Կենսական բազմազանութիւն

Եգիպտոսի նախագահին Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութիւնը, որուն արձագանգները կը շարունակուին, իսկապէս շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է։ Այս այցին նշանակութիւը անկարելի է սահմանափակել միայն Երեւան-Գահիրէ առանցքով։ Աշխարհաքաղաքական նոր հաւասարակշռութիւններու տրամաբանութեան համահունչ երեւոյթ մը, համաշխարհային մակարդակով խաղի նոր կանոններու խմորումներու այժմու փուլին՝ միջազգային բեմահարթակի որոնումներու երթեւեկին մէջ ճիշդ պահու զուգադիպած զարգացում մը… Թէ ինչպէ՞ս կրնան անդրադառնալ այս այցով պայմանաւորուած հանգամանքները հայկական համայնապատկերին վրայ…

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայիս գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը հրատապօրէն խնդրայարոյց կացութեան մը դէմ յանդիման մնացած են։ Առաջին հայեացքով, անշուշտ, որ Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքն է այս բոլորը։ Յամենայնդէպս, իրադարձութիւններու շարունակութիւնը յաւելեալ բարդութիւններ ստեղծած է Հայաստանի համար։ Յետպատերազմեան ցնցումը յաղթահարելու հիմնական նախադրեալն էր կայունութիւն ապահովելը. կայունութիւն, այո՛, յարաբերական, թէկուզ դառն զիջումներով ու թէկուզ նոյնիսկ անդունդի եզրին։ Միջազգային կլիմայի ծայրայեղ փոփոխութիւններուն հետեւանքով Հայաստան զրկուեցաւ նաեւ այդ նուազագոյն, տարրական կայունութենէն։ Արդարեւ, պատերազմին տեսականօրէն վերջ տուած հրադադարին ստորագրադիրներէն Ռուսաստան հետզհետէ կը կորսնցնէ Հարաւային Կովկասի վրայ ներազդելու լծակները։ Երբ Մոսկուա Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով յաչս աշխարհին դարձած է ապակայունութեան գործօն մը, ապա այդ կէտէն սկսեալ դժուար թէ կարողանայ իր կշիռը պահպանել այլ տարածաշրջաններէ ներս, եթէ նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք համարուին իր աւանդական ազդեցութեան գօտիները։ Պարզ է, որ Հարաւային Կովկասը այսպիսիներու շարքին է։

Այս կէտէն սկսեալ Հայաստանի մատնուած կացութիւնը ա՛լ աւելի ծանրացած է։ Հրադադարի համաձայնութեամբ նախատեսուածը արդէն իսկ մղձաւանջ մըն էր, իսկ այժմ այդ ալ կը բազմապատկուի։ Պետութիւնը թեւաթափ վիճակի մէջ կը ջանայ ինքզինք խնայել։ Նման իրավիճակներու մէջ միջազգային դերակատարներու հետ յարաբերութիւններու տեսակաւորումը, անտարակոյս, չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Հայոց պետականութիւնը անցեալ երեք տասնամեակին ինքզինքը միշտ դիրքաւորած, նոյնիսկ պատկերացուցած է Մոսկուայի ուղեծիրին մէջ։ Սա ունի իր տրամաբանութիւնը, նոյնիսկ կրնայ ունեցած ըլլալ առարկայական պատճառներ։ Այստեղ վիճելի գլխաւոր հարցը այն է, որ այդ նախընտրութիւնը եղած է՝ ի հաշիւ արտաքին յարաբերութիւններու տեսակաւորման։ Գուցէ նախկին սովետական ու այդ անցեալին հետ բաւական հաշտ երկիր մը ըլլալու հանգամանքն ալ դեր խաղացած ըլլայ այստեղ, սակայն այժմ արդէն իմաստ չունի այդ բոլորին վրայ կեդրոնանալ։ Հայկական դիւանագիտութիւնը առկայ հրատապ պայմաններով պարտաւոր է փութով լրացնել այս բացը։ Արտաքին յարաբերութիւններու տեսակաւորումը, միջազգային համարկման խորացումը, համագործակցութեան ուղղութիւններու բազմազանութիւնը այս պահուն տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան կարեւոր երաշխիք է Հայաստանի, այլ խօսքով՝ անոր կացութեան մատնուած պետութեան մը համար։

Եգիպտոսէն առաջին անգամ նախագահի մակարդակով պաշտօնական այցելութիւն ընդունիլը առկայ իրադրութեան մէջ քիչ բան չէ Հայաստանի տեսակէտէ։ Ճիշդ է, որ Գահիրէն մօտաւոր անցեալի կարողութիւններու մակարդակին վրայ չէ, բայց կա՞յ այդ մօտաւոր անցեալի հնարաւորութիւնները պահած մայրաքաղաք մը աշխարհի վրայ՝ Ուաշինկթընէն, Փեքինէն կամ Մոսկուայէն սկսեալ, մինչեւ Լոնտոն, Փարիզ, Պերլին ու տակաւին բազմաթիւ ուրիշներ։ Միջպետական յարաբերութիւններու գործնականութեան մէջ՝ երկրի մը առաջին դէմքին ուրիշ երկիր մը այցելելը ինքնին կը նշանակէ նուազագոյնս հասունցած համագործակցութեան գետին մը։ Յայտնի բանաձեւում է, որ պետական ղեկավարներ չեն ճամբորդեր զբօսաշրջութեան համար։ Այս առումով անկարելի է ստորագնահատել Երեւան-Գահիրէ առանցքի նոր աշխուժութիւնը։

Արաբական աշխարհի հետ յապաղած համագործակցութեան մէջ նոր սկիզբ մը ապահովելու, սիւննի աշխարհին հետ շփումները նոր հարթութեան մը վրայ դնելու տեսակէտէ հորիզոններ կրնայ խոստանալ Սիսիի այցը։ Հայաստանի ռազմավարական հարեւան Իրանը ծայրայեղ վատ յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի հետ, որ Ատրպէյճանի ռազմավարական գործընկերն է։ Շիի Իրանին փոխարէն՝ սիւննի Եգիպտոսը այդքան ալ հաւասարակշռութենէ հեռացած չէ Իսրայէլի նկատմամբ։ Հայաստան խաղի մէջ մտնելու համար այսպիսի պատուհաններու պէտք ունի, միանշանակ։ Հայաստան կը ջանայ յարաբերութիւնները բնականոնացնել Թուրքիոյ հետ եւ միեւնոյն ժամանակ այս շրջանին Թուրքիան ալ Եգիպտոսի հետ նոր որոնումներու մէջ է։ Օրինակները կարելի է երկարել։

Հայաստանի մատնուած անկիւնային պայմաններուն հետեւանքով այսօր հայկական դիւանագիտութիւնը պարտաւոր է ժամանակ շահելու, որպէսզի այդ մէկը օգտագործուի կայունութիւն ապահովելու համար։ Յարաբերութիւններու բազմազանութիւնը գործօն մըն է դիւանագիտութեան ժամանակ ապահովելու առումով՝ քանի այդ ժամանակը կրնայ յղի ըլլալ իրավիճակի այնպիսի փոփոխութիւններու, որոնք կրնան գոյատեւման ազդակներ երաշխաւորել հայոց պետականութեան տեսակէտէ։

Բազմաբեւեռ ներկայ աշխարհին մէջ միջազգային համագործակցութիւնը աւելի քան երբեք կը ձեւաւորուի տարածաշրջաններու, աշխարհագրական կամ աշխարհաքաղաքական գօտիներու հիմքով։ Անշուշտ, որ Սիսիի այցը եթէ նոյնիսկ ծաղիկ մըն է, ապա պարզ է՝ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար։ Յամենայնդէպս, Հարաւային Կովկասը հետզհետէ կը դառնայ աշխարհի մեծերուն տեսակէտէ աւելի հրապուրիչ եւ Հայաստան եթէ յաջողի այդ կէտի վրայ գտնուելու հնարաւորութիւնը չմսխել, ապա կրնայ փրկուիլ անդունդի եզրէն։ Սա մէկ կողմէ նոր գործընկերներ գտնելու հեռանկարը կը խոստանայ, իսկ միւս կողմէ արդէն ձեւաւորուած գործընկերութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը կրնայ բարձրացնել։ Միջազգային յարաբերութիւններու տրամաբանութեան յարիր չէ շահերու բախման պարագային վրդովիլը, գանգատիլը կամ մեղադրելը։ Այս բոլորը, բնականաբար, կարելի է ընել, բայց պետութիւն ըսուածը չի կրնար ինքնանպատակ քայլերու դիմել կամ այդպիսի յայտարարութիւններ ընել։ Գանգատը, վրդովմունքը, մեղադրանքը, նոյնիսկ յուսախաբութիւնը կրնան արձագանգ ունենալ կամ գործի ծառայել, եթէ դատապարտուած վիճակ կամ կախուածութիւն չըլլայ։ Երեւանի հիմնական փակուղին այն է, որ չարդարացած բոլոր գործընկերներուն դատապարտուած է ներկայիս։ Աւելին, անցեալին ալ անոնց հետ շփուած է դատապարտուածութեան պատկերացումով՝ փոխանակ գործընկերներու բազմազանութեան հետամուտ ըլլալու։

Երկրագունդի վրայ այսօր քաոս է ու դժուար չէ կանխատեսել, թէ տեսանելի ապագային սա պիտի շարունակուի։ Ուստի, ըստ այդմ պէտք է դիրքաւորուիլ։ Միջազգային յարաբերութիւններու դաշտը դարձած է լպրծուն գետին։ Առանց մակերեսայնութեան ծուղակը իյնալու, կարելի է ըսել՝ յայտնի չէ, թէ ո՛վ, որո՛ւ հետ է։ Յարափոփոխ վիճակներու մէջ ուժերու արագ վերադասաւորումներ կրնան ըլլալ միշտ։ Ուստի, հունտերը պէտք է ցանել առանց յոգնելու եւ առանց հաւանականութիւնները հաշուարկելէ ձանձրանալու։

Սիսիի Երեւան այցի լոյսին տակ այս բոլորը կը դառնայ այժմէական։ Այո՛, մէկ ծաղիկով թէեւ գարուն չ՚ըլլար, սակայն այդ մէկ ծաղիկը կրնայ գարնան նշանը ըլլալ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2023