ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Բ.)
Յաջողութիւնը արտաքինէն աւելի ներքին բան մըն է. մարդ նախ պէտք է ինքն իր անձին հետ հաշտ ու խաղաղ պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի յաջողի յստակ տեսնել իր դէմը. հետեւաբար, յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը ներքին պատրաստուածութիւնն է. օրինակի համար, մեր օրերուն կը տեսնենք, թէ երիտասարդներ իրենց զիրենք «յաջող» կամ «անյաջող» նկատելու համար իրենց ստացած աշխատավարձերը որպէս չափանիշ կ՚ընդունին. հաւատացէ՛ք, որ 200 ստացողը 100 ստացողէն աւելի յաջող անձ մը չէ, որովհետեւ աշխատանքի մէջ կարեւոր է կեդրոնացումը եւ հաստատակամութիւնը. օրինակի համար, 200 ստացողը կրնայ անտարբեր վերաբերմունք մը ունենալ աշխատանքի նկատմամբ, սակայն 100 ստացողը բողոքելու փոխարէն կրնայ սորվիլ կեդրոնացումը տալ գործին, սորվիլ ու շատ աւելի յառաջանալ՝ քան երկրորդը: Հետեւաբար, աշխատավարձը չափանիշ մը չի կրնար ըլլալ յաջողութեան, որովհետեւ բոլորը արդար չե՛ն վարձատրուիր:
Ամէն մարդ իր կեանքի որոշ շրջանին ցած աշխատավարձով աշխատանք մը անպայմանօրէն ունեցած պիտի ըլլայ. այդ մէկը ո՛չ թէ ցած աշխատավարձ, այլ փորձառութիւն պէտք է կոչել, ուր երիտասարդը կամ երիտասարդուհին առիթ կ՚ունենայ աւելի մօտէն ուսումնասիրելու, հասկնալու, թէ այդ ոլորտը ինչքանով համապատասխան է իր գաղափարներուն ու ձգտումներուն: Պէտք է պարզապէս հասկնալ, որ աշխատանքի փորձ ձեռք ձգելը շատ աւելին կ՚արժէ քան աշխատավարձը, մանաւանդ անո՛նց համար, որոնք տակաւին աշխարհի մէջ իրենց սկզբնական քայլերը կը փորձեն նետել. պէտք է գիտնալ, որ սկզբնական շրջանին աշխատանքը կը գնահատուի ցած աշխատավարձով, սակայն, ժամանակի ընթացքին մարդիկ փորձառութիւնը կը գնահատեն՝ անշուշտ, նկատի ունենալով աշխատանքը: Հետեւաբար, աշխատավարձերու բարձրացումը ո՛չ թէ ժամանակի, այլ հմտութեան ու փորձառութեան վրայ հիմնուած է եւ յաջողակ է ա՛ն, որ բարձր աշխատավարձ ստանալու փոխարէն իր աշխատանքի մէջ լաւագոյնս ըլլալ կը ձգտի:
Այսօր յաճախ կը խօսինք անգործութեան մասին. իրականութեան մէջ մենք կը հաւատանք, որ աշխարհի մէջ անգործութիւն գոյութիւն չունի. այսօր աշխարհի ամենէն աղքատ նկատուած երկիրներուն մէջ անգամ որոշ հարստութիւն մը գոյութիւն ունի (վկա՛յ Հայաստանը). սակայն անգործութիւնը կը ծնի, որովհետեւ մարդիկ փորձառութիւն ձեռք ձգելու մասին մտածելու փոխարէն իրենց համալսարանական վկայականներով բարձր աշխատանքներ գտնելու երազը կը հիւսեն. պէտք է յստակ ըլլայ, որ համալսարանի մէջ գիտութիւն ստանալն ու գործի աշխարհի մէջ փորձառութիւն ձեռք ձգելը ամբողջութեամբ ուրիշ բաներ են եւ վկայական մը առանց փորձառութեան կրնայ պարզ թուղթի կտոր մը նկատուիլ: Պէտք է հասկնալ, որ համեստ աշխատավարձով աշխատանքի մը մէջ յառաջդիմելը համալսարանական վկայականը ձեռքին աշխատանք փնտռողի կարգավիճակէն շա՜տ աւելի լաւ ու ընդունելի է:
