ԲՈՂՈՔ. ՍՏԵՂԾԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԺՈԽՔ ՄԸ
Պատմութեան ընթացքին մարդկութիւնը մի՛շտ ալ չար եղած է, սակայն ի տարբերութիւն մեր օրերուն, չարութեան կողքին գոյութիւն ունեցած է բարոյական սկզբունքներ եւ գուցէ այդ սկզբունքներուն վրայ հիմնուելով է որ Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ձեզմէ ո՛վ անմեղ է՝ առաջին քարը թող նետէ». տարօրինակ ձեւով ո՛չ ոք յանձն կ՚առնէ քար նետել: Մեր օրերուն, սակայն, յեղաշրջուած է այդ բարոյական սկզբունքները եւ այդ հարցադրումը եթէ այսօր ըլլար, գուցէ մի քանի տասնեակ եւ ինչու չէ հարիւրաւոր անձեր յանձն առնէին քար նետել ա՛յն մեղաւորին վրայ՝ որ գուցէ մեղքերով աւելի անմեղ է՝ քան քարկոծողները: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ հազարաւոր տարիներ առաջ ապրող չար մարդուն մօտ նոյնիսկ գոյութիւն ունէր սեփական անձն ու սխալները քննելու ընդունակութիւնը. շնացող կնոջ պարագան եթէ կատարուէր այսօր, գուցէ մերօրեայ բոլոր անմեղները այդ կնոջ կողքին նաեւ քարկոծէին Քրիստոսը՝ շնացող կինը պաշտպանած ըլլալու համար՝ հակառակ այն դժբախտ իրողութեան, որ շնացող կինը պոռնիկ դարձնողները նոյնինքն քարկոծողները կ՚ըլլան:
Մերօրեայ մեծագոյն հիւանդութիւններէն մէկն է սեփական մեղքերը քօղարկել ուրիշին մեղքերը ստուարացնելով, սեփական մխիթարութիւն մը գտնել փորձելով այդ ինքնախաբէութեան մէջ. մեր օրերուն խեղդամահ եղած են բարոյական բոլոր արժէքները. այսօր բոլորը պատրաստ են մէյ մէկ իմաստուն հանճարներ դարձած խրատել ու ճառել եւ այլոց սխալները ուղղել, առանց նկատի ունենալու սեփական սայթաքումներն ու անկումները: Այսօր բոլորը պատրաստ են ուրիշի աչքի մէջէն շիւղը հանելու՝ առանց նկատի ունենալու իրենց սեփական աչքերուն մէջ եղող գերանը. անոնց համար է որ Տէրը ըսաւ. «Կեղծաւո՛ր, հան նախ զգերանդ յականէ քումմէ, եւ ապա հայեսջիր հանել զշիւղ յականէ եղբօր քոյ»:
***
Մի քանի օրեր առաջ համացանցի մէջ տարածում գտաւ տեսագրութիւն մը, ուր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէն մէկը չտիրապետելով իր ջղային հոգեվիճակին հայհոյանքներ կը բարձրացնէ. բնականաբար հայկական սովորութեան՝ համազգային տարածում կը գտնէ եւ սեփական թերութիւնները քօղարկելու փոխարէն շատեր նոյնիսկ օտար շրջանակներու մէջ տարածել կը փորձեն. հայ ժողովուրդը՝ որ ամբողջ իր կեանքը հեռու ապրած է հայհոյանքէ, եպիսկոպոսին արարքը կը քննադատէ. հետաքրքրականը ա՛յն է, որ անոնցմէ շատեր այդ հայհոյելու արարքը կը քննադատեն փոխադարձ հայհոյանքով մը. հայհոյանքին ստոր ըլլալը կը փորձեն փաստել այլ ստոր բառերով՝ որպէս թէ հակահայհոյութեան նպաստած ըլլան:
