Ո՞Վ ԵՆՔ, ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՆՔ ԵՒ Ի՞ՆՉ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ…

Այսօր փետրուարի 8-ն է... եւ կամա՛յ թէ ակամա՛յ ծննդեանս օրն է. օր՝ որ աւելիով կը սկսիս մտածել, որ տարիքի վրայ թիւի մը յաւելումով քեզի տրուած կեանքէն կը պակսի տարի մը: Պատահականութեան արդի՞ւնք է արդեօք, որ հայոց լեզուի բառարանը «դարեդարձ» բառին որպէս յարակից բառեր կը յիշէ «եօթնօր», «քառասունք» եւ «տարելից» բառերը, որ կապուած են մահուան հետ:

Պատասխանը չեմ գիտեր, սակայն կը հաւատամ, որ ամէ՛ն տարեդարձի ժամանակ անպատճառ նուազագոյնը անգամ մը պէտք է կարդալ սփիւռքահայ մեր անուանի գրողներէն Վազգէն Շուշանեանի «Յեղափոխութեան լոյսէ գօտին» աշխատութեան 31-րդ էջին մէջ գրի առած հետեւեալ տողերը.

«Քանի՞ տարի ապրած ես, քանի՞ գարուն եւ քանի՞ ձմեռ, քանի՞ օր եւ քանի՞ գիշեր, քանի՞ ժամ եւ քանի՞ վայրկեան, ու այդ բոլոր օրերուն, գիշերներուն, ժամերուն եւ վայրկեաններուն ընթացքին քանի՞ գէշ եւ քանի՞ լաւ բան ըրած ես, քանի՞ հոգի ուրախացուցած եւ քանի՞ հոգի վշտացուցած, քանի՞ անգամ լացած ես ուրիշներուն համար եւ քանի՞ անգամ ուրիշները լացուցած ես քեզի համար, ուրկէ՞ կու գաս, ո՞վ ես եւ ի՞նչ կ՚ուզես, ո՛վ մարդ...»։        

Ամբողջ կեանքի իմաստը ամփոփուած կը գտնենք այս մի քանի կարճ տողերուն մէջ. անոնց մէջ է կեանքի փիլիսոփայութիւնը: Մարդու տարիքը ինչքան յառաջանայ այնքա՛ն աստիճանաբար իմաստ կը ստանան առաջին հերթին տարիները, ապա ամիսները, շաբաթները, օրերը եւ մինչեւ ի՛սկ վայրկեանները: Եւ ի՞նչ է մեր կեանքը. ուրախ ու տխուր գիշերներու ամբողջութիւն մը պարզապէս: Ի դէպ Վազգէն Շուշանեան այս տողերը իր յառաջացած տարիքին չգրեց, որովհետեւ դժբախտաբար գրողը կեանքէն հեռացաւ իր 38 տարեկան հասակին:

Իրականութեան մէջ մէկ տարուան ամբողջութիւնը (365 օր) որպէս օր դիտուած կրնայ քիչ թուիլ, սակայն մեր կեանքի ամբողջութիւնը մի քանի տասնեակ 365 օրերու, որոնց մէջ կան մի քանի տասնեակ գարուններ ու ձմեռներ: Իրականութեան կողքին վերացական հասկացողութեամբ եւս մարդու կեանքը մի քանի տասնեակ գարուններ ու ձմեռներ կ՚ապրի եւ այդ փոփոխութիւնը բնական մէկ մասը կը կազմէ մեր կեանքին: Այնպէս ինչպէս արտաքին կեանքի մէջ, նոյնպէս ալ ներքինին մէջ փոփոխական է ամէ՛ն բան. ամէ՛ն գարուն ունի իր ձմեռը, իսկ ամէն ձմեռ՝ մխիթարական գարուն մը, որ կարճ ժամանակ ետք այլ ձմրան դիմաց կը պարտուի՝ ստեղծելու համար իր նոր գարունը:

Վազգէն Շուշանեան կը հարցնէ. «քանի՞ գէշ եւ քանի՞ լաւ բան ըրած ես»։ Պատասխանը յստակ չէ, սակայն վստահաբար լաւերուն կողքին եղած են նաեւ գէշերը՝ մեծաւ մասամբ ակամայ վիճակով. լաւերն ու գէշերը գուցէ համեմատելի չըլլան. գուցէ գէշերուն թիւը ընդամէնը մի քանի մատի վրայ համրուի, իսկ լաւերը՝ մի քանի տասնեակ, սակայն առեղծուած է աշխարհը. գէշ մը իր հետ հազարաւոր լաւերը տանելու կարողութիւնը ունի: Չարացած մեր այս աշխարհին մէջ մարդիկ աւելի՛ կը կարեւորեն թիւը գէշութեան՝ քան լաւութեան, որովհետեւ կատարուած լաւութիւնները մարդուն միտքէն շո՛ւտ թեւ կ՚առնեն, իսկ գէշերը ոչ: Սակայն այստեղ պէտք է լրջօրէն մտածել նաեւ «լաւ»ին եւ «վատ»ին մասին, որովհետեւ անոնց ինչ ըլլալուն մասին հաստատ բան մը գոյութիւն չունի. մարդոց համար լաւ է այն՝ ինչ որ սեփական շահերն ու եսը կը հաճոյացնէ, իսկ գէշ՝ որ այդ եսասէր հաճոյքին դէմ կը գործէ:

