Դարձեալ արիւն…

Ա­րիւ­նա­լի դէպ­քե­րը ի­րա­րու կը յա­ջոր­դեն Թուր­քիոյ մէջ։ Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը լուրջ մար­տահ­րա­ւէր մը դար­ձած է երկ­րին առ­ջեւ՝ ա­մե­նայն անգ­թու­թեամբ եւ ծան­րա­ծանր հե­տե­ւանք­նե­րով։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ան­գա­րա­յէն հա­սած լու­րե­րը, ժո­ղո­վուր­դի աչ­քին առ­ջեւ ստեղ­ծուած պատ­կե­րը սահմռ­կե­ցու­ցիչ է։

Բարդ հա­ւա­սա­րակշռու­թիւն­նե­րով, ու բռնկած տա­րած­քաշր­ջա­նի մը մէջ, մի­ջազ­գա­յին դժուար հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ Թուր­քիա այս շրջա­նին կը ջա­նայ հե­տապնդել իր շա­հե­րը, յա­ռաջ տա­նիլ իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Նոյ­նա­ժա­մա­նակ եր­կի­րը կը դի­մադ­րէ ա­հա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լի­քին, որ այ­սօր աշ­խար­հի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ հա­սա­րա­կաց վտանգ մը դար­ձած է։ Ա­հա­բեկ­չու­թեան ա­ղի­տա­լի հե­տե­ւանք­նե­րը բո­լո­րին հա­մար կ՚ըլ­լան ծան­րակ­շիռ։ Իւ­րա­քան­չիւր դէպ­քէ վերջ կը վե­րա­հաս­տա­տուի այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կաց պայ­քար մը անհ­րա­ժեշտ է յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը։

Իսկ ներ­քին հար­թու­թեան վրայ, եր­կի­րը պէտք է ան­պայ­ման պահ­պա­նէ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը պէտք է ըլ­լայ միա­հա­մուռ, հա­մա­խումբ, բե­ւե­ռա­ցում­նե­րէ զերծ՝ որ­պէս­զի տմար­դի այս դէպ­քե­րը կանգ առ­նեն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016