Խնամատարի դատը
Մութաֆեան Պատրիարքին խնամատար (vasi) մը նշանակելու պահանջով բացուած դատը վերջին օրերուն վերստին կը զբաղեցնէ համայնքին օրակարգը։ Նկատի ունենալով, որ անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած էր դատավարութիւն մը, արձագանգները արդէն շրջանառութեան մէջ են համայնքէն ներս։ Մեր համայնքէն չորս անհատներու կողմէ բացուած դատ մըն է այս մէկը, որուն կը վերագրուի ուռճացուած իմաստ մը՝ հաւանական վարկածներու կամ հեռանկարներու տեսանկիւնէն։ Դատավարութենէն առաջ մամուլին մէջ եղան բազում հրապարակումներ եւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մըն ալ լոյս տեսաւ տիրամայր Մարի Մութաֆեանի ստորագրութեամբ։ Դատական դիմումը կատարած անհատները պահանջած էին, որ տիրամայրը խնամատար նշանակուի պատրիարքին համար։ Իր ստորագրութեամբ մամուլին մէջ լոյս տեսած թրքերէն լուսաբանութեան մէջ ան յստակօրէն տեղեկացուցած էր, որ դատը առանց իր գիտակցութեան եւ հաւանութեան բացուած էր եւ ինք այդպիսի պահանջ մը չունէր։
Հիմա որ դատավարութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ հանրային կարծիքը կը հետեւի իրադարձութիւններուն, ակնյայտօրէն, շատ հետաքրքրական է տիրամայր Մարի Մութաֆեանի դիրքորոշումը։ Դատավարութենէն վերջ մամուլին մէջ իսկապէս զգայացունց տուեալներ տեղ գտած են այդ դատավարութեան ընթացքին իր որդեգրած դիրքորոշման մասին։ Երբ այդ զգայացունց լուրերը համայնքին ուշադրութիւնը լարած է իր վրայ, Մարի Մութաֆեան այս անգամ ալ թերթի մը միջոցաւ հերքման յայտարարութիւններով հանդէս եկած է։ Կարճ խօսքով, բաւական զաւեշտային իրադարձութիւններու կը հետեւի հանրային կարծիքը։ Տիրամայրը յաճախ կը շեշտէ իր յառաջացած տարիքը, ապրած ցաւը ու կ՚ակնարկէ, որ կը փափաքի զերծ մնալ վէճերէ։ Այս պահանջը արդար է, իր բնական իրաւունքը կը համարուի։ Բայց եւ այնպէս, ինք այդ դիրքը կրնայ ապահովել եթէ չհակասէ Պատրիարքարանի որդեգրած ուղիին հետ։ Իսկ այսօր մեր տեսածը այն է, որ տիրամայր Մարի Մութաֆեան «tavşana kaç, tazıya tut»ի ընթացքի մը մէջ է, ինչ որ ծնունդ կու տայ հարցականներու։
Վերջերս հրապարակուած տուեալներուն մէջ ամենահետաքրքրականը այն է, որ իր կամքէն ու նոյնիսկ գիտակցութենէն դուրս բացուած դատի մը համար բողոքելէ վերջ Մարի Մութաֆեան ինչո՞ւ դատարանին մէջ ընդունած է իր պատրիարք որդւոյն համար խնամատար նշանակուիլը։ Չէ՞ որ, պատրիարքին խնամատարը Պատրիարքարանն է։ Եթէ տիրամայրը դէմ էր նման դատի մը բացուելուն, ապա ինչո՞ւ հիմա յօժարած է խնամատար դառնալ, հոգ չէ, թէ զուտ իր որդւոյն անձնական սեփականութան համար։
Տիրամայրը համայնքէն ներս ունի բարոյական դիրք մը։ Պատրիարքարանը արարողակարգային իմաստով բծախնդրութիւն ցոյց կու տայ իրեն նկատմամբ։ Հետեւաբար, Մարի Մութաֆեանի եւ Պատրիարքարանի յարաբերութիւններու ներդաշնակութեան տեսանկիւնէն կասկածայարոյց երեւոյթները նպատակայարմար չեն մեր համայնքին տեսանկիւնէն։ Այստեղ բնականաբար Պատրիարքարանն ալ ունի պատասխանատուութիւններ, Պատրիարքարանին ալ բաժին կը վիճակի միջոցներ ձեռք առնելու տեսանկիւնէն եւ ըստ երեւոյթին այդ առումով ալ կան բացթողումներ։ Պատրիարքարանը նուիրապետական հաստատութիւն մըն է։ Անհատական ազատութիւնները մեր հաւաքական կեանքէն ներս պէտք է լրիւ երաշխաւորուած ըլլան։ Բայց եւ այնպէս, անոնք, որոնք նուիրապետական հաստատութեան մը հնարաւորութիւններէն կ՚օգտուին, ապա փոխարէնը՝ պէտք է չհակադրուին այդ հաստատութեան կամ նման թիւրիմացութիւններ չյառաջացնեն հանրային կարծիքին մօտ։ Վերջին շրջանի իրադարձութիւններէն կարելի է հետեւցնել, որ տիրամայրը բաւարար փորձ կուտակած պէտք է ըլլայ այս ուղղութեամբ։ Արդարեւ, Պատրիարքարանը պէտք է միջոցներ ձեռք առնէ, եթէ անցումային ներկայ բարդ շրջանին կ՚ուզէ կանխել տկարութիւններու տպաւորութիւնները։
Թէ՛ խնամատարի նշանակման համար դատարան դիմած անհատները, թէ՛ տիրամայրը եւ թէ Պատրիարքարանը այս գործընթացին մէջ հեռու են թափանցիկութենէ։ Ընդհանուր անպատասխանատուութեան երեւոյթի մը դէմ յանդիման մնացած է համայնքը։ Այս իրավիճակին մէջ անկեղծութեան եւ արդարութեան փորձաքարն է թափանցիկութիւնը։ Այլապէս, քմահաճ պահանջներով կատարուած նախաձեռնութիւնները եւ անոնց հետեւանքով յառաջանալիք ազդեցութեան պայքարները միայն ու միայն պիտի խորացնեն մեր համայնքին առկայ տխուր ընթացքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