ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԷԱԿԱՆ ՏԱՐՐԵՐԸ

«Իրաւունք»ի մէջ կայ երեք գլխաւոր կամ էական տարր՝ անձնական. «subjectivus», առարկայական. «objectivus» եւ նիւթական կամ էական. «substantionalis»։

Անձնական իրաւունքը կը ծագի անձի բնական եւ ստացական պահանջներէն։ Եւ իբրեւ անհրաժեշտ պահանջներ, հարկաւոր է անպատճառ բաւարարութիւն տալ անոնց։

Մարդ երբ դեռ մանուկ է՝ անչափահաս, կարող չէ իր բնատուր եւ ստացական պահանջները գոհացնել, յետոյ, հասակի հետ միասին կ՚երեւին եւ հետզհետէ կը բազմանան մարդու մէջ ստացական պահանջները։ Մարդը իր կեանքի ընթացքին իր բնական եւ ստացական պահանջները կա՛մ ինք կը գոհացնէ իր իսկ ֆիզիքական կամ բարոյական ուժերով եւ կա՛մ, երբ ինք կարող չէ, կը դիմէ ուրիշներու օգնութեան։ Եւ անոնցմէ կը գոյանան զանազան տեսակի ընկերակցութիւններ եւ յարաբերութիւններ՝ ընտանիք, ընկերութիւն, պետութիւն եւ այլն։

Արդարեւ, պետութիւնը ոչ միայն թոյլ կու տայ այդպիսի ընկերակցութիւններու կազմութեան, այլ եւ ոմանց կը հովանաւորէ, ուրիշներու կ՚օգնէ։ Ընկերակցութիւններէն շատերը կը համարուին «իրաւաբանական անձ» այսինքն՝ իբրեւ գաղափարական անձ, որ նոյնպէս ունի իր տեսակ տեսակ պահանջները։ Ինչպէս մարդը, նոյնպէս եւ իրաւաբանական անձը կամ ընկերակցութիւնը, եթէ բաւարարութիւն չտան իրենց պահանջներուն, կա՛մ չեն կրնար գոյութիւնը շարունակել եւ կա՛մ չեն կրնար հասնիլ իրենց նպատակներուն։ Ուրեմն՝ անոնք պէտք է ունենան կարողութիւն, «իրաւունք» այդ պահանջները լիացնելու։

Եւ ահա՛, մարդու կամ իրաւաբանական անձի այն ընդունակութիւնը եւ իշխանութիւնը, որով կը զգացուին բնական եւ ստացական պահանջները եւ կը կատարուին զանազան գործողութիւններ անոնք լիացնելու համար, կը կազմեն իրաւունքի անձնական տարրը կամ «անձնական իրաւունք». jus subjectivum, որովհետեւ անոնց տէրը անձն է՝ sujectus, թէ՛ անհատ է եղած (մարդ) եւ թէ՛ իրաւաբանական անձ։

Թէ՛ մարդը եւ թէ՛ ընկերութիւնները իրենց ամէն տեսակ պիտոյքները հայթայթելու եւ ճարելու համար պէտք է ունենան անշուշտ հարկաւոր միջոցներ։ Այդ միջոցները գլխաւորապէս երեք բաժանում ունին. մտաւորական-բարոյական, նիւթական եւ գործնական, որոնք կը կազմեն իրաւունքի «առարկայական տարր»ը՝ առարկայական իրաւունքը. «jus objectivum», ուր իրաւունքը կը դառնայ առարկայի։

Իրաւական անձի՝ «subjectus»ի իբրեւ տէր իրաւունքի եւ իրաւական առարկաներու՝ «objectus»ներու, իբրեւ միջոցներ, յարաբերութիւններէ յառաջ կու գայ բազմազան երեւոյթներու առանձին ընդարձակ շրջան մը՝ որ եւ կը կազմէ իրաւունքի երրորդ գլխաւոր տարրը՝ նիւթական կամ «էական իրաւունք». «jus substantiale»։

Ուրեմն, նկատի առնելով մէկ կողմէ իրաւունքի այդ երեք տեսակ գլխաւոր տարրը կամ յատկութիւնը, միւս կողմէ այն, որ Եկեղեցին, իբրեւ կրօնական ընկերակցութիւն եւ հաստատութիւն, ունի իր սեփական պահանջները եւ նպատակները, որոնք լիացնելու համար կը գործադրէ եւ կ՚օգտագործէ միջոցներ, պարզ կը տեսնուի որ Եկեղեցին նոյնպէս կրնայ ըլլալ «նիւթ», «առարկայ» կամ «իրաւունքի բովանդակութիւն», զանազան կողմէ։

Ուստի, մարդու գլխաւոր պահանջներէն է անոր կրօնական զգացումները եւ անոնք գոհացնելու պահանջքը։ Եւ ուրեմն, ամէն տեսակ կրօնական զգացում եւ պահանջք նոյնպէս կրնայ կազմել անձնական իրաւունք։ Այս իմաստով, քրիստոնէական կրօնը կարող է կազմելու «անձնական իրաւունք» քրիստոնեաներու համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024