Պունտեսթակի որոշումը եւ թրքահայ համայնքը (Ա.)

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ առ­նուած ծա­նօթ ո­րո­շու­մը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Գեր­մա­նա­կան օ­րէնս­դիր մարմ­նին կող­մէ 1915-ի դէպ­քե­րուն որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­նա­չու­մը մեծ վրդով­մունք յա­ռա­ջա­ցու­ցած է հան­րա­յին կար­ծի­քի գրե­թէ բո­լոր խա­ւե­րուն մօտ՝ քա­նի որ հայ­կա­կան կող­մին տե­սա­կէ­տէ որ­դեգ­րուած է միա­կող­մա­նիօ­րէն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, պե­տու­թեան բո­լոր բարձր մա­կար­դա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ար­տա­յայ­տած են ի­րենց բո­ղո­քը։ Ան­գա­րա-Պեր­լին ա­ռանց­քին լա­րուա­ծու­թիւ­նը ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին մե­տիա­յին մօտ։ Դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ըն­ձե­ռած բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով Թուր­քիա մի­ջազ­գա­յին բո­լոր հար­թակ­նե­րուն վրայ կը պաշտ­պա­նէ իր տե­սա­կէ­տը։

Ինչ­պէս կ՚ըլ­լայ նման բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն՝ Թուր­քիոյ հայ հա­մայնքն ալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն կը հե­տե­ւի ու­շադ­րու­թեամբ։ Այս շրջագ­ծով Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին նա­մակ մը ու­ղար­կուած է Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ։

Հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ Թուր­քիոյ եւ եր­րորդ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ծա­գած բո­լոր քա­ղա­քա­կան լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, դժբախ­տա­բար, բո­լո­րէն ա­ւե­լի մեր հա­մայն­քի ցնցուե­լուն պատ­ճառ կը դառ­նայ։ Թուր­քիոյ հա­յե­րը ան­հանգս­տու­թեան կը դա­տա­պար­տուին այն­պի­սի գոր­ծըն­թաց­նե­րու հե­տե­ւան­քով, ո­րոնք ի­րենց կամ­քէն բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­կախ կը զար­գա­նան, ո­րոնց ըն­թաց­քին վրայ ազ­դե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն զերծ են եւ ո­րոնց շրջագ­ծով գոր­ծօն չեն։ Ինչ­պէս ժո­ղովր­դա­կան խօս­քի փո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տին մէջ ար­տա­յայ­տուած է լա­ւա­գոյնս, մեծ ժայ­ռե­րը կը բա­խին ու ա­նոնց մի­ջեւ կը ճզմուին հաւ­կիթ­նե­րը։

Ի­րադ­րու­թեան շի­կա­ցած նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն մէջ Թուր­քիոյ հա­յե­րը յա­ւե­լեալ ճի­գեր կը գոր­ծադ­րեն՝ լայն հա­սա­րա­կու­թեան հետ ի­րենց կեն­սա­կան երկ­խօ­սու­թեան կա­յու­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար։ Այս պա­րա­գան տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր մաս կը կազ­մէ հա­մայն­քի ի­րա­կա­նու­թեան։ Ա­ռանց ինք­զինք որ­պէս տու­ժած ձե­ւաց­նե­լու, հա­մայն­քը կուրծք կու տայ այս կա­ցու­թեան՝ ի­րա­պաշտ եւ լրջա­միտ ջան­քե­րով։ Հա­կա­ռակ իր սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ու նե­րու­ժին, մեր հա­մայն­քը այս ուղ­ղու­թեամբ ուժ կը գտնէ իր մէջ։ Այս­տեղ իր մե­ծա­գոյն յե­նա­կէ­տը այն է, որ հա­մայն­քը միշտ կը մնայ այն­պի­սի կէ­տի մը վրայ, ուր հա­կադ­րու­թեան մէջ չի դներ իր քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներն ու ար­մատ­նե­րէն բխած զգայ­նու­թիւն­նե­րը եւ այս ա­ռու­մով կը յա­ջո­ղի վճռա­կա­մու­թիւն դրսե­ւո­րել։ Երկ­րին նկատ­մամբ կա­պուա­ծու­թիւ­նը, պե­տու­թեան նկատ­մամբ վա­ղե­մի հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը եւ հա­սա­րա­կու­թեան նկատ­մամբ ան­կեղծ սէ­րը սոյն ջան­քե­րու եւ ո­րո­նում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ կեն­սու­նա­կու­թիւն կը պար­գե­ւէ հա­մայն­քին։

Պուն­տես­թա­կի կող­մէ ըն­դու­նուած ո­րոշ­ման յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ապ­րուած­նե­րուն լոյ­սին տակ հարկ է ար­ձա­նագ­րել հե­տե­ւեալ հան­գա­մանք­նե­րը։

