ԽՈՒՍԱՓԻ՛Լ ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԷ

Յակոբոս առաքեալ իր ընդհանրական նամակին մէջ կը զգուշացնէ հաւատացեալները զիրար դատելու վատ սովորութեան դէմ։ Ան կ՚ըսէ. «Մէկզմէկ մի՛ բամբասէք. ան որ եղբայրը կը բամբասէ կամ իր եղբայրը կը դատէ, օրէնքը կը բամբասէ եւ օրէնքը կը դատէ։ Եթէ օրէնքը դատես, ա՛լ դուն օրէնքը կատարող չես, հապա դատաւոր։ Միայն մէկ Օրէնսդիր (եւ Դատաւոր) կայ, որ կարող է փրկել եւ կորսնցնել։ Դուն ո՞վ ես որ ուրիշը կը դատես». (ՅԱԿ. Դ 11-12)։

Դժբախտաբար ընդհանրացած վատ սովորութիւն մըն է իրար բամբասել եւ բամբասանքի հետ միասին դատել ուրիշներ, մանաւանդ անոնց բացակայութեան, քանի որ անոնք այդ պահուն առիթը չունին իրենք զիրենք պաշտպանելու։

Եւ որքան ցաւալի է, որ մարդիկ բամբասելու եւ ուրիշները դատելու այդ արարքէն հաճոյք կը զգան, եւ իրենք զիրենք կը գոհացնեն։ Որքան ցաւալի է, որ անոնք եւս երբ կը պախարակեն բամբասողները, կ՚այպանեն ուրիշները դատողները՝ իրենք արդէն բամբասած եւ դատած կ՚ըլլան իրենց արարքով։

Բամբասանքը, արդարեւ, անել ճամբայ մըն է մարդուս առջեւ, կամ ճախճախուտ մը՝ որուն մէջ հետզհետէ կը մխրճուի մարդ։

Այս կէտին, հարկաւոր է չշփոթել բամբասանքը արդար եւ շինարար քննադատութեան հետ։ Այս երկուքին յատկանշական տարբերութիւնը այն է որ՝ բամբասանքը քանդիչ է եւ աւերիչ, իսկ արդար քննադատութիւնը՝ շինիչ եւ դաստիարակի՛չ։ Եւ երկրորդ կարեւոր պարագայ մը՝ բամբասանքը ընդհանրապէս խնդրոյ առարկայ անձին բացակայութեան՝ նեղ շրջանակի մը մէջ կը պատահի, իսկ արդար քննադատութիւնը՝ բացայայտ կերպով եւ մանաւանդ քննադատուող անձին ուղղակի՛ ուղեալ ձեւով…

Արդարեւ, ան որ համարձակօրէն եւ քաջաբար քննադատելու կարողութիւնը չունի, եւ կը խուսափի փոխադարձ պաշտպանութեան վտանգէն, անշուշտ որ անոր բացակայութեան կը խօսի անոր մասին, այսինքն՝ կը բամբասէ։ Եւ բամբասանքը կը սկսի սա հարցումով. «Գիտե՞ս…», եւ այս կերպով կ՚ուզէ յայտնել, թէ միայն ի՛նք գիտէ այն ինչ որ պիտի յայտնէ։ Եւ մեղսակից ընել կ՚ուզէ նաեւ միւսները իր վատ արարքին։

Վերջապէս, բամբասանքը՝ բամբասողին տկար նկարագրին մէկ ցուցանիշն է։ Այլապէս, ինքնավստահ եւ քաջասիրտ մարդը երբեք չի՛ բամբասեր…

Գալով ուրիշները դատելու հարցին։ Ո՞վ բոլորովին անմեղ է, որ ուրիշը կարենայ դատել։ Այնքան ատեն որ մարդ ինքզինք արդար եւ անմեղ կը զգայ, չի կրնար ուրիշը դատել եւ անոր մասին արդար որոշում տալ։ Եւ այս իմաստով, ուրիշը դատել, կերպով մը իր յանցանքին պատրուակ փնտռելու ապարդիւն ջանք մըն է, եւ դատողը արժանի կ՚ըլլայ ի՛նք դատուելու։

Մարդ ո՞րքան, ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ անաչառ եւ արդարադատ, որպէսզի կարենայ դատել ուրիշը։ Ուրեմն, բամբասել եւ դատել մարդուս տկարութեան հետեւանքներն են։ Բամբասողներ պէտք է լա՛ւ գիտնան, որ ուրիշ տեղ մըն ալ մարդիկ իրենք կը բամբասեն՝ նոյնքան տկար նկարագիր ունեցող ուրիշնե՜ր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024