ՈՒՆԵՑԱԾՈՎԸ ԳՈՀԱՆԱԼ ԵՒ ՓԱՌՔ ՏԱԼ ՉՈՒՆԵՑԱԾԻՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս դժգոհ են իրենց դիրքէն կամ վիճակէն եւ տեւապէս տրտունջք կը յայտնեն՝ միշտ ձգտելով աւելիին։ Մարդիկ չեն գոհանար իրենց ունեցածով, նկատելով եւ կարծելով, թէ աւելի շատ բաներու տիրանալու իրաւունքը ունին, աւելին վայելելու արժանի են։ Դիտեցէք ձեր շուրջը, սիրելինե՜ր, շատ քիչեր գոհ են իրենց վիճակէն, եւ գրեթէ ո՛չ ոք փառք կու տայ իր չունեցածին համար։ Մինչդեռ «չունեցածին փառք տալ» իմաստութիւն կը պահանջէ՝ կեանքը իր խորութեանը մէջ վերլուծել, հասկնալ եւ անդրադառնալ անոր բազմաթիւ բարիքներուն։
Կարծեմ, Շէյքսփիրին կը պատկանի սա խօսքը.
«Տգիտութիւնը երջանկութի՜ւն է»։
Եկէ՛ք, սիրելիներ, այս խօսքը համեմատենք ստացուածքի եւ սապէս ըսենք. «Քիչ բան ունեցողը աւելի՛ երջանիկ է»։
Անշուշտ տարակուսանքով պիտի մօտենան շատեր այս խօսքին, քանի որ առաջին ակնարկով անիկա բանականութեան եւ մարդկային բնաւորութեան հակառա՛կ կը թուի։ Կը կարծուի, թէ աւելին, միշտ շատ աւելին ունենալ երջանիկութիւն է։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ կեանքի բնական ընթացքը ա՛յդ ցոյց կու տայ։ Երեւութապէս ընթացքը ա՛յդ ցոյց կու տայ։ Երեւութապէս ա՛յսպէս է…։
Բայց սա ալ պէտք է նկատի ունենալ. շատ ունեցողը, միշտ շատ աւելիին կը ձգտի եւ երբեք գոհունակութիւն չի յայտներ իր վիճակին համար։
Շատը ունենալ՝ շատին, աւելի՛ շատին ձգտումի շարժառի՛թն է։ «Շատ»ը աւելի շատի փափաքը կը հրահրէ, աւելի մեծ փափաքներ կը ստեղծէ, եւ այս ալ տեւական դժգոհութեան, տրտնջալու պատճառ կը դառնայ, եւ անշուշտ մարդ չի՛ կրնար երջանիկ զգալ ինքզինք։ Անոնց համար երջանկութիւնը հորիզոնին կը նմանի՝ որքան մօտենալ փորձեն, ա՛յնքան կը հեռանայ անիկա իրենց տեսողութենէն եւ կը մնայ միշտ հեռո՛ւն՝ անհասանելի՜…։
Սիրելի ընթերցող բարեկամներ, այս խորհրդածութիւններով չյոգնեցնելու եւ թերեւս չձանձրացնելու համար ձեզ, պատմուածքով մը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները։ Վստա՛հ եմ, որ աւելի հեշտ ու աւելի դիւրամատչելի պիտի ըլլայ այս նիւթը։
Կը պատմուի, թէ հարուստ ընտանիք մը, ունէր զաւակ մը։ Եւ քանի որ անոնք ունէին ամէն ինչ առատապէս եւ կ՚ապրէին ճոխ կեանք մը, տղան ալ կը մեծնար հանգստութեան մէջ, եւ չէր զգար որեւէ բանի մը կարիքը, չունէր որեւէ պակաս բան, կը հասնէր քիչ մըն ալ սանձարձակ եւ անտարբեր կեանքի ճշմարտութիւններուն։ Երեւութապէս երջանիկ էր ամբողջ ընտանիքը, բայց բան մը կը պակսէր կարծես իրենց կեանքէն։ Տղուն հայրը, խոհեմ ու իմաստուն մարդ, անդրադարձաւ այս իրողութեան։
Օր մը որոշեց տղան ղրկել աղքատ ընտանիքի մը մօտ, գոնէ շաբաթուան մը համար ապրելու անոնց հետ եւ առիթը ունենալու՝ տեսնել կեանքին ուրիշ մէկ երեսը՝ ճշմարիտ կեա՛նքը…։
Տղուն համար փոփոխութիւն մը, տարբեր կեանք մը պիտի ըլլար այդ մէկ շաբաթը՝ ուստի հետաքրքրութեան զգացումէն մղուած՝ սիրայօժար ընդունեց հօրը կարգադրութիւնը եւ մէկ շաբաթ ամբողջ ապրեցաւ աղքատ ընտանիքին մօտ։
Վերադարձին՝ տղան շատ երջանիկ էր, իմաստութեամբ լեցուած, կեանքը հասկցած էր. իսկսկան եւ իրաւ կեանքը, ուր կը գտնուէր իսկական երջանկութիւնը, որուն սկիզբէն կոչուած էր մարդ էակը։
Հայրը հարցուց տղուն. «Պատմէ՛ տղաս, ի՞նչ սորվեցար, ի՞նչ բաներ ապրեցար ու տեսար»։
Տղան ուրախութեամբ սկսաւ պատմել.
