Ասուլիս - Ա -
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները շաբաթավերջին պաշտօնապէս տեղեկացուցին, թէ 9 Դեկտեմբեր 2015, Չորեքշաբթի, իր երկու միաբանները՝ Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Իսթանպուլ գալով մամլոյ ասուլիս մը սարքած են Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ։ Առաջին միաբանը վարիչն է Անթիլիասի միջեկեղեցական եւ տեղեկատուական բաժանմունքի, իսկ երկրորդը՝ լսատեսողական բաժանմունքի։ Մամլոյ ասուլիսին նիւթը եղած է Սիսի երբեմնի Մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի պահանջով Անթիլիասի կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը։ Ասուլիսի ընթացքին խօսք առած են նաեւ փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլու եւ պատմաբան Թանէր Աքչամ։ Անթիլիասի աղբիւրները Ուաշինկթընի, Ժընեւի եւ Լիբանանի մէջ նախապէս կազմակերպուած ասուլիսներու շղթայի որպէս հերթական օղակը կը ներկայացնեն Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուածը։ Այս գործընթացին մէջ նախատեսուած գրեթէ բոլոր իրադարձութիւններու պարագային Անթիլիասի կողմէ նախապէս հրապարակուած ժամկէտները միշտ կաղացած են լրջօրէն։ Իսթանպուլի այս մամլոյ ասուլիսն ալ ահա տեղի ունեցած է նախապէս հրապարակուած թուականներէն շատ աւելի ուշ, ուր որ է տարեվերջին։ Ասուլիսը այնպիսի թուականի մը զուգադիպած է, որ նոյնիսկ Անթիլիասի պնդումներով արդէն վաղուց Սահմանադրական ատեանը արձակած պէտք է ըլլար իր վճիռը։
Նկատի ունենալով, որ առաջին իսկ օրէն այս դատավարութեան փորձած ենք անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ, իրադարձութիւնը անշուշտ չափազանց կարեւոր է։ Անթիլիասի ներկայացուցիչները Իսթանպուլ փութացած են դատավարութեան մասին իրենց տեսակէտը պարզելու համար։ Մեղք որ հնարաւորութիւն չունեցանք անձամբ հետեւելու, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, հայ մամուլը չէր հրաւիրուած այս մամլոյ ասուլիսին։ Յառաջիկայ օրերուն այս սիւնակին մէջ նիւթի զանազան երեսակներուն շուրջ թէեւ պիտի խորհրդածենք, բայց այս առաջին քայլափոխին կ՚ուզենք հարցնել, թէ արդեօք նախապէս Ուաշինկթընի, Ժընեւի եւ Լիբանանի մէջ կազմակերպուած ասուլիսներուն ալ չէ՞ր հրաւիրուած հայ մամուլը, թէ ոչ Անթիլիասի հայ մամուլի վերաբերեալ պատկերացումները սահմանափակ են միայն կուսակցական օրկաններով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