ՄԱՐԴՈՒՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Բա­նաս­տեղծ­ներ, ընդ­հան­րա­պէս կ՚եր­գեն ու կ՚ը­սեն, թէ աշ­խարհ ստեղ­ծուած է գար­նա­նա­յին կամ գար­նա­նան­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ըն­թաց­քին։ Բա­նաս­տեղծ­նե­րու զգա­ցում­նե­րը զօ­րա­ւո՛ր են, ճշմար­տա­մերձ են, մտքին հա­մըն­թաց են ա­նոնց զգա­ցում­նե­րը, քա­նի որ կեան­քը ամ­բողջ կը զգան, կ՚ապ­րին եւ կ՚եր­գեն։ Ար­դա­րեւ, ո՞վ փոր­ձած չէ իր կեան­քին մէջ՝ գար­նա­նա­յին պայ­ծառ ա­րե­ւին շո­ղե­րը պատ­ռե­լով դո՛ւրս գալ դէ­պի բնու­թեան ծո­ցը։ Գար­նան չէ՞, որ կը նո­րո­գուին, կը կազ­դու­րուին մար­դիկ, «նոր մարդ» կ՚ըլ­լան, եւ ա­ւե­լի եւս ո­գե­ւոր, ա­ւե­լի եւս ե­ռան­դուն, ա­ւե­լի եւս աշ­խոյժ կը նե­տուին կեա՛նք, ուր­կէ նա­խա­պէս փա­խուստ տուած էին։

Գար­նան ա­մէն ինչ կը փո­խուի՝ կը բա­րե­փո­խուի ու կը լա­ւա­նայ։ Մարդ՝ «փո­խուած մարդ»ը կ՚արթն­նայ իր քու­նէն՝ նոր շուն­չով կ՚անդ­րա­դառ­նայ բնու­թեան, ա­նոր հրա­շա­լիք­նե­րը, սքան­չե­լիք­նե­րը, քաղց­րու­թիւն­նե­րը կը սկսի վա­յե­լել։ Եւ ա­սի­կա, ա­հա­ւա­սիկ «մար­դուն երկ­րա­յին կեան­քի յա­րու­թիւն»ը կա­րե­լի է հա­մա­րել, ձե­ւով մը՝ հո­գե­ւոր ի­մաս­տով Յա­րու­թեան մէկ նա­խա­տի­պա­րը, նա­խա­շա­ւի­ղը, բա­ցատ­րա­գի՛­րը։

Ե­րա­նի՜ ա­մէն մէկս կա­րե­նա­յինք անդ­րա­դառ­նալ մեր անձ­նա­կան յա­րու­թեան՝ խա­ւա­րէ լոյս, խա­ւա­րամ­տու­թե­նէ ա­զա­տամ­տու­թեան, մո­լե­ռան­դու­թե­նէ լայ­նա­խո­հու­թեան ել­լե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան։ Նա­խա­պա­շա­րում­ներ, կան­խա­կա­լու­թիւն­ներ կը մթագ­նեն մարդ­կա­յին միտ­քը եւ կը խա­ւա­րա­պա­տեն մար­դուս հո­գին։ Խա­ւա­րա­միտ՝ լու­սա­ւո­րու­թեան, յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ զար­գաց­ման թշնա­մի մար­դը ա­մե­նէն վտան­գա­ւոր մա՛րդն է հա­մայն մարդ­կու­թեան։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս խա­ւա­րէն ա­զա­տիլ՝ մու­թէն լո՛յս ել­լել «յա­րու­թի՛ւն» մըն է, վե­րած­նունդ մը, վե­րա­կեն­դա­նու­թիւն, որ մարդս կը բարձ­րաց­նէ, ար­ժա­նա­ւոր դիր­քի կը հասց­նէ։ Տգի­տու­թեան թմրե­ցու­ցիչ քու­նէն արթն­նալ ինք­նին «յա­րու­թի՛ւն» մըն է։

