Նոր երդի՞ք, թէ ամուր կռուան…

Պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերու շարքին են սանուց միութիւնները՝ մասնաւորապէս համայնքային լիսէներու սանուց միութիւնները։ Արդարեւ, հայկական վարժարանէ հասած սաներու պատկանելիութեան զգացումը առաւել չափով կ՚երթայ՝ իրենց աւարտած վերջին դպրոցին, ինչ որ գործնականօրէն կ՚ըլլայ լիսէն, համալսարանէն անմիջապէս առաջ։ Վերջին տասնամեակներուն թէեւ աւելցած են միայն հայկական նախակրթարան յաճախող եւ աւելի վերջ ոչ-համայնքային լիսէներու մէջ ուսումնառութիւնը շարունակող երիտասարդները, ինչ որ նախակրթարաններու սանուց միութիւններու պարագային ալ տեսականօրէն մարդուժ մը կ՚ապահովէ, սակայն, սա մեր լիսէներու սանուց միութիւններու առանցքային դերակատարութիւնը ստուերի տակ չի թողուր։

Ընկերային ցանցերու այժմու ժամանակներուն բոլոր մակարդակներու եւ հարթութիւններու վրայ հրամայական դարձած էր հաւաքականութիւններէ ներս ընկերամշակութային կեանքի վերակազմակերպումը։ Այդ հրամայականի մթնոլորտին մէջ վրայ հասաւ քորոնաժահրի համավարակը, որն ալ, իր հերթին, նոր հրամայականներ եւ հեռանկարներ ստեղծեց։ Թէեւ ամէն ինչ տակաւին յստակացած չէ, սակայն, արդէն պարզ է, որ յառաջիկայ շրջանին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ընել կամ փորձել այնպիսի բաներ, որոնք ցայսօր չեն փորձուած կամ չեն կատարուած։ Պոլսահայութիւնն ալ անմասն չէ այս իրականութենէն, ընդհակառակն։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը թէեւ աւանդական կառոյցներու հունին մէջ կը հոսի, սակայն, այժմու կարիքներու դիմագրաւման համար այսօր անհրաժեշտ դարձած է մեր հաստատութիւններու գործունէութիւնը որոշ չափով ճկունացնել՝ առանց շեղելու լինելութեան նպատակէն։ Այդ ճկունացումէն կախում պիտի ունենայ անոնց ապագայ ձգողականութեան բարձրացումը, ինչ որ ուղիղ համեմատութեան մէջ է մեր համայնքի կենսունակութեան երաշխաւորման հետ։ Ի տարբերութիւն եկեղեցիներէ կամ դպրոցներէ՝ սանուց միութիւնները տեսականօրէն շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ եւ կարելիութիւններ ունին իրենց գործունէութիւնը ճկունացնելու եւ աշխատանքը նոր հարթութեան մը վրայ դնելու տեսակէտէ։ Անոնք հիմնական լծակներ են, որոնք քոզմոփոլիթ հասարակութեան մէջ հայ մշակոյթի հետ հաղորդ դառնալու, անոր հետ շփուելու կարելիութիւններ կ՚ընձեռեն, համապատասխան ծառայութիւններ կը մատուցեն։ Այսօրուան պայմաններով այդ գործը բաւական երանգաւորուած է։ Պէտք է թիրախաւորուին այն հայերը, որոնք մանաւանդ մայրենիէն կտրուած ըլլալով հաղորդ պէտք է պահուին հայ մշակոյթին։ Պէտք է թիրախաւորուին այն հայերը, որոնք ինքնութեան եւ արժէքներուն աւելի հաղորդ են ու բնականաբար կարիքն ունին պարբերաբար շփուելու համար հայկական մշակոյթին հետ։ Կան նաեւ լայն հասարակութենէն ոչ-հայեր, որոնք հետաքրքրութիւն կը տածեն հայկական մշակոյթին նկատմամբ, ուստի անոնք ալ պէտք է թիրախաւորուին, պէտք չէ անտեսուին։ Աւելի՛ն, այս բոլորը պէտք է պատկերացնել մօտաւոր անցեալի բաղդատմամբ շատ աւելի բազմակողմանի ձեւաչափերով։ Այսօր բաւարար չէ ընկերային ցանցերու միջավայրը կամ մարդկային ուղղակի, կենդանի շփումը տարանջատուած պատկերացնելով գործունէութիւն ծաւալել։ Այդ բոլոր առանցքներուն վրայ պէտք է աշխատիլ՝ շփման ձեւաչափերու զանազանութիւնը ապահովելով, զանոնք միահիւսելով։

Այլ մշակոյթներու հետ շփման, համատեղութեան պայմաններու ներքեւ ինքնուրոյնութիւն դրսեւորելու անընդունակ մշակոյթները այժմ դատապարտուած են տկարանալու, զիրենք կրող հաւաքականութիւններով հանդերձ։ Պոլսահայ իրականութենէն ներս անպայման հաշուի պէտք է առնուի այս խնդիրը՝ մանաւանդ, որ մեր համայնքը ինչպէս յաւակնութիւններ, այնպէս ալ պատասխանատուութիւններ ունի արեւմտահայ մշակոյթի ու ժառանգութեան մերօրեայ իրաւայաջորդը համարուելու կամ ըլլալու առումով։

Այս հարցումներու պատասխանին կարելի չէ հասնիլ մէկ օրէն միւսը։ Կախարդական դեղագիր չկայ։ Հաւաքական մտքի ու դատողութեան հիման վրայ պիտի ապահովուի հաւանական արդիւնքը՝ նոր ժամանակներու ոգիին ուրոյն դիմագիծը պահելով քայլ յարմարցնելու ընդունակութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ։

Մխիթարեան սանուց միութեան նոր կեդրոնատեղիի հաստատման առիթով այս բոլորին մասին յուսադրուիլը չափազանցութի՞ւն է, թէ ոչ լաւատեսութիւն։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, որ ան պիտի ըլլայ պարզապէս նոր երդի՞ք մը, թէ ոչ ամուր կռուան մը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022