«Հայրի՛կ, հոն տեսայ, որ իսկական կեանքը մեր կարծած կեանքը չէ։ Մենք ունինք լողաւազան, բայց անոնք ունին ամբողջ ծովը լողալու համար, քանի որ անոնք կ՚ապրին ծովեզերքը։ Մենք ունինք մեծ պարտէզ մը, տեսակ տեսակ ծառեր։ Բայց անոնք ունին ամբողջ անտառ մը՝ բազմաթիւ ծառերով ընդարձակ տարածութիւն մը։ Մենք ունինք լապտերներ, լուսամփոփներ թէ՛ տան մէջ, թէ պարտէզը լուսաւորուելուհամար։ Բայց անոնք ունին ամբողջ երկնակամարը՝ ուր անհամար աստղեր կը լուսաւորեն զիրենք։
«Մենք շուներ ունինք մեր տունը եւ պարտէզը պահպանող, իսկ անոնք ունին անհամար անասուններ անտառին մէջ՝ որոնք կը պահպանեն զիրենք եւ կը պաշտպանեն թշնամիներու դէմ։
«Եւ աղքատ ընտանիքի մօտ, ամենէն կարեւորը՝ սորվեցայ գոհութիւն յայտնել ամէն բանի համար, զոր ունինք մեր շուրջը, մեր տրամադրութեան տակ, եւ աղօթել Աստուծոյ ըսելով՝ գոհութիւն այն ամէն բանի համար, զոր տուած է մեզի։
«Եւ աւելին, սորվեցայ այդ աղքատ ընտանիքէն՝ թէ պէտք է փառք տալ նաեւ այն ամէն բանի համար, զոր չունինք։ Անոնք կ՚աղօթէին նաեւ փա՜ռք տալով Աստուծոյ իրենց չունեցածներուն համար։ Ես այդ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ սորվեցայ գոհութիւն յայտնել մեր ունեցածներուն համար եւ փառք տալ մեր չունեցածներուն համար։
«Ես կեանքը իր իսկական երեսով ճանչցայ այդ աղքատ ընտանիքին մօտ եւ սորվեցայ երջանիկ ըլլալու կերպը ու ճամբան։ Շնորհակա՜լ եմ հայրիկ, որ այս առիթը տուիր ինծի, զիս ղրկելով անոնց մօտ»։
Ի՞նչ կը խորհիք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, չ՚արժե՞ր անգամ մը փորձել նաեւ փառք տա՛լ մեր չունեցածներուն համար։ Թերեւս հոն պիտի գտնենք մենք իրական երջանկութիւնը՝ զոր շա՜տ հեռուները փնտռելու սովորութիւնը ունինք ընդհանրապէս։ Շատ հեռո՜ւն նայողը երբեմն կրնայ չտեսնել եւ զանց ընել իր փոտռածը։
Երջանկութիւնը շատ հեռու չէ՛ մեզմէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 5, 2015, Իսթանպուլ