեն գտնուիր։ Այլապէս՝ առաւելապէս տեղեկութիւններ ունինք «Հայ» եւ «Արմէն» ցեղախումբերու մասին։
Համաձայն խեթական (հեթիթական) սկզբնաղբիւրներու հաղորդած տեղեկեութիւններու, պատմագիտութեան ծանօթ է այլեւս, թէ Ք. Ա. 15-րդ դարուն, «Փոքր Հայք»ի եւ «Բարձր Հայք»ի հողերուն վրայ գոյութիւն ունէր «ցեղային միութիւն» մը՝ զոր կ՚անուանէին «Հայասա» կամ «Հայասա-Ազզի»։ Ըստ մասնագէտ ուսումնասիրողներու (Ե. Ֆոռեր, Գ. Ղափանցեան, Պ. Կրեչմեր, Ն. Ադոնց եւ ուրիշներ), «Հայասա» անունը կազմուած է «հայ» արմատէն, «սա» խեթական վերջածանցէն, որ կը նշանակէ «հայերու» երկիր, Հայաստան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 4, 2024, Իսթանպուլ