ԿԱԶԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԱՌԱՆՑՔ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հրա­ւէ­րով ե­րէկ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի Նա­խա­գահ Կուր­պան­կու­լի Պեր­տի­մու­համ­մէ­տով պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Թուր­քիա։ Ան­գա­րա­յի Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դի­մա­ւոր­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը։ Ա­ւե­լի վերջ Էր­տո­ղան եւ Պեր­տի­մու­հա­մմէ­տով գլխա­ւո­րե­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի խնդիր­նե­րը, ո­րոնք կը զբա­ղեց­նեն կող­մե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գը։  

Ան­գա­րա­յի մէջ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ե­րէկ սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Էր­տո­ղան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Թիւրք­մե­նիս­տա­նի մէջ ար­ձա­նագ­րուած են լուրջ զար­գա­ցում­ներ՝ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա գո­հու­նա­կու­թիւն կը զգայ ար­ձա­նագ­րուած զար­գա­ցում­նե­րէն եւ ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րու դրա­կան ար­դիւնք­նե­րէն։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Թուր­քիոյ եւ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հա­սած են օ­րի­նա­կե­լի մա­կար­դա­կի մը։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ալ բո­լոր մար­զե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ առ­կայ է քա­ղա­քա­կան կամք կող­մե­րուն մի­ջեւ։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, մաս­նա­ւո­րա­պէս հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս հաս­տա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն մը կը վե­րագ­րէ կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց, որ Մի­ջին Ա­սիոյ Կաս­պից ծո­վու վրա­յով մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի հետ միաց­ման ա­ռու­մով Թիւրք­մե­նիս­տան ու­նի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դիրք մը։ «Մեր թիւրք­մէն եղ­բայր­նե­րը խտա­ցեալ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րեն, որ­պէս­զի այս ե­րե­ւոյ­թը լաւ ար­ժե­ւո­րեն ու վե­րա­ծեն հնա­րա­ւո­րու­թեան մը», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կա­տա­րուած են, որ­պէս­զի Թիւրք­մե­նիս­տա­նի կա­զը հաս­նի Թուր­քիա եւ Թուր­քիոյ վրա­յով տե­ղա­փո­խուի դէ­պի եւ­րո­պա­կան շու­կայ։ Այս կա­րե­ւոր նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ եր­կու եր­կիր­նե­րը կը բաժ­նեն նոյն տես­լա­կա­նը։ Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րով, բնա­կա­նա­բար, այս կա­պակ­ցու­թեամբ սերտ երկ­խօ­սու­թիւն մը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հաս­տա­տուած է նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի միւս եր­կիր­նե­րուն հետ, գլխա­ւո­րու­թեամբ Ատր­պէյ­ճա­նի։ Այս նպա­տա­կով Թուր­քիոյ, Թիւրք­մե­նիս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ հաս­տա­տուած է ե­ռա­կող­մա­նի քննար­կում­նե­րու դրու­թիւն մը։ Նա­խա­րար­նե­րը կա­նո­նա­ւոր պար­բե­րու­թեամբ կը մէկ­տե­ղուին քննար­կե­լու հա­մար բազ­մա­թիւ նիւ­թեր։ Ա­նոնք կ՚անդ­րա­դառ­նան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րու հե­ռան­կար­նե­րուն։ Այս ե­ռա­կող­մա­նի դրու­թիւ­նը պի­տի բարձ­րա­ցուի նաեւ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու մա­կար­դա­կին եւ ըստ Էր­տո­ղա­նի փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը այս տա­րի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի մէջ։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Էր­տո­ղան մատ­նան­շեց, թէ յա­ռա­ջի­կա­յին եւս Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի հետ աշ­խա­տիլ՝ տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հա­մար։

Մինջ այդ, Էր­տո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք մըն ալ կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ իր թիւրք­մէն պաշ­տօ­նակ­ցին։

Միւս կող­մէ, Պեր­տի­մու­հա­մմէ­տով Ան­գա­րա­յի մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին պի­տի մաս­նակ­ցի Չա­նաք­քա­լէի մէջ նա­խա­տե­սուած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015