ՆՈՐ ՊՈԼՍՈՅ ԱՅԳԱԲԱՑԸ

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քը շա­բա­թա­վեր­ջին իս­թան­պու­լա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր ժա­մադ­րու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պած էր։ «Ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի խաչ­մե­րու­կին» խո­րագ­րով կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կը, ա­ռա­ջին հեր­թին, գիր­քի շնոր­հան­դէս մըն էր։ Խոր­քին մէջ, սա­կայն, շնոր­հան­դէ­սէ մը, մշա­կու­թա­յին ձեռ­նար­կէ մը շատ ա­ւե­լին էր կազ­մա­կեր­պուա­ծը։ «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-100» մա­տե­նա­շա­րէն հրա­տա­րա­կուած ա­ռա­ջին ե­րեք գիր­քե­րուն ծա­նօ­թա­ցու­մը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ շարք մը կա­րե­ւոր հան­գա­մանք­նե­րու քննարկ­ման։

Ակն­յայտ է, որ ներ­կա­յիս ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հին մօտ ան­նա­խըն­թաց հե­տաքրք­րու­թիւն մը ստեղծուած է թրքա­հա­յու­թեան նկատ­մամբ։ Այդ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է զա­նա­զան հան­գա­մանք­նե­րով, ինչ որ բա­զում ե­րանգ­ներ կ՚ա­ւելց­նէ մեր հա­մայն­քի օ­րա­կար­գին վրայ։ Այս­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ Սփիւռ­քէն հրա­ւի­րուած հե­ղի­նա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րու փո­խան­ցած պատ­գա­մը չա­փա­զանց մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ այդ օ­րա­կար­գին շուրջ միտք յոգ­նեց­նե­լու, ա­նոր յստա­կու­թիւն մտցնե­լու եւ հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով հան­րա­յին կար­ծիք պատ­րաս­տե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քին կող­մէ կազ­մա­կերպուած այս ժա­մադ­րու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ար­ժե­ւո­րուե­ցաւ լիու­լի։ Սրա­հին մէջ ներ­կայ էին բա­զում մար­դիկ, ո­րոնք ա­ռա­ջին հեր­թին գրա­սէ­րի, ըն­թեր­ցա­սէ­րի գլխար­կը կը կրէին։ Սա­կայն, ա­նոնց շար­քին էին մեր հա­մայն­քի զա­նա­զան խա­ւերն ու շրջա­նակ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ազ­դու ան­ձեր, ո­րոնց մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուած մտա­յին վար­ժան­քը, վստա­հա­բար, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին կրնայ նե­րազ­դել մեր հա­ւա­քա­կան օ­րա­կար­գի քննար­կում­նե­րուն վրայ։ Սփիւռ­քէն ժա­մա­նած մտա­ւո­րա­կան­նե­րը ե­զա­կի ու շա­հե­կան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան մեր հա­մայն­քին նկատ­մամբ ստեղ­ծուած հե­տաքրք­րու­թեան եւ ա­նոր վե­րա­բե­րեալ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Հիւ­րերն ալ, ի­րենց հեր­թին ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով կը կրէին մտա­ւո­րա­կա­նի գլխար­կը, սա­կայն միայն այդ­քան չէր։ Ա­նոնք ալ բազ­մա­կող­մա­նի ան­հատ­ներ էին, ո­րոնք ու­նին ըն­դու­նա­կու­թիւ­նը Սփիւռ­քի զար­կե­րա­կը զգա­լու եւ հա­ւա­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն շուրջ հո­տա­ռու­թիւն զար­գաց­նե­լու։ Ա­նոնց տե­սան­կիւ­նէն ալ ա­նան­տե­սե­լի նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ նման լսա­րա­նի մը հետ շփու­մը, այդ­պի­սի մթնո­լորտ մը շնչե­լը։

Թէ՛ ներ­քին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու ի­մաս­տով եւ թէ իր­մէ դուրս լծակ­նե­րու վե­րա­բեր­մուն­քին ա­ռու­մով նոր Պո­լիս մը կը ձե­ւա­ւո­րուի ներ­կա­յիս, ան­շուշտ նոր հայ Պո­լիս մը։ Ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի բա­զում գոր­ծօն­ներ այս ե­րե­ւոյ­թի ըն­թաց­քին վրայ կրնան ազ­դել յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Յա­մե­նայն­դէպս, շա­բա­թա­վեր­ջին «Ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի խաչ­մե­րու­կին» ժա­մադ­րուած­նե­րը միաս­նա­բար ող­ջու­նե­ցին նոր Պոլ­սոյ այ­գա­բա­ցը՝ ան­շուշտ գա­ղա­փա­րա­կան հար­թու­թեան վրայ։

​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016