ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի պայքարն էր յանուն հայ մնալու եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու։ Աւարայրի ճակատամարտը՝ 451 մայիս 26-ին հայ ժողովուրդին եւ պարսկական բանակին միջեւ տեղի ունեցած պայքարին գագաթնակէտն էր։
Վարդանանց պատերազմը իր մէջ ունի խորհուրդ մը՝ պարտութեան մէջ ճշմարիտ յաղթանակի հրաշալի խորհուրդը։ Ան տիպա՛ր մըն է հաւատքին անիմանալի զօրութեան։ Աւարայրի ճակարամարտի արդիւնքը, գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար հաստատամտութեան եւ հաւատքի անհրաժեշտութեան անհերքելի, անժխտելի ապացո՛յցն է։
Վարդանանց պատերազմի խորհուրդը, արդարեւ, տօնական օրուան կարգադրութեան մէջ է։
Ուստի, խորհուրդին կեդրոնը «զոհ»ի գաղափարը կը գտնուի։ Յարութիւնը՝ վերակենդանութիւնը հասկնալու համար պէտք է նկատի ունենալ հաւատքի համար հաւատքով մեռնելու հաստատամտութեան եւ հաստատակամութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։
Ըմբռնելու համար կեանքի խորհուրդը, ժողովուրդի մը հոգեվիճակի արտայայտութիւնները։ Եւ անոնք լուսաւորող յոյսին սրբութիւնը եւ այս իմաստով՝ պէտք է նկատի ունենալ տեսքը այն ժողովուրդին, որուն անդամները մեռան այն յոյսով, այն «յո՛յս»ով, որ լեցուած է անմահութեա՛մբ։ Եւ այս յոյսը զօրացած է հասարակաց բարիքի համար զոհողութեան վեհ գաղափարով։
Վ. Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ «Գերեզմաններու մէջ միայն կարելի է խորհրդածել անմահութեան վրայ»։ Եւ այս իմաստով, կարելի չէ տեսնել աւելի խորհրդաւոր եւ իմաստալից «գերեզման» մը՝ քան այն «մեռելադաշտ»ը՝ Աւարայրի ճակատամարտի վայրը։ Տխո՜ւր է տեսարանը, բայց ո՛չ երբեք անփառունակ եւ անարգ։ Հոն չի՛ տիրապետեր մահուան սարսափը, այլ կը տիրապետեն անմահութեան եւ զոհողութեան, ճշմարտութեան եւ հաւատարմութեան վեհ գաղափարները։ Եւ ո՜րչափ գեղեցիկ է հաւատքով զօրացած եւ ամրապնդուած յոյսը, որ անթառամ ծաղիկի մը պէս կը բացուի խաւար մթութիւններու մէջ։
Նպատակի մը համար, գիտակցութեամբ՝ կամքով եւ հաճութեամբ ընդունուած մահը դիւցազնօրէն կատարուած վեհանձնութիւն մը՝ մեծանձնութի՛ւն մըն է։ Ան հաւատքով եւ սիրով, յոյսով եւ քաջութեամբ կատարուած զոհողութիւն մըն է՝ ան մահ չէ՛, այլ անմահութի՛ւն։
Աւարայրի «գերեզմանադաշտ»ին վրայ տապանագրութիւն մը կարելի է արձանագրել առաքեալին խօսքերով, թէ՝ «… ի՜նչ ուրախութիւն կը սպասէ իրեն՝ արհամարհեց ամօթը, յանձն առաւ խաչի վրայ մեռնիլ, եւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ». (ԵԲՐ. ԺԱ 36-ԺԲ 2), ինչ որ կը նշանակէ՝ հաւատքի վկայութիւն։ Եւ այն՝ որ հաւատքի վկայութեան համար մահ է, ո՛չ թէ մահ, այլ՝ անմահութիւն է եւ անմահութեան հասնիլ՝ ինքնին արդէն յաղթանա՛կ է։
Մարդս յաջողութեան բարձրացնող սանդուխի մը իւրաքանչիւր աստիճանը անյաջողութիւններէ եւ ձախողութիւններէ կը բաղկանայ. եւ նոյնպէս ալ, յաղթանակի ճամբան լեցուն է պարտութիւններով եւ նահանջներով։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, ամէն մէկ ձախողութիւն փորձառութիւն մըն է յաջողութեան հասնելու նպատակին, ինչպէս՝ իւրաքանչիւր պարտութիւն վարժութիւն մըն է յաղթանակ ձեռք ձգելու համար։
Արդարեւ, երբեմն մարդ կը կարծէ, թէ յաղթած է, բայց իրականին պարտուած է եւ չէ անդրադարձած իր պարտութեան, յաջողած կ՚ենթադրէ ինքզինք, բայց ձախողած է։ Պայքարի մը արդիւնքը անոր վերջնական հետեւանքն է, ինչպէս պատմականօրէն պատահած է Վարդանանց պատերազմին։
Արդարեւ, մահուան մասին քրիստոնէական ըմբռնումին ամենէն առողջ կողմը այն է, որ յաւիտենական եւ Աստուածային արդարութեան գաղափարը կը ներշնչէ մեզ եւ այդ իսկ պատճառով, մահը երբեք պարտութիւն մը պէտք չէ՛ նկատուի պատերազմի դաշտին վրայ։ Ուստի, քրիստոնեան կը հաւատայ, թէ գերազանց, աննկատ եւ ճշմարիտ արդարութիւնը, որ ինքնին յաղթանակ մըն է, պիտի գտնէ միւս կեանքին մէջ եւ թէ անոր երկիւղը պէտք չէ պարտութիւն ենթադրէ եւ պէտք չէ՛ ազդէ անոր վրայ։
Ուստի, մա՛հն է, որ պիտի սորվեցնէ մարդուս ապրիլ իր երկրաւոր կեանքը, բայց մինչեւ որ կը սորվի ապրիլ, մահը կը հասնի արդէն։ Ուրեմն մահը պարտութիւն չէ, այլ յաղթանակ՝ դէպի անմահութիւն։
Արդարեւ, վիշտը՝ լուրջ եւ արդար փառքը՝ վեհանձն կ՚ընէ անհատը եւ ազգը. ճգնաժամերը երեւան կը հանեն մեծութիւնները եւ թերութիւնները նոյն ատեն. անոնք դպրոցներ են, որոնք կը սորվեցնեն յաջողութեան եւ յաղթանակի ճամբաները, վե՛ր ելլելու եւ հոն մնալու միջոցները։ Ուստի, անցեալին յարգանքը պէ՛տք է արմատանայ իւրաքանչիւր անհատի մէջ եւ արմատացնէ իրեն հետ ապագային անկորնչական յոյսը։ Սուգի եւ լացի օրեր պէտք է ըլլան փառքի տօն, այն՝ որ կը կատարուի Վարդանանց յիշատակի օրը, արդարեւ, կորսնցնել չի՛ նշանակեր կորսուիլ։ Պէտք է անդրադառնալ սա իրականութեան, թէ երբեմն մարդ կը կորսուի, եթէ չկորսնցնէ։ Արդարեւ, մեռեալները կը շինեն ապրողներու անմահութիւնը, երբ կը մեռնին յոյսով։
Օրհնութիւն եւ փառք Վարդանանց յիշատակին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024