ՀԻԱՆԱԼԻ՜ ՇՆՈՐՀՔ «AMAZING GRACE»

John Newton (1725-1807) անգլիացի աւետարանական քարոզիչ եւ հակառակող գերութեան՝ «abolitionist», բարեշրջական. ծնած է Լոնտոն-Անգլիա։ Մայրը՝ Էլիզապէթ, աղօթասէր եւ բարեպաշտ կին մըն էր. մանկութենէն, իր զաւկին սորվեցուց Սուրբ Գիրքէն ոսկեղէն համարներ, Սաղմոսներ։ Հայրը նաւապետ էր եւ գերեվաճառութեան գործով կը զբաղէր, Johnը իր քով առաւ։ 1748-ին երբ 23 տարեկան էր, օր մը, նաւահանգիստը գիրք մը գտաւ։ «Thomas a Kempis, unitation of Christ», կարդալով զայն՝ հոգեւոր հունտեր ցանուեցան իր մէջ։ Քրիստոսը ընդունելու հոգեւոր հաճոյքը վայելեց՝ Քրիստոսի հետ հրաշալի՜ միութեան մէջ։

Օր մը, նաւը սաստիկ փոթորիկի մը բռնուեցաւ եւ ընկղմելու վրայ էր։ Այդ ճգնաժամային պահուն, John յիշեց իր մօրը արտասուալից եւ սրտաբուխ աղօթքները իրեն համար։

Ահ ու դողով Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ գութը խնդրեց։ Կատաղի ալիքներուն մէջ արտասուալից Փրկչին յանձնուեցաւ եւ ապաշխարեց։ Աստուած լսեց իր սրտանց աղօթքը, զինք եւ նաւուն մէջ գտնուողները, բոլորը ազատուեցան։ Խաղաղութիւն տիրեց եւ ապահով, անվտանգ Անգլիա հասան։

John թողուց նաւազին գործը եւ միացաւ իր ժամանակի նշանաւոր աւետարանիչներու։ Անոնց հետ շարունակեց իր «նոր կեանք»ը։ Իր ուսումը շարունակեց Աստուածաբանական ճեմարան եւ շրջանաւարտ եղաւ։ Հոն սորվեցաւ եբրայերէն եւ յունարէն։ Ան եղաւ պերճախօս քարոզիչ։ Դաւիթի պէս, ան ըսաւ. «Բարձրերէն ղրկեց, եւ զիս բռնեց եւ շատ ջուրերէն հանեց զիս». (ՍԱՂՄ. ԺԸ 16)։

John իր կեանքով վկայեց առաքեալին խօսքին. «Փրկութիւն ունինք մենք, Իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւնը, իր շնորհքին ճոխութեանը չափովը». (ԵՓԵՍ. Ա 7)։

John Newton հեղինակը եղած է «Հիանալի Շնորհք». «Amazing Grace» հոգեւոր երգին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

ՀԻԱՆԱԼԻ ՇՆՈՐՀՔ

Հիանալի շնորհք, ի՜նչ քաղցր ես դուն,
Փրկեցիր խեղճն, ինձ պէս,
Կորսուած էի, բերիր զիս Տուն,
Ու կոյր, արդ տեսնեմ ես։
*
Շնորհքով սկսաւ, սիրտս վախնալ,
Շնորհքով երկիւղս անցաւ,
Ի՜նչ անգին շնորհք, ի՜նչ շնորհք օրհնեալ,
Որ հաւատալ տուաւ։
*
Տեսակ տեսակ վտանգներէ,
Ապահով միշտ կ՚անցնիմ,
Այս կատարողն միայն շնորհքն է,
Շնորհք, մինչեւ Տուն հասնիմ։
*
Տասնեակ հազար, տարիներ վերն,
Թէեւ փայլինք պայծառ,
Աստուծոյ փառք տալու օրերն,
Աւելի չեն քիչնար։

John Newton

Ամէն ինչ կարելի է ամենակարողն Աստուծոյ համար, Ճշմարտութեան Աւետարանը, Լոյսի Աւետարանը, Սիրոյ Աւետարանը ճամբան է՝ Յիսուս Քրիստոսով ամէն կատարելութեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2024