1- Հայ­կա­կան հար­ցը ան­կա­րե­լի է եզ­րա­բա­նա­կան (թեր­մի­նո­լո­ժիք) նա­խընտ­րու­թեան մը մա­կար­դա­կին ի­ջեց­նել եւ այս ամ­լու­թիւ­նը կրնայ պատ­ճառ դառ­նալ մա­կե­րե­սա­յին այն­պի­սի դի­մադ­րու­թեան մը, որ կրնայ խո­չըն­դո­տել լուծ­ման ջան­քե­րը։ Միա­կող­մա­նի պար­տադ­րանք­նե­րը, եր­կա­րա­ժամ­կէտ ա­ռու­մով բա­ւա­րար չեն կրնար ըլ­լալ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար սպա­սում­նե­րը՝ «էմ­փա­թի»ի հի­ման վրայ հա­մա­ձայ­նու­թեան հե­ռան­կա­րի մը ձե­ւա­ւոր­ման ա­ռու­մով։ Որ­քան որ ալ եր­րորդ կող­մե­րու դիր­քո­րո­շու­մը ստեղ­ծեն ո­րոշ ա­լե­կո­ծում­ներ՝ այս խնդի­րը վեր­ջին հա­շուով պի­տի լու­ծուի երկ­կող­մա­նի հար­թու­թեան վրայ։ Հե­տե­ւա­բար, Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ճա­նա­պար­հին պէտք է մաս­նակ­ցիլ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ա­ղօթք­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, եր­րորդ կող­մե­րու մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշտ գե­տի­նը պի­տի պատ­րաս­տուի՝ շնոր­հիւ միջ­պե­տա­կան հար­թու­թեան վրայ ա­պա­հո­վուե­լիք ա­ռար­կա­յա­կան, ար­դար ու մշտա­կան լուծ­ման։

2- Որ­քան որ ալ վառ ըլ­լան կող­մե­րու մի­ջեւ առ­կայ խո­րա­պէս ան­հա­ղորդ վի­ճա­կի դրսե­ւո­րում­նե­րը, 23 Ապ­րիլ 2014 թուա­կա­նին, իր վար­չա­պե­տու­թեան շրջա­նին, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ հրա­պար­կուած ցա­ւակ­ցա­կա­նի տարրն ու ո­գին քա­ղա­քա­կան վճռա­կա­մու­թեան մը ա­պա­ցոյ­ցը կը հա­մա­րուի, իսկ Թուր­քիոյ հա­յու­թիւ­նը այդ մէ­կը որ­պէս յոյս կը կրէ իր սրտին մէջ։

3- Ան­կախ ի­րադ­րու­թեան շի­կաց­ման հա­սած մա­կար­դա­կէն, Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը հա­մո­զուած է, թէ իր բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րը, ա­զա­տու­թիւն­նե­րը ա­մե­նաընդգր­կուն ի­մաս­տով ե­րաշ­խա­ւո­րուած են Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ։ Եր­կի­րը ներ­կա­յիս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան զար­գաց­ման ա­ռու­մով նոր վե­րելք մը ա­պա­հո­վե­լու ո­րո­նում­նե­րուն մէջ է եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րը չա­փա­նիշ կը հա­մա­րուին այս ճա­նա­պար­հին վրայ։ Հե­տե­ւա­բար այս ա­ռանց­քին շուրջ ան­տե­ղի է ո­րե­ւէ մտա­հո­գու­թիւն կամ կաս­կած։ Հան­դուր­ժո­ղա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը դառ­նա­լու ճա­նա­պար­հին վրայ՝ մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը յի­շո­ղու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու շուրջ հան­դէս կու գան տե­սա­կա­ւոր դիր­քո­րո­շում­նե­րով։ Այս ե­րե­ւոյ­թը պէտք է ըն­կա­լել պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ՝ ո­րով­հե­տեւ սա տուեալ նիւ­թի բարդ բնոյ­թի բնա­կան հե­տե­ւանքն է։

4- Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ գրի առ­նուած վեր­ջին նա­մա­կին շուրջ հա­մայն­քին եւ հա­մայն­քա­յին մա­մու­լին կարգ մը հա­տուած­նե­րէն բարձ­րա­ցած են հա­կազ­դե­ցու­թեան ձայ­ներ։ Հա­մայն­քին մնա­ցեա­լը թէեւ այս ե­րե­ւոյ­թը ցա­ւա­լի կը հա­մա­րէ, սա­կայն ու­շա­դիր պէտք է ըլ­լալ բե­ւե­ռա­ցում­ներ չհրահ­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Հա­մայն­քը հա­ւա­քա­կան զօ­րակ­ցու­թեան ի­մաս­տով պէտք է այս շրջա­նին գտնուի ա­մե­նա­բարձր աս­տի­ճա­նին վրայ, հե­տե­ւա­բար պէտք է խու­սա­փիլ այն­պի­սի քայ­լե­րէ, ո­րոնք յո­ռե­տե­սու­թեան պատ­ճառ կրնան դառ­նալ մեր հա­սա­րա­կաց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ գի­տակ­ցու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ակն­յայտ է, որ հա­մայն­քին մէջ կայ նաեւ ա­նան­տե­սե­լի զան­գուած մը, որ կողմ­նա­կից չէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի քա­ւու­թեան նո­խազ դառ­նա­լուն եւ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ա­նոր նկատ­մամբ։ Սկզբուն­քօ­րէն յար­գան­քով պէտք է վե­րա­բե­րուիլ ա­մէն տե­սակ կար­ծի­քի նկատ­մամբ եւ այդ տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րուն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը պէտք չէ ժխտա­կան տպա­ւո­րու­թիւն մը ստեղ­ծէ մեր հա­մայն­քի ընդ­հա­նուր ներ­դաշ­նա­կու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Միշտ պէտք է գե­րա­դա­սել մեր հա­մայն­քի հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար­նե­րու ամ­րապն­դու­մը։

5- Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը, որ­պէս մեր հա­մայն­քի հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը, տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ կ՚առ­նէ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած եւ լայն հա­սա­րա­կու­թեան տե­սա­կէ­տէ հա­մո­զիչ քայ­լեր։ Իր ո­ճէն ու բա­նա­ձե­ւում­նե­րէն ան­կախ՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի վեր­ջին նա­մա­կի ցո­լա­ցու­ցած դիր­քո­րո­շու­մը հա­կա­սու­թիւն մը չի կազ­մեր այս ա­ռու­մով։ Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ հրա­պա­րա­կուած տե­սա­կէտ­նե­րը, նախ եւ ա­ռաջ, հե­տա­մուտ են փո­խան­ցե­լու այն պատ­գա­մը, թէ որ­պէս երկ­րի հա­մա­հա­ւա­սար քա­ղա­քա­ցի­նե­րը՝ նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ հայ հա­մայն­քը չ՚ան­տե­սեր թրքա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ յա­ռա­ջա­ցած զգայ­նու­թիւն­նե­րը, ու կը բաժ­նէ զա­նոնք։ Հե­տե­ւա­բար, մեր հա­մայն­քի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն ներ­հակ ա­ռա­ւե­լա­պաշտ սպա­սում­նե­րով պէտք չէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ներգ­րա­ւել բա­նա­վէ­ճե­րու մէջ։

6- Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մը հա­մընկ­նած է այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ Թուր­քիոյ մէջ վերս­տին սաստ­կա­ցած են ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րը։ Հայ հա­մայնքն ալ ամ­բողջ երկ­րին հետ կը սգայ ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րը եւ նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ դառն լու­րե­րը։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի կտրուած­քով կա­րե­լի է վեր­յի­շել բա­զում օ­րի­նակ­ներ, երբ նման դժուա­րին ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ երկ­րի կարգ մը հա­տուած­նե­րը մութ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով փոր­ձած են որ­պէս թի­րախ ցոյց տալ Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը։ Բա­րե­բախ­տա­բար ա­նոնց մտադ­րու­թիւն­նե­րը չեն ի­րա­կա­նա­ցած նախ հա­սա­րա­կու­թեան գի­տա­կից հա­տուա­ծի դիր­քո­րոշ­ման, ա­պա պե­տու­թեան վե­րա­բեր­մուն­քին շնոր­հիւ։ Յա­մե­նայն­դէպս, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ բո­լոր գոր­ծօն­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով ու­ղար­կած է Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին հաս­ցէագ­րուած նա­մա­կը։

Մեր հա­մայն­քը ու­նի շատ նուրբ դիրք մը, ուս­տի հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը կամ ո­րե­ւէ շրջա­նակ պէտք չէ ձգտի մեր Պատ­րիար­քա­րա­նը իր կող­մը քա­շե­լու եւ կամ ա­նոր իր տե­սա­կէտ­նե­րուն հա­մա­հունչ ուղ­ղու­թիւն մը տա­լու ջան­քեր պէտք չէ գոր­ծադ­րէ։ Մեր Պատ­րիար­քու­թիւ­նը ու­նի հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րու խոր­քէն թո­րած փոր­ձա­ռու­թիւն մը եւ այդ պա­շա­րը ար­դէն ինք­նա­բե­րա­բար լոյս կը սփռէ լուծ­ման ճա­նա­պար­հին վրայ։

Խա­ղա­ղու­թեան ի­տէալ­նե­րը, ճիշդ է, որ միշտ կեան­քի կը կո­չուին շօ­շա­փե­լի զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով։ Ան­վի­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւն մըն է, որ Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը եւ մեր հա­մայն­քը այդ զո­հո­ղու­թիւ­նը կը կա­տա­րեն համ­բե­րու­թեամբ եւ հա­ւա­տով։

- Վա­ղը պի­տի շա­րու­նա­կենք այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016