ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԱՀԱԶԱՆԳ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ վերջին օրերուն Արցախի ճակատին վրայ պատահած սադրանքներով Ատրպէյճան անգամ մը եւս ի ցոյց կը դնէ իր արհամարհանքը միջնորդներու առաջարկներուն հանդէպ։ Մեկնաբանելով սահմանագծի երկայնքով իրավիճակի լարուածութիւնը՝ Նալպանտեան արտայայտեց այն համոզումը, թէ Պաքու հերթական անգամ ցոյց տուած է, որ ինչպէս կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հասցէական կոչերուն՝ խստօրէն հետեւելու հրադադարի պահպանման եւ զերծ մնալու իրավիճակը սրող քայլերէ։
Ըստ Նալպանտեանի, համանախագահները տարածքաշրջանային վերջին այցելութեան արդիւնքներով հրապարակած էին յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ նշած էին, թէ նախագահները համաձայնած են քննարկել զինադադարի ամրապնդման ուղղեալ եռանախագահներու առաջարկները։ Հետեւաբար, Նալպանտեան համոզուած է, թէ վերոյիշեալ սադրանքներով Պաքու անգամ մը եւս ի ցոյց կը դնէ իր արհամարհանքը միջնորդներու առաջարկներուն հանդէպ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին հետ։ Ան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը որեւէ խնդիր չունի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ, բայց այդ ամբողջականութիւնը որեւէ կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի հետ։