Ար­դա­րեւ, տգի­տու­թիւ­նը ան­տե­ղեակ ըլ­լալ՝ ու­սում եւ կրթու­թիւն չու­նե­նալ չէ՛, այլ ի­րա­կան տգի­տու­թիւ­նը «գիտ­նալ կար­ծել» է, չգիտ­ցա­ծին չանդ­րա­դառ­նալ եւ չգիտ­ցա­ծը չգիտ­նա՛լ է։ Ուս­տի, երբ մէ­կը անդ­րա­դառ­նայ իր չգիտ­ցա­ծին, ա­հա­ւա­սիկ այդ ալ «յա­րու­թիւն» է։ Եւ ո՜ր­քան վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար են ա­նոնք՝ որ կը կար­ծեն գիտ­նալ ա­մէն բան, մե­ծամ­տու­թեամբ եւ յա­ւակ­նու­թեամբ կը դի­տեն ի­րենց շուր­ջը։ Եւ երբ յա­ւակ­նոտ ու մե­ծա­միտ մէ­կը անդ­րա­դառ­նայ իր սնա­փա­ռու­թեան եւ ու­նայ­նամ­տու­թեան, ա­հա­ւա­սիկ այդ ալ «յա­րու­թիւն» մըն է։

Ու­րեմն այն, որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ իր սխա­լին եւ կը սրբագ­րէ իր սխա­լը, կը շտկէ իր վի­ճա­կը, այն ալ «յա­րու­թիւն» մըն է՝ սու­տէն դէ­պի ճշմար­տու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, մար­դիկ ին­չո՞ւ կը յա­մա­ռին ի­րենց սխա­լին վրայ, չեն անդ­րա­դառ­նար, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ անդ­րա­դառ­նալ չեն ու­զեր եւ ան­տար­բեր կը գտնուին «յա­րու­թեան» մա­սին։ Եւ մար­դիկ ա՜յն­քան ան­տար­բեր են շատ ան­գամ, որ ան­տար­բեր են նաեւ ի­րենց ան­տար­բե­րու­թեան։ Բայց ե­թէ ի­րենց շա­հը պա­հան­ջէ, մար­դիկ ու­շա­դրու­թիւն կը դարձ­նեն ա­մե­նա­պարզ ու ա­մե­նա­փոքր ար­ժէ­քի մը վրայ։

Մար­դիկ չեն խոր­հիր փո­խուիլ, բա­րե­փո­խուիլ, բա­րեշր­ջուիլ՝ որ է ճշմա­րիտ «յա­րու­թիւն» մը կեան­քին։

Ա­տե­լու­թեամբ լե­ցուն մէ­կը երբ յան­կաղծ սի­րով լե­ցուի, այդ իս­կա­կան «յա­րու­թիւն» մը կ՚ըլ­լայ ի­րեն հա­մար։ Ի­րա­պէ՛ս «յա­րու­թի՛ւն», քա­նի որ սէ­րը կեա՛նք է, վե­րա­կեն­դա­նու­թիւն է, ու­րա­խու­թիւն է եւ եր­ջան­կու­թիւն է…։ Սէ­րը յա­ւի­տե­նա­կան է, ու­րեմն յա­րու­թիւնն ալ՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեանք եւ եր­ջան­կու­թի՛ւն։

Ու­րեմն, յա­րու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը մարդ կ՚ապ­րի այս աշ­խար­հի վրայ՝ զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րով, կեր­պե­րով՝ ո­րոնք ման­րա­տի­պար­ներն են իս­կա­կան Յա­րու­թեան։ Եւ ա­մէն ա­ռա­ւօտ երբ քու­նէն կ՚արթն­նայ մարդ, նոր օ­րուան մը կը սկսի, նոր կեանք մը ապ­րե­լու կը պատ­րաս­տուի։ Պահ մը խոր­հինք սի­րե­լի­նե՜ր, այս սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյ­թը իր լայն ա­ռու­մով յա­րու­թիւն մը չէ՞։ Նոյն­պէս բնու­թիւ­նը իր ա­մէն պեր­ճանք­նե­րով եւ զար­դե­րով կ՚արթն­նայ եւ ամ­բողջ տիե­զեր­քի զար­թօն­քը կը կա­տա­րէ, տե­սա­րան­նե­րը եւ հան­դի­սա­րանք­նե­րը ի­րենց աս­տուա­ծա­յին բազ­մա­տե­սակ գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով։ Այս­պէս բնու­թիւ­նը կը հրճուի եւ կը ցնծայ։

