ԵՐԿԱԿՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ԱՐԳԵԼՔԸ
Պօղոս առաքեալ, երկրորդ պսակի մասին կ՚ըսէ.
«Աւելի լաւ կ՚ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան, բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, քանի որ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ։ Իսկ ամուսնացած զոյգերուն հետեւեալ պատուէրը կու տամ, ո՛չ թէ ես, այլ Տէրը.- Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի. իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ։
«Նո՛յնպէս, ոեւէ այր իր կինը թող չձգէ։
«Միւսներուն ե՛ս կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ Տէրը.- Եթէ ոեւէ հաւատացեալ եղբայր անհաւատ կին մը ունի, որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր կնոջմէ։ Նոյնպէս, ոեւէ հաւատացեալ կին, եթէ ունի անհաւատ ամուսին մը՝ որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր ամուսինէն» (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 8-13)։
Եւ դարձեալ, Հռոմայեցիներու գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Օրէնքը մարդուն կը տիրէ՝ որքան ատեն որ մարդը կ՚ապրի։ Այնպէս, օրինակ, ամուսնացած կին մը Օրէնքով իր ամուսինին կապուած է, որքան ատեն որ ամուսինը ողջ է։ Իսկ երբ ամուսինը մեռնի՝ արձակուած կ՚ըլլայ ամուսնական կապէն» (ՀՌՈՄ. Է 1-2)։ Ուստի Առաքեալը թոյլ կու տայ «երկրորդ պսակ»ը, բայց ողջախոհութեան կանոններուն համապատասխան կը համարէ երկրորդ անգամ չպսակուիլը, քան ամուսնանալը։ Եւ այդ հիման վրայ ալ կը պահանջէ, որ հոգեւորականը՝ եպիսկոպոս թէ քահանայ, մէ՛կ անգամ պսակուած ըլլան։ Հոս պէտք է յիշել, թէ «կուսակրօն» քահանայի դրութիւնը աւելի վերջին շրջաններուն հաստատուած է, ապա ուրեմն Առաքեալի խօսքերը պէ՛տք է հասկնալ իր շրջանի պայմաններու ներքեւ՝ եպիսկոպոսներու ամուսնացած հոգեւորական եղած ատեններու նկատմամբ։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ Առաքեալի խօսքը, այսօր պէտք է հասկնալ միայն ամուսնացեալ քահանաներու համար։
«Մէկ բան որոշ է, որ եպիսկոպոսութեան ձգտողը բարի գործի է որ կը ցանկայ։ Արդ, եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ. մէկ կնոջ ամուսին, զուսպ, զգաստ, մեղմաբարոյ, հիւրասէր եւ ուսուցանելու ատակ։ Պէտք չէ՛ գինեմոլ ըլլայ, ո՛չ ալ կոպիտ, այլ՝ ազնիւ, ո՛չ կռուազան եւ ո՛չ ալ դրամասէր…» (Ա ՏԻՄՈԹ. Գ 1-3)։
Եւ դարձեալ, Տիտոսի գրած նամակին մէջ ալ կ՚ըսէ. «Երիցութեան թեկնածուն պէ՛տք է անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր ըլլայ եւ հաւատացեալ զաւակներ ունենայ…։ Արդարեւ եպիսկոպոսը՝ որպէս Աստուծոյ տնտես՝ պէտք է անմեղադրելի ըլլայ։ Պէտք չէ՛ յանդուգն, բարկացոտ, գինեմոլ, կռուազան կամ շահամոլ ըլլայ, այլ՝ հիւրասէր, բարին սիրող, զուսպ, արդար, մաքուր եւ ժուժկալ։ Պէտք է ամրօրէն պահէ իր սորված վստահելի վարդապետութիւնը, որպէսզի կարենայ ուղիղ ուսուցումով յորդորել ուրիշները եւ յանդիմանել հակառակորդները» (ՏԻՏՈՍԻՆ Ա 6-9)։
Անշուշտ հոս ալ, այսօրուան պայմաններու մէջ, եպիսկոպոսի համար ըսուածները կը համապատասխանեն նաեւ ամուսնացեալ քահանաներուն՝ որոնցմէ բնական է սպասել նոյն առաքինութիւններու, որպէս հոգեւորական եւ հովիւ ժողովուրդին, որուն պէտք է տիպար եւ առաջնորդ ըլլան բոլոր հոգեւորականները անխտիր։ Այլապէս կարելի՞ է խորհիլ ամուսնացեալ քահանայ մը՝ որմէ բացակային վերոյիշեալ առաքինութիւնները…։
Ուստի Առաքելական կանոնով արգիլուած է երկակներու մտնել հոգեւորականութեան մէջ։
Այս հիմամբ Բ առաքելական 17 կանոնը որոշած է դրականապէս.
«Ո՛վ որ մկրտութենէն յետոյ երկու անգամ պսակով կապուած ըլլայ, կամ հարճ ունենայ, ան կարող չէ՛ եպիսկոպոս, երէց, սարկաւագ եւ քահանայական կարգի անդամ ըլլալ»։
Արտաքին տեղական ժողովները քահանաներուն արգիլեցին ներկայ ըլլալ երկպսակներու հարսանիքին. իսկ միւս կանոնը անոնց ապաշխարանք կը սահմանէ։
Մինչեւ 9-րդ դարը երկպսակներու ամուսնութիւնը կը կատարուէր կա՛մ եկեղեցիի օրհնութեամբ, կա՛մ առանց օրհնութեան, քաղաքացիական կարգով։ 9-րդ դարու կայսերական հրամաններէն յետոյ կատարուեցաւ վերջնականապէս եկեղեցիի օրհնութեամբ։ Երկրորդ պսակը իսկապէս կը համարուէր օրհնանք, այն ալ ուռի ծառի ոստի օրհնութեամբ՝ իսկական պսակէն զանազանելու համար։
Յունա-հռոմէական օրէնքները կը թոյլատրէին երկրորդ պսակը, առաջինէն գոնէ տարի մը յետոյ եւ կալուածական մի քանի սահմանափակումներով։ Մեր Շահապիվանի 7-րդ կանոնը կ՚ըսէ, թէ՝ եթէ պսակէն առաջ՝ աղջիկը ու տղան յարաբերութիւն կ՚ունենան՝ այն ժամանակ անոնց պսակը օրհնուի իբրեւ երկակի՝ ուռը խաչակնքուի եւ գլխուն դրուի. իսկ եթէ կոյս մնացած են՝ օրինաւոր պսակ կատարուի։
Նոյնպէս եւ նոյն ժողովի 3-րդ կանոնը կը հրամայէ, որ մեղանչած կոյսի պսակը պիտի ըլլայ «երկակի պսակ» եւ ո՛չ օրինաւոր՝ «միայն խաչակնքելով»։ «Իսկ եթէ մէկը կուսան է, միւսը անհաւատարիմ՝ պոռնկութիւն ըրած, կուսանի պսակը օրհնուի օրինաւոր կերպով, իսկ միւսինը իբրեւ երկակի, այսինքն խաչակնքել ուռը եւ դնել գլխուն իբրեւ նշան թշնամիի յաղթութեան»։
Դուինի ժողովի կանոններուն մէջ աւելի մեղմացած են այդ կանոնները. «Պէտք չէ՛ կոյսերը այրիներու հետ եւ ոչ ալ այրիները կոյսերու հետ ամուսնացնել, որովհետեւ համեմատ չեն»։ Այս կանոնները հետզհետէ մեղմացան եւ աւելի վերջի դարերուն երկրորդ պսակը սկսաւ օրհնուիլ առաջին պսակի նման եւ ապաշխարանքի ենթարկումը վերցուեցաւ։
Բարսեղ Կեսարացի կ՚ըսէ, թէ՝ եռամուսնութեան համար օրէնք չկայ, եռամուսնութիւնը օրէնքով չէ՛ թոյլատրուած (Ա Գիրք, 174)։
Հոս կարելի է հարցնել, թէ այս օրէնքները ո՞րքան ի զօրու են այսօր։ Սկզբունքով, օրէնք մը, կամ կանոն մը միա՛յն սահմանուած իշխանութեան կամ հեղինակութեան համազօր իշխանութեան կամ հեղինակութեան կողմէ, օրինաւորապէս կարելի է փոփոխութեան ենթարկել, թէ ո՛չ՝ անոնք ի զօրու կը մնա՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 8, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024