Աստուածաշունչը մի՛շտ հայհոյութեան կողքին կը յիշէ ագահութիւնը, չարութիւնը, նենգութիւնը, սպանութիւնը, շնութիւնը, պոռնկութիւնը, գողութիւնը, սուտ վկայութիւնը, բարկութիւնը, դառնութիւնը, սրտմտութիւնը, չար կարծիքները, անզգամութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, նախանձը, կռիւը եւ տակաւին այլ երեւոյթներ։ Եպիսկոպոսի հայհոյութիւնը քննադատողներ վերոյիշեալ մեղքերէն ո՞չ մէկը ունին. եթէ իրապէս վերոյիշեալ մեղքերէն ոչ մէկը ունին, թող մօտենան եկեղեցի եւ պահանջեն սրբադասման իրենց իրաւունքը. յաճախ մարդիկ կը մոռնան, որ եկեղեցականները եկեղեցական ըլլալէ առաջ լոյս աշխարհ կու գան որպէս ՄԱՐԴ. անոնք կ՚ունենան բոլոր այն ապրումները՝ ինչ որ ունի ուրիշ աշխարհական մը, սակայն կամաւոր զոհողութեամբ կ՚ընտրեն եկեղեցական այդ ճամբան. օծում ստանալէ ետք կը դառնան Աստուծոյ սպասաւոր՝ սակայն չեն դադրիր մարդ ըլլալէ։ Կ՚ունենան բոլոր այն ապրումները, ինչ որ ուրիշ մը ունի. որպէս մարդ արարած անոնք եւս կը ջղայնանան, կը նեղուին, կու լան, կը յուզուին, կը կռուին եւ կ՚ապրին բոլոր մարդկային զգացումները այնպէս՝ ինչպէս դուն եւ ուրիշը: Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները եւս (որ կարելի է ընդունիլ որպէս առաջին եկեղեցականներ) ունէին մարդկային սայթաքումներ. անոնցմէ մին դրամասիրութեան համար մատնեց Տէրը, ուրիշ մը իր մարդկային կեանքին վրայ վախնալով ուրացաւ Քրիստոսը, ուրիշ մը՝ կասկածելով ուզեց շօշափել՝ որպէսզի հաւատայ. այդ բոլորին դիմաց Տէրը չջղայնացաւ, իր բարկութիւնը չյայտնեց. նոյնիսկ երբ եկան զինք ձերբակալելու, Յուդայի հանդէպ ջղայնութիւն մը չունեցաւ, որովհետեւ մեղանչելը մարդկային է. մեր քրիստոնէական կրօնը չի՛ քարոզեր չսխալիլ, այլ կը քարոզէ, թէ ինչպէս կատարուած մեղքի մը համար պէտք է զղջալ, ապաշխարել ու դարձի գալ. այս մէկը սակայն մեր հասկացողութեան սահմաններէն դուրս է. մենք ազգովի սովոր ենք անձի մը հազարաւոր լաւ գործերը մոռնալով մեր կեդրոնացումը դնել անոր կատարած սխալներուն վրայ՝ նոյնիսկ եթէ իր ապագայ կեանքով քաւէ այդ բոլոր մարդկային սխալները։ Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Սուրբ Օգոստինոս մեղաւոր կեանք մը ապրած էր եւ կամ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեայ հաւատացեալները կը հալածէր ու կը սպաննէր։ Եթէ անոնք հայեր ըլլային, երբեք ալ Սուրբեր պիտի չյաջողէին դառնալ, որովհետեւ մենք ազգովի գիտենք միայն յիշել ստորն ու գէշը. այս մէկը ազգային հիւանդութիւն մըն է պարզապէս՝ արժանի ամենէն մաքուր ու ազնիւ հայհոյանքներուն:
Պէտք է երկնքի թագաւորութիւնը յատուկ դժոխք մը ստեղծէ՝ հայկական դժոխք մը, որպէսզի ազգովի փոխադրուինք եւ մեր երկրաւոր կռիւները շարունակենք այդտեղ՝ զիրար զօրավիգ կանգնելու տեղ աւելիով ընկղմելու համար դժոխքի խորերը՝ ինչպէս կ՚ընենք այստեղ, աշխարհի վրայ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մրջիւնները օգտակարութիւն ունի՞ն:
Պատասխան. Այո, մրջիւնները շատ օգտակար են մարդկութեան համար. անոնք վճռորոշ դեր կը խաղան հողի օդափոխութեան եւ սննդանիւթերու շրջանառութեան մէջ՝ բարելաւելով հողի առողջութիւնը, միաժամանակ խթանելով բոյսերու աճը: Անոնք կը պայքարին շատ մը վնասակար միջատներու հետ. անոնք նաեւ կը ծառայեն բոյսերու բազմացման, որովհետեւ սերմերը կը փոխադրեն տեղէ տեղ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան