ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԱՌԱԿՆԵՐ

Եր­բեմն կարճ ա­ռակ մը շատ ա­ւե­լի տպա­ւո­րիչ կ՚ըլ­լայ, քան եր­կա՜ր խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ, ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով խճո­ղուած խրատ­ներ, թե­լադ­րանք­ներ։ Ար­դա­րեւ յա­ճախ կը կրկնենք՝ եր­բեմն մար­դիկ շատ կը խօ­սին, բայց ո՛­չինչ կ՚ը­սեն, եր­բեմն ալ քիչ կը խօ­սին՝ շատ բան կ՚ը­սեն։

Ա­հա­ւա­սիկ մի քա­նի օ­րի­նակ­ներ՝ ուր հա­մա­ռօտ ու ամ­փոփ կեր­պով շատ բա­ներ կ՚ը­սուի եւ օգ­տա­շատ խրատ­ներ կը տրուի, գործ­նա­կան դա­սեր կը փո­խան­ցուի։

Վար­դա­պետ մը չէր կրնար տալ այն, ինչ որ կ՚ու­զէր տալ ի­րեն ունկնդ­րող ժո­ղո­վուր­դին՝ երբ կը խօ­սէր Աս­տու­ծոյ կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րուն մա­սին։ Ու­րեմն ան սկսաւ խօ­սիլ ու պատ­մել մտա­ցա­ծին, յե­րիւ­րա­ծոյ պատ­մու­թիւն մը։ Պատ­մու­թիւ­նը սա էր. պա­տա­նի մը ա­ւա­նակ մը կը վար­ձէ՝ որ­պէս­զի քա­ղա­քէ մը միւ­սը եր­թայ։ Երբ կէ­սօ­րուան ա­րե­ւը կը սկսի այ­րել, կ՚ու­զէ ա­րե­ւուն ճա­ռա­գայթ­նե­րէն պատս­պա­րուե­լու հա­մար ա­ւա­նա­կին ոտ­քե­րուն տակ, ա­նոր շու­քէն օգ­տուիլ։

Բայց ա­ւա­նա­կը վար­ձո­ղը՝ ա­ւա­նա­կին տէ­րը ար­գելք կ՚ըլ­լայ ա­նոր։ Պա­տա­նին եւ ա­ւա­նա­կին տէ­րը կը սկսին վի­ճիլ։ Պա­տա­նին կ՚ը­սէ, թէ ա­ւա­նա­կը ինք վար­ձած է, ուս­տի ոտ­քե­րը եւ ա­նոր շուքն ալ ի­րեն կը պատ­կա­նին. իսկ տէ­րը կ՚ը­սէ՝ թէ ա­ւա­նա­կը վար­ձած է ա­ռանց շու­քի…։

Վար­դա­պե­տը այս­քա­նը կը պատ­մէ՝ կը թո­ղու իր տե­ղը եւ կը հե­ռա­նայ։ Ժո­ղո­վուր­դը ետ կը կան­չէ վար­դա­պե­տը՝ պա­հան­ջե­լով, որ ա­ւար­տէ պատ­մու­թիւ­նը եւ կ՚ու­զէ գիտ­նալ, թէ ինչ­պէ՛ս լու­ծուե­ցաւ վէ­ճի ա­ռար­կայ խնդի­րը։ Այն ա­տեն վար­դա­պե­տը կը ծի­ծա­ղի եւ կ՚ը­սէ.

«Ի՜նչ մար­դիկ էք դուք։ Ա­ւա­նա­կի ոտ­քե­րու մա­սին լսել կ՚ու­զէք, իսկ հո­գիի փրկու­թեան մա­սին ո՛չ»։­

Ա­հա­ւա­սիկ այդ­պէս են նաեւ «ա­նուա­նա­կան քրիս­տո­նեա­ներ»ը, երբ կը նա­յին, կը լսեն կամ կը կար­դան ու­նայն, պա­րապ բա­ներ եւ բնաւ չեն ձանձ­րա­նար, նոյ­նիսկ ան շա­րու­նա­կուի ամ­բողջ օր։ Իսկ Աս­տու­ծոյ խօս­քը կար­դա­լու կամ լսե­լու ժա­մա­նակ ա­մե­նե­ւին չեն ու­նե­նար…։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ ու­րիշ ա­ռակ մը եւս։

Ի­մաս­տուն մարդ մը իր ըն­կե­րոջ ը­սաւ. «Շուրջդ նա­յէ եւ միտքդ պա­հէ բո­լոր նարն­ջա­գոյն ա­ռար­կա­նե­րը»։

­Սե­նեա­կին մէջ շատ էին նարն­ջա­գոյն ի­րե­րը։ Ուս­տի ըն­կե­րը բո­լորն ալ միտ­քը պա­հեց։

Իսկ հի­մա, պա­տուի­րեց ի­մաս­տու­նը. «Փա­կէ աչ­քերդ ու թուէ բո­լոր կա­պոյտ գոյ­նով ա­ռար­կա­նե­րը»։­

Ըն­կե­րը շփո­թե­ցաւ եւ բո­ղո­քեց. «Ես ո՛չ մէկ կա­պոյտ ա­ռար­կայ տե­սած եմ… քու խօս­քիդ հա­մա­ձայն ես միտքս պա­հե­ցի միայն նարն­ջա­գոյն ա­ռար­կա­նե­րը»։­

Ի­մաս­տու­նը ժպտե­լով ը­սաւ. «Բաց աչ­քերդ եւ տես, թէ սե­նեա­կին մէջ ո՜ր­քան կա­պոյտ գոյ­նով ի­րեր կը գտնուին… այս օ­րի­նա­կով», շա­րու­նա­կեց ի­մաս­տու­նը. «ու­զե­ցի ցոյց տալ քեզ կեան­քի մա­սին ճշմար­տու­թիւ­նը. ե­թէ դուն կը փնտռես սե­նեա­կին մէջ գտնուող միա՛յն նարն­ջա­գոյն ի­րե­րը ու միտքդ պա­հես ա­նոնք, իսկ կեան­քի մէջ միա՛յն վա­տը, գէ­շը, ա­պա դուն կը տես­նես ու բա­ցա­ռա­պէս կը նկա­տես միայն ա­նոնք, եւ միայն ա­նոնք կը յի­շես ու միտքդ կը պա­հես կեան­քիդ մէջ։ Յի­շէ, ու­րեմն, ե­թէ դուն կը փնտռես միա՛յն վա­տը՝ կը գտնես վա­տը՝ եր­բեք չնկա­տե­լով ո­րե­ւէ լաւ բան. ակն­կա­լե­լով միայն գէ­շը, դուն կ՚ան­տե­սես ու միտ­քէդ դուրս կը թո­ղուս այն լա՛­ւը, որ ի­րա­կա­նին՝ մի՜շտ կա՛յ…»։­

Եւ ա­հա­ւա­սիկ ու­րիշ ա­ռակ մը՝ ի­մաս­տու­նի մը կեան­քէն։

Ի­մաս­տուն մարդ մը կը ճամ­բոր­դէր եւ տես­նե­լով աշ­խար­հի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը կը հիա­նար եւ իր ապ­րած կեան­քով կ՚ու­րա­խա­նար։ Այդ­քան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րու մէջ յան­կարծ կը հան­դի­պի ծանր բե­ռի տակ կո­րա­ցած դժբախտ մար­դու մը։

«Դուն ին­չո՞ւ այդ­պի­սի տա­ռա­պանք­նե­րու դա­տա­պար­տուած ես», կը հարց­նէ ի­մաս­տու­նը։

«Ես կը տա­ռա­պիմ իմ զա­ւակ­նե­րուս եւ թոռ­նե­րուս եր­ջան­կու­թեա­նը հա­մար», կը պա­տաս­խա­նէ մար­դը։ Եւ շա­րու­նա­կե­լով, «Իմ պա­պի հայրն ալ ամ­բողջ կեան­քին տա­ռա­պեր է, պա­պիս եր­ջան­կու­թեան հա­մար, հայրս տա­ռա­պեր է իմ եր­ջան­կու­թեան հա­մար, եւ ես ալ ամ­բողջ կեան­քիս մէջ տա­ռա­պե­լու եմ, միայն թէ իմ ե­րա­խա­ներս եւ թոռ­ներս եր­ջա­նիկ ըլ­լան…», կ՚ը­սէ։

«Իսկ ձեր ամ­բողջ գեր­դաս­տա­նին մէջ գո­նէ մէկ հո­գի եր­ջա­նիկ ե­ղե՞ր է», կը հարց­նէ դար­ձեալ ի­մաս­տու­նը։

«Ո՛չ, բայց իմ ե­րա­խա­ներն ու թոռ­նիկ­նե­րը ան­պայ­ման եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լան», կը պա­տաս­խա­նէ տա­ռա­պող դժբախտ մար­դը։ Ա­սոր վրայ ի­մաս­տու­նը կ՚ը­սէ.