«... Քանի՞ հոգի ուրախացուցած եւ քանի՞ հոգի վշտացուցած». ուրիշները ուրախացուցած եւ կամ վշտացուցած ըլլալու մասին մտածելէ առաջ կ՚արժէ մտածել սեփական անձին մասին, որովհետեւ մեր կեանքին ամբողջ պայքարը ուրիշներու կողքին սեփական կեանքը ուրախութեան եւ վիշտին մէջ հաւասարակշռելն է: Մեր կեանքը ուրախութեան եւ վիշտին անհաշտ մաքառումը եղած է պարզապէս։ Մեր սեփական անձերու կողքին վստահաբար ուրախացուցած են ուրիշները եւս, սակայն նոյնքան ալ վշտացուցած, որովհետեւ գոյութիւն չունի՛ աշխարհ մը, ուր ամէ՛ն բան սպիտակ է եւ սուրբ: Վշտացուցած ենք գուցէ անզգալաբար: Մարդու տարիքը ինչքան յառաջանայ ներքին դատաւորը՝ խիղճը աւելի յստակ հաշուեյարդար մը կը սկսի ընել:

«... Քանի՞ անգամ լացած ես ուրիշներուն համար եւ քանի՞ անգամ ուրիշները լացուցած ես քեզի համար». լալը մեր կեանքին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր լաց մասամբ մոռցնել կու տայ հին լացը եւ այդ ընթացքին կը նկատենք քիչ քիչ, թէ անցեալին ի՜նչ անիմաստ ու ճղճիմ բաներու համար թափած ենք արցունքներ: Իւրաքանչիւր նոր լաց մոռցնել տուած է հինը, սակայն նոյնքան նախանձելի դարձուցած զայն, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր լաց աւելի դաժան եղած է՝ քան հինը: Լացած ենք խաղալիքներու համար, լացած ենք դասերու համար, լացած ենք բազմաթիւ անմե՜ղ բաներու համար, սակայն ինչքան տարիքը յառաջանայ լալու պատճառները աւելի՛ դժուարացած են, երանելի դարձնելով խաղալիքներու եւ կամ դասերու համար լալու շրջանները: Լալը մեր մարդկային կեանքի բնական մէկ մասն է, սակայն լացնե՞լը։ Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի երկու տեսակ մարդ. կայ տեսակ մը, որ սեփական ուրախութեան ու ժպիտին համար յանձն կ՚առնէ ուրիշները լացնել՝ ապահովելու համար սեփական ուրախութիւնը, կայ նաեւ երկրորդ խումբ մը, որ յանձն կ՚առնէ լալ՝ պարզապէս ուրիշներուն արցունք չպատճառելու համար: Երկրորդը որքան ալ դրական ու նախընտրելի թուի, առաջինին կեանքը շատ աւելի դիւրին է, որովհետեւ յաճախ մենք մեր կեանքը մոմ կը դարձնենք ուրիշներու համար, կը հիւծինք, կը զոհենք սեփական եսը, սակայն այդ բոլորին դիմաց մեզի կը մնայ լոկ յուսախաբութիւնը:

Վերջապէս որպէս մարդ արարածներ ո՞վ ենք, ուրկէ՞ կու գանք եւ ի՞նչ կ՚ուզենք... գուցէ մինչեւ պատասխանը գտնենք անակնկալ ձեւով իր աւարտին հասնի կեանքը՝ որուն ինչքան ըլլալը ո՛չ գիտենք եւ ո՛չ ալ կրնանք գիտնալ:

Երանելի է այն մարդը, որ գիտէ իրապէս արժեւորել թէ՛ լացը եւ թէ ժպիտը, թէ՛ գարունը եւ թէ ձմեռը, որովհետեւ անոնց համադրումն է կեանք կոչուածը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ ծագում ունի տուտուկը:

Պատասխան. Տուտուկը փայտեայ փողային գործիք է, որ կը պատկանի հայերուն: Ան ունի աւելի քան երեք հազար տարուան հնութիւն եւ խորապէս արմատաւորուած է հայկական մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն մէջ: Կ՚ենթադրուի, որ տուտուկ բառը առաջ եկած է հայերէն «տուտ» բառէն, որ կը նշանակէ «ծիրան»՝ նկատի ունենալով ծիրանի փայտը, որ կ՚օգտագործուի տուտուկ պատրաստելու համար: Տուտուկը ունի շատ գեղեցիկ հնչողութիւն, ինչ որ սիրելի կը դարձնէ գործիքը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ամբողջ աշխարհին մէջ:

Յ. Գ.- «Բառգիրք հայերէն լեզուի» բառարանին մէջ «տուտ» բառը կը բացատրուի որպէս «պոչ, ծայր, կտրուած ճիւղ ծառի վրայ»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024