Սպասումներ եւ հարցականներ (ա)

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Արարատ Միրզոյեանի տեսակցութիւնը դիւանագիտական կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր, ինչ որ առանձնացաւ նաեւ ընդհանրապէս Անթալիայի ֆորումի շրջանակին մէջ։

Վերջին անգամ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները շատ երկար ժամանակ առաջ տեսակցած էին՝ ֆութպոլային դիւանագիտութեան եւ Ցիւրիխի ձախողած արձանագրութիւններու ստորագրման շրջանին։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ առաջին անգամ ֆորմել առումով շփում մը տեղի ունեցաւ նախարարներու մակարդակին վրայ։ Թէեւ միջոց մը առաջ Չավուշօղլու եւ Միրզոյեան Սթոքհոլմի մէջ ծանօթացած էին իրարու հետ, սակայն, այդ մէկը չէր որակուած շփում մը կամ տեսակցութիւն մը՝ որպէս այդպիսին, ֆորմել իմաստով։ Նոյնիսկ հաղորդագրութիւն մը չէր հրապարակուած։ Իսկ Անթալիայի ժամադրութիւնը եկաւ գործնականօրէն վերականգնել թէ՛ երկար ժամանակէ ի վեր ընդհատուած շփումը եւ թէ վերահաստատել՝ այժմու բնականոնացման գործընթացի յառաջ մղման ուղղեալ կողմերու քաղաքական կամքը։

Ինչպէս միշտ, Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կը տիրապետեն սպասումներն ու հարցականները։ Թէ ինչպէ՞ս կրնայ աւարտիլ այս անգամուան գործընթացը, անշուշտ, ժամանակը ցոյց պիտի տայ։ Ընթացքին բազում հարցականներու ընդմէջէն կը դիտարկուին հեռանկարները ու կ՚արժեւորուին հաւանականութիւնները։ Թէեւ կարճ ժամանակէ մը ի վեր վերսկսած է բնականոնացման գործընթացը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, սակայն, մեկնարկի եւ այժմու փուլին միջեւ շատ մեծ տարբերութիւններ կան միջազգային անվտանգութեան ճարտարապետութեան եւ տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւններուն բերումով՝ մասնաւորապէս Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022