«Անգ­րա­գէտ մէ­կը չի կրնար կար­դալ սոր­վեց­նել, իսկ խլուր­դը՝ գետ­նաբ­նակ կեն­դա­նին, դաշ­տա­մու­կը չի կրնար ար­ծիւ դաս­տիա­րա­կել»։ Եւ կը շա­րու­նա­կէ. «Սոր­վէ՛ նախ ինքդ եր­ջա­նիկ ըլ­լալ, այդ ժա­մա­նակ կը հասկ­նաս նաեւ, թէ ե­րա­խա­ներդ ու թոռ­նիկ­ներդ ինչ­պէ՛ս եր­ջա­նիկ պի­տի կա­րե­նաս դարձ­նել…»։­

Ի՞նչ կը խոր­հիք, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, «կոյ­րը կոյ­րին կրնա՞յ ա­ռաջ­նոր­դել», եւ ե­թէ մէ­կը՝ ինք չու­նի ո­րե­ւէ ա­ռա­ւե­լու­թիւն, ո­րե­ւէ բա­րե­մաս­նու­թիւն կամ գե­րա­զան­ցու­թիւն՝ ու­րի­շին կրնա՞յ տալ այն, ի՛նչ որ կը պակ­սի իր­մէ։ Մա՛րդ իր ու­նե­ցա­ծէն ա­ւե­լին չի՛ կրնար տալ, ու­րեմն ե­թէ տալ կ՚ու­զէ, նախ ինք պէտք է որ տի­րա­նայ, յե­տոյ տալ փոր­ձէ ու­րիշ­նե­րուն…։

Իր ու­նե­ցա­ծը տալ՝ ան­շուշտ որ ա­ռա­քի­նու­թիւն է եւ վե­հանձ­նու­թիւն, բայց միա՛յն «իր ու­նե­ցա­ծը» եւ ո՛չ ա­ւե­լին, քա­նի որ ի­րե­րու բնու­թեան հա­կա­ռա՛կ է տալ բան մը՝ որ կը պակ­սի իր­մէ…։

Իսկ նա­խըն­թաց ա­ռա­կին մա­սին ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը, սի­րե­լի՜­ներ։ Մարդ երբ իր շուր­ջը դի­տէ միայն գէշ բա­ներ փնտռե­լու եւ տես­նե­լու հա­մար, ա­պա ու­րեմն կրնա՞յ լա­ւը տես­նել, լա­ւը վա­յե­լել…։ Ա­հա­ւա­սիկ, հո՛ս է տար­բե­րու­թիւ­նը յո­ռե­տես մար­դուն եւ լա­ւա­տե՛ս մար­դուն։ Ա­մէն բա­նի գէշ կող­մը տես­նո­ղը ինչ­պէ՞ս կրնայ լա­ւը տես­նել։ Ճի՛շդ այդ պատ­ճա­ռով է, որ ո­մանք եր­բեք եր­ջա­նիկ չեն կրնար ըլ­լալ, քա­նի որ եր­բեք տե­ղե­կու­թիւն չու­նին լա­ւին, գե­ղե­ցի­կին, բա­րիին մա­սին։

Մինչ­դեռ կեան­քը միայն «սեւ» չէ, միշտ «սպի­տակ» ճեր­մակ կողմ մըն ալ ու­նի՝ «սեւ» ու «ճեր­մակ» է ամ­բողջ կեան­քը։ Նոյն­պէս աշ­խարհ տե­ւա­կա՜ն խա­ւար չէ, ու­նի նաեւ լու­սա­ւոր պա­հեր։ Ու­րեմն մարդ պէտք է դի­տէ կեան­քը իր եր­կու ե­րե­սակ­նե­րով, եւ այն ա­տեն է, որ պի­տի կա­րե­նայ ներ­դաշ­նա­կել զայն եւ ո՛ւր որ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն կայ՝ հոն հե­ռու չէ՛ եր­ջան­կու­թիւ­նը։

Վեր­ջաց­նենք ա­ռա­կով մը եւս։

Ար­ծի­ւի ձա­գը գլու­խը բոյ­նէն դուրս կը հա­նէ ու կը տես­նէ ժայ­ռե­րու մէջ ճախ­րող՝ բարձր թռչող թռչուն­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը։