Ակնթարթի մը մէջ «յաջողակ» դառնալը բախտախաղի մէջ մեծ գումար մը ձեռք բերելու կը նմանի (ինչ որ բոլորին չի տրուիր). այդ երազին իրականացումը սպասե՞լը աւելի տրամաբանական կը թուի, թէ այդ երազը ստեղծելը. եւ բոլորս ալ գիտենք, որ սպասումով ո՛չ մէկ երազ իրականութիւն կը դառնայ: Վերջապէս պէտք է հասկնալ նաեւ, որ յաջողակ ըլլալու համար որոշ տարիք մը գոյութիւն չունի. այնպէս չէ որ երեսուն տարեկան մարդ մը եթէ տակաւին չէ յաջողած իր երազած ապագան կառուցել՝ ձախողած մըն է. յաջողութիւնը երբեք տարիք չի՛ ճանչնար. յաջողութեան համար ծեր ու երիտասարդ գոյութիւն չունի. կամքն ու աշխատանքն է, որ կ՚որոշէ յաջողած ըլլալու եւ չըլլալու իրողութիւնը. այնպէս ինչպէս մահը իւրաքանչիւրին տարբեր տարիքի կու գայ գտնելու, նոյնպէս եւ յաջողութիւնը. այդ իսկ պատճառով յուսահատելու կարիք չկայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր փորձ նոր յաջողութեան մը նախասկիզբն է եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին յաջորդ քայլը յաղթանակի պատուանդանը կրնայ ըլլալ:
Հակառակ ենք այն համոզումին, որ յաջողութիւնը մենաշնորհ մըն է որոշ անձերու։ Անշուշտ, «բախտ»ը իր որոշ դերը ունի, սակայն ամէ՛ն մարդ իր մէջ ունի յաջողութեան հասնելու հաւասար իրաւունքը, սակայն տարբեր են կարողութիւններն ու շնորհները. այդ իսկ պատճառով յաջողութիւնը պէտք չէ ընդունիլ որպէս քարացած երեւոյթ մը. յաջողութեան արժեչափը մարդու կարողութենէն կախում ունի. բոլորս չե՛նք կրնար Այնըշթայն եւ կամ Դաւիթ Անյաղթ ըլլալ. անոնք իրենց մեծութեան մէջ յաջողակներ են, սակայն այդ չի նշանակեր, որ աւելի նուազ կարողութիւններով մէկու մը ձեռքբերումները աւելի նուազ յաջողութիւններ են քան անոնցը: Անձը յաջող է ո՛չ թէ իր իրագործումներու մեծութեամբ, այլ թէ՛ շրջապատին եւ թէ իր սեփական կեանքին վրայ իր ունեցած ներդրումով: Աշխատանքի մէջ բոլորը «փառք» կը փնտռեն. եթէ ըլլայ աշխատանքը, սիրտը եւ ոգին, փառքն ու յաջողութիւնը ինքնաբերաբար կու գան:
Հիմա վստահաբար պիտի մտածէք, թէ աշխարհի մէջ կան շա՜տ շատեր, որոնք շատ աւելի կ՚աշխատին ու կը տանջուին, սակայն կը շարունակեն մնալ իրենց թշուառութեան մէջ. թշուառ կը մնայ այն մարդը, որ կ՚աշխատի, որպէսզի ապրի. կը յաջողի ան, որ կ՚աշխատի ո՛չ թէ որպէսզի ապրի, այլ կ՚աշխատի ու կ՚ապրի իր մէջ ունենալով յաղթելու եւ բարձրանալու անյաղթելի ձգտում:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխատավարձը յաջողութեան չափանի՞շ է:
Պատասխան. Աշխատավարձը շատ անգամ յաջողութեան չափանիշ կը նկատուի, որովհետեւ որոշ չափով ցոյց կու տայ հմտութեան մը եւ կամ փորձի շուկայական միջին արժէքը: Սակայն յաջողութիւնը աւելի բարձր հասկացողութիւն է, որ գումարէն աւելի իր մէջ կը ներառէ աշխատանքի եւ կեանքի հաւասարակշռութիւնը, ուրիշներու վրայ ունեցած ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ շարունակական աճը: Բարձր աշխատավարձը կ՚ապահովէ նիւթական ապահովութիւն եւ հասանելիութիւն, սակայն միշտ չէ, որ կ՚ապահովէ մարդու երջանկութիւնը եւ բաւարարուածութեան զգացումը: Իսկական յաջողութիւնը անհատական է եւ անձէ անձ կը տարբերի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան