Նախագահ Էրտողանի հետ ձեռնուելու պահը եւ ակնթարթի մը խոհեր

29 Հոկտեմբերը այս տարի արտասովոր էր, իսկապէս։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակը նշուեցաւ մեծ շուքով։ Մեծ յոբելեանը բովանդակ երկրին մէջ նշուեցաւ. պատմական դրուագները կը յիշուին երկար։ Դարադարձը արդարացաւ, իսկապէս։

Անգարա թռիչքը կիրակի առաւօտ կանուխ էր։ Պեշթեփէ հրաւիրուած էինք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անունով։ Այս հայերէն օրաթերթը առաջին իսկ օրէն վաւերագրած է Հանրապետութեան բոլորած ամբողջ դարը։ Ի վերջոյ խօսքը երկրի՝ անընդհատ հրատարակուող ամենահին օրաթերթին մասին է։ Թէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արխիւները եւ թէ մեզի բանաւոր աւանդուած պատմութիւնը լի են բազում դրուագներով՝ այս թերթի անցեալի գլխաւոր խմբագիրներու նման առիթներով պետական աւագանիի հետ շփումներուն մասին։ Պաշտօնական ընդունելութիւններ, արտասահմանեան ուղեւորութիւններ, մամլոյ ասուլիսներ, եւ այլն։ Այդ բոլորը մեր մտքին մէջ էին՝ այդ ալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան տարեդարձէն օր մը վերջ. չէ՞ որ երկուքը իրարու կը յաջորդեն։ Օրացոյցին խաղերը…

Պալատ հասանք կէսօրուան ժամերուն։ Նախագահ Էրտողան մեծ դահլիճին մէջ էր՝ հասարակութեան բոլոր խաւերու շնորհաւորութիւնները ընդունելու համար։ Հրաւիրեալները խումբ առ խումբ կը սպասէին յարակից սրահներուն մէջ եւ հերթով կ՚առաջնորդուէին Էրտողանի մօտ։ Արարողակարգը պատկառազդու էր, մթնոլորտը փառաշուք։ Ո՛վ որ կը ներկայանար Հանրապետութեան նախագահին, իր անունը նախապէս բարձրախօսով կը հրապարակուէր։ Ի վերջոյ հերթը հասաւ փոքրամասնութիւններուն։ Ամբողջ մետիային առջեւ ամէն ինչ կ՚ընթանար մեքենայական կարգապահութեամբ։ Նախագահ Էրտողան կը մարմնաւորէր հազարամեայ պետական աւանդոյթ մը։ Անշուշտ, այդ մարմնաւորածին մէջ անանտեսելի բաժին մը ունէր հայութիւնը՝ դարերու հոլովոյթին մէջ։ Ցայսօր պաշտօնավարած բոլոր նախագահներու իւղաներկ դիմանկարներուն ընդմէջէն կը մօտենայինք քայլ առ քայլ։

«Հայ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի արտօնատէր…», ազդարարութիւնը ցրուեց մեր միջավայրի դիտարկումները, կեդրոնացումը։ Ընդամէնը չորս հոգի կար թրքահայ համայնքին կողմէ՝ ի պաշտօնէ հրաւիրուած պետութեան կողմէ, հաշուի առնելով տուեալ հաւաքականութեան պարագային ներկայացուցչութեան հանգամանքը։ Նախագահ Էրտողանին հետ ձեռնուիլը, անշուշտ, պահ մը տեւեց։ Ակնթարթի մը մէջ փոխանակուած քանի մը բառ, բնականաբար։ Դարակազմիկ իրադարձութեան մէջ միայն չորս հայ կար եւ անոնցմէ մին, ինչ խօսք, որ մենք չէինք անձամբ։ Պետութեան տուեալ պահուն ղեկավարը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տուեալ պահու գլխաւոր խմբագրին ձեռքը թօթուած էր, պարզապէս։ Պարզապէ՜ս…

Վերադարձի թռիչքին համար օդակայանի ճանապարհին դարձեալ ինկանք խոհերու մէջ։ Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն որեւէ մէկուն պարագային՝ մամլոյ հաստատութիւն մը տուեալ հաւաքականութեան ներկայացուցիչներու շարքին չէր դասուած։ Միայն հայութիւնը ունէր այդ ներկայացուցչական տարողութեամբ օրաթերթ մը՝ ի դէմս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ այդ փաստն ալ վերահաստատուած էր պետութեան վերաբերմունքով։

Բայց ոչինչ, մեր համայնքին մէջ արդէն հայերէն օրաթերթը աւելորդ ու անպիտան դարձած է։ Մարդիկ չեն հասկնար, թաղականները չեն սիրեր, հոգեւորականները չեն ախորժիր, ուսուցիչները չեն շփուիր, բարերարները կը վանեն, երիտասարդները չեն գիտեր, մասամբ նորին։ Եւ այսպէս, վերադարձանք Պոլիս։

Դարադարձը շնորհաւոր…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2023