Այս ի­մաս­տով, ա­մէն բա­րե­փո­խում յա­րու­թի՛ւն մըն է։ Ան­շուշտ ա­մե­նէն կա­րե­ւոր յա­րու­թիւ­նը՝ կեն­սա­կան բա­րե­փո­խու­թեան ե­րե­ւոյթն է, այն է. մահ­կա­նա­ցուին ան­մա­հու­թեան բա­րեփոխուիլն է, ո­րուն կ՚ը­սենք իր յա­տուկ ա­նու­նով՝ «Յա­րու­թի՛ւն»։­

Ու­րեմն յա­րու­թիւ­նը իր լայն ա­ռու­մով «փո­փո­խու­թիւն» մը կ՚են­թադ­րէ՝ բա­րե­փո­խու­թիւն մը, դէ­պի լաւ ըն­թացք մը։ Եւ մար­դը՝ կա­մայ ա­կա­մայ կը խո­նար­հեց­նէ տիե­զե­րա­կան սե­ղա­նի առ­ջեւ, Աս­տու­ծոյ ան­հու­նու­թեան առ­ջեւ իր գլու­խը, իր ճա­կա­տը։ Ուս­տի կա­րե­ւո­րը ան­կում ու­նե­նա­լը չէ՛, այլ՝ ան­կու­մէն վերջ վեր կանգ­նե՛­լու ու­ժը ու­նե­նա­լը…։

Յա­րու­թիւն է նաեւ՝ ի­մա­ցա­կան արթ­նու­թիւն, ա­մէն տե­սակ մո­լու­թե­նէ ու մո­լո­րու­թե­նէ փրկուիլ եւ ուղ­ղուիլ դէ­պի ճշմար­տու­թիւն, ա­մէն խա­ւա­րա­միտ ու յե­տա­դի­մա­կան մտա­ծում­նե­րէ ա­զա­տիլ լո՛յ­սով եւ լու­սա­ւո­րուիլ՝ լու­սա­միտ եւ յա­ռա­ջա­դէմ կեանք ապ­րե­լու պատ­րաստ ըլ­լալ, բո­լորն ալ իս­կա­կան «յա­րու­թիւն»ներ են մար­դուն հա­մար։

Ուս­տի յա­րու­թիւ­նը իր լայն ա­ռու­մով կը բո­վան­դա­կէ ամ­բողջ կեան­քը՝ իր տար­բեր ե­րես­նե­րով, ո­րոնց մաս կը կազ­մէ նաեւ մարդ­կա­յին հո­գին եւ մի՛տ­քը։ Ար­դա­րեւ «յա­րու­թեան գա­ղա­փար»ը ա­ռըն­չել միայն մար­մի­նով, յա­րու­թեան ի­մաս­տին եւ խոր­հուր­դին կը հա­կա­սէ։ Յա­րու­թիւ­նը, մարդ պէտք է ապ­րի իր կեան­քի ա­մէն ե­րես­նե­րուն, ա­մէն ե­րե­ւոյթ­նե­րուն մէջ։ Մարդ կրնայ յա­րու­թիւ­նը զգալ, յա­րու­թիւ­նը ապ­րիլ ա­մէն պահ, ե­թէ անդ­րա­դառ­նայ կեան­քին ամէն մէկ ապ­րու­մին կա­րե­ւո­րու­թեան, խո­րա­նայ ա­նոր ի­մաստին, ա­նոր խոր­հուր­դին եւ ա­նոր բարձ­րու­թեան հաս­նի, կա­րե­նայ տա­րա­ծուիլ ա­նոր ան­սահ­մա՜ն, ան­հա­սա­նե­լի՜ հո­րի­զոն­նե­րուն…։

Կեան­քը լիու­լի ապ­րո­ղը, կեան­քը հասկ­ցո­ղը, կեան­քին անդ­րա­դար­ձո­ղը՝ ա­մէն պահ յա­րու­թեան հետ կրնա՛յ դի­մա­ւո­րուիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 6, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015