«Մայ­րիկ», կը հարց­նէ ան. «այս ի՞նչ թռչուն­ներն են»։

«Մեր ըն­կեր­ներն են», կը պա­տաս­խա­նէ մայր ար­ծի­ւը իր որ­դիին. «ար­ծի­ւը կ՚ապ­րի մե­նու­թեան, ա­ռանձ­նու­թեան մէջ. ա՛յդ է ա­նոր ճա­կա­տա­գի­րը, սա­կայն ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ ան ալ շրջա­պա­տի կա­րիք կը զգայ, այ­լա­պէս ան ալ ի՜նչ թռչուն­նե­րու թա­գա­ւոր է։ Ու­րեմն բո­լոր այն ճախ­րող թռչուն­նե­րը, զորս դուն կը տես­նես, մեր հա­ւա­տա­րիմ ըն­կեր­ներն են»։

­Մայր ար­ծի­ւի այս բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րէն բա­ւա­րա­րուած ար­ծի­ւի ձա­գը, հե­տաքրք­րու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ հե­տե­ւիլ թռչուն­նե­րուն՝ այ­սու­հե­տեւ ա­նոնք իր հա­ւա­տա­րիմ ըն­կե­րը հա­մա­րե­լով…։

Բայց ար­ծի­ւի ձա­գը զար­մա­ցած կը գո­ռայ.

«Վա՜յ, վա՜յ, ա­նոնք մեր սնուն­դը գող­ցա՛ն»։

«Հանգս­տա­ցի՛ր, սի­րե­լի որ­դիս», կ՚ը­սէ մայր ար­ծի­ւը. «ա­նոնք մեզ­մէ ո՛­չինչ գող­ցան, ես ինքս ա­նոնք հիւ­րա­սի­րե­ցի։ Ընդ­միշտ յի­շէ, թէ ի՛նչ կ՚ը­սեմ սա պա­հուս քե­զի, ո՜ր­քան ալ ար­ծի­ւը ա­նօ­թե­ցած ըլ­լայ, ան ան­պայ­ման իր որ­սը, իր ու­տե­լի­քը կը կի­սէ թռչուն­նե­րու հետ։ Ար­դա­րեւ այս բարձ­րունք­նե­րու վրայ ա­նոնք այն կա­րո­ղու­թիւնն ու զօ­րու­թիւ­նը չու­նին ի­րենց սնունդ գտնե­լու, եւ անհ­րա­ժեշտ է ա­նոնց օգ­նել ի­րենց տկա­րու­թեա­նը մէջ։ Ուս­տի ար­ծի­ւը՝ որ բարձ­րու­թիւն­նե­րու վրայ է, պէտք է օգ­նէ իր­մէ տկար թռչուն­նե­րուն՝ ճնճղուկ­նե­րուն, դեղ­ձան­իկ­նե­րուն եւ իր բո­լոր հա­ւա­տա­րիմ ըն­կեր­նե­րուն…»։­

Ու­րեմն իւ­րա­քան­չիւր անձ, որ կը փա­փա­քի ու­նե­նալ հա­ւա­տա­րիմ ըն­կեր, ան­կեղծ բա­րե­կամ, պէտք է բա­րի եւ համ­բե­րա­տար ըլ­լայ՝ ու­շա­դիր ըլ­լա­լով ու­րիշ­նե­րուն կեն­սա­կան կա­րիք­նե­րուն։ Փառք, պա­տիւ ու յար­գանք ձեռք կը բե­րուի ո՛չ թէ ու­ժով, այլ մե­ծա­հո­գու­թեամբ եւ կա­րի­քա­ւոր­նե­րու, տկար­նե­րու հետ իսկ վեր­ջին կտո­րը կի­սե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ…։

Ար­ծի­ւի օ­րի­նա­կով՝ ան բարձ­րունք­նե­րու վրայ մի­նակ է թէեւ, բայց մի՛շտ վե՛րն է՝ վե­հանձն, վե­հա­հո­գի եւ զօ­րա­ւո՛ր։ Սեւ ու ճեր­մակ ար­ծիւ­ներ ի­րե­րօգ­նու­թեան եւ մե­ծանձ­նու­թեան, աս­պե­տա­կան ո­գիի տի­պա՛րն են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 